Պոլսահայ եկեղեցասէր եւ հաւատացեալ այրի կին մը, յայտնած է թէ կը փափաքի հարիւր հազար ոսկի արժողութեամբ իր մէկ կալուածը նուիրել Ս. Յովհաննէս եկեղեցիին, որուն առջեւ ուխտ մը կատարած էր որ այժմ իրականացած է։

Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը, իսկապէս գովելի գաղափարը ունեցած էր զուտ անդամական հաւաքոյթ մը կազմակերպելու՝ ի պատիւ վաստակաւոր ուսուցիչ պրն. Զաքար Զաքարեանի։

Վերջերս Հայաստան այցելած են անգլիացի գրագէտ մը՝ Ճոն Փրեսթլի եւ իր կինը՝ Ճ. Հոքսի, «Օպզըրվըր» թերթի հնագիտական բաժնի թղթակիցը:

Մոսկուայի հռչակաւոր Պոլշոյ թատրոնի պարախումբը, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Օփերայի սրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցած է աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի Սպարտակ պալէն,

Աւետիք Իսահակեանի մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ Երեւանի պանթէոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր դամբանին վրայ հաստատուած որձաքարէ կիսանդրիին, գործ՝ քանդակագործ Ս. Բաղդասարեանի: