Հայ տպագրութեան 450-ամեակին առթիւ, հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Պարզատոմար», ցուցադրուած է Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ։

Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերու  կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Յունուար 1-ին, Զաւարեան վարժարանի սրահին մէջ։

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային պար-հաւաքոյթը։ Սրահը որ ծայրէ ծայր լեցուած էր երկսեռ անդամներով ու զանազան շրջաններէ եկած ազգայիններով եւ ընկեր-ընկերուհիներով՝ տօնական օրերու առթիւ շքեղօրէն զարդարուած էր Երիտասարդացի անդամներուն կողմէ։ Օրւան նախագահ ընկեր Խաչիկ

Դեկտեմբերի վերջաւորութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը հաւաքոյթ մը սարքած էր Զաւարեան վարժարանի սրահը։ Հակառակ աննպաստ օդին, ներկաներուն թիւը գոհացուցիչ էր։ Օրուան նախագահ եղբ. Մ. Աջապահեան հաւաքոյթը բանալով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին։ Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեանը որ զեկուցեց Ֆիքսի պասքէթի

Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած համամիութենական երաժշտական տասնօրեայ մրցումին, որուն մասնակցած են 1200 սկսնակ եւ արհեստով երաժիշտներ, մեծ յաջողութիւն ունեցած են Հայաստանի ութ ներկայացուցիչները: