Այս տարի եւս, խուռներամ բազմութեան ներկայութեան տօնակատարուեցաւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Օր»ը։

Կիրակի օր, Նոյեմբեր 4-ին, կ. ե. ժամը 6-ին, Զաւարեան սրահը լեցուած էր ընկերներու եւ համակիրներու խումբերով, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու կուսակցութեան մը, որ ամբողջ 72 տարի շարունակ գործած է իր ժողովուրդին համար եւ այսօր՝ աւելի քան երբեք երիտասարդ եւ ուժեղ՝ կը տօնէ իր 72-րդ տարեդարձը համազգային խանդավառութեամբ։ Բեմին ճակատը կը ծածանէին յունական եւ հայկական դրօշները, իսկ մեծ գիրերով պաստառ մը՝ «Յարգանք Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72-րդ տարեդարձին» զետեղուած էր ճիշդ անոնց ներքեւ։ Երիտասարդացի երգչախումբը երգեց «Մեր Հայրենիք»ը։ Խորանին մէջտեղ, նուիրական եռագոյնով երիզուած ու հսկայ շրջանակի մէջ զետեղուած էին Դաշնակցութեան երրորդութեան նկարները։ Օրուան նախագահ ընկ. Կարօ Մինասեան բացումը կատարեց ձեռնարկին։ Յետոյ, արտասանութիւններ կատարեցին ընկ. Յարութիւն Սարաճեան, եւ ընկ. Սոնա Պէօրէքճեան։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի կողմէ գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Արա Մանկոյեան։ Ընկ. Սարաճեան բեմին ետեւէն կը կարդար ոգեշունչ կտորներ։ Երգչախումբը երգեց ազգային եւ յեղափոխական երգեր ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ։ Յաջորդաբար բեմ բարձրացաւ  Կարապետ Գալֆայեան, որ ներկայացուց Դաշնակցութեան 72ամեայ գործունէութեան եւ անոր յեղափոխական պայքարի գլխաւոր հանգրուանները։ Կարճ դադարէ մը վերջ, Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Սերոբ» խումբի տղաքը՝ ղեկավարութեամբ ընկ. Կարպիս Մարկոսեանի ներկայացուցին Ա. Ահարոնեանի «Խայը» թատերականը։ Պատանի ընկերներ Պերճ Գզիրեան, Սուրէն Սափրիչեան, եւ Արմենակ Կէօվտէրէլեան յաջողապէս տարին իրենց դերերը՝ արժանանալով ջերմ ծափերու։ «Յառաջ Նահատակ»ով փակուեցաւ հանդէսը, եւ ժողովուրդը վերըստին Դաշնակցութեան շունչով լեցուած՝ մեկնեցաւ սրահէն։