Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 1962, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակին առթիւ, Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է մասնաւոր արարողութիւն:

Հանդիսութեանց նախագահած է Շնորհք պատրիարքը: Ներկայ եղած են պաշտօնական մարմիններ, քոյր համայնքներու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը: Ս. պատարագը մատուցած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Սուրէն արք. Քեմհաճեան: Պոլսոյ երգչախումբերու միացեալ կազմը, ղեկավարութեամբ տոքթ. Տիգրան Մամիկոնեանի, Ս. պատարագը երգած է կոմիտասեան քառաձայնով: Ս. պատարագի վերջաւորութեան, պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ, բոլոր հայ եկեղեցականները շուրջառազգեստ, բեմ բարձրացած են հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու երջանկայիշատակ բոլոր պատրիարքներուն՝ խոր տպաւորութիւն ձգելով ներկաներուն վրայ: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, իր գահին վրայ, օտար անձնաւորութեանց շնորհաւորութիւնները ընդունած է: Այս շնորհաւորութիւններէն ետք, երգչախումբին երգած «Հրաշափառ»-ով ու հանդիսաւոր թափօրով պատրիարք հայրը պատրիարքարան առաջնորդուած է եւ մայր դահլիճին մէջ ընդունած է համայնքային  մարմիններուն շնորհաւորութիւնները: Օրուան նշանակութեան մասին խօսած է պատրիարք հայրը: Պոլսոյ պատրիարքութիւնը հաստատուած է Ֆաթիհ Մեհմեթ սուլթանին օրով, 1461-ին: Փոքր Ասիոյ հայ գաղթականներու առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս, որ Պուրսա կը նստէր, փոխադրուած է Պոլիս եւ եղած է Թուրքիոյ հայոց առաջին պատրիարքը: Պատրիարքարանը սկիզբը հաստատուած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին: 1641-ին վերջնականապէս փոխադրուած է Գումգափու: Թրքահայ իրականութեան մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը իր պատմական գործունէութեամբ: Մինչեւ հիմա Պոլսոյ պատրիարքութիւնը ունեցած է 81 պատրիարքներ: