Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 1962, Ն. Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի յուշարձաններու բացման շքեղ հանդէսը, արժանավայել կերպով, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի:

Հանդէսը կազմակերպուած էր Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Կեդր. վարչութեան եւ Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի Շրջանային միութեան կողմէ: Ճեմարանականներ, Համազգայինի անդամներ եւ մեծանուն ընկերներու յիշատակը յարգողներ լեցուցած էին սրահը: Կազմակերպիչ մարմիններուն կողմէ հանդէսին բացումը կատարեց Եղիկ Գոնեալեան:   Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Կարօ Սասունին։ Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, ճեմարանաւարտ, ոգեկոչելու համար Լեւոն Շանթի յիշատակը: Բ. Փափազեան հոյակապ վերլուծումով եւ ճառախօսելու պերճախօս շնորհով յաջողեցաւ յստակ կերպով ներկայացնել Լեւոն Շանթը: Նախագահ Կ. Սասունի հանդէսը փակուած յայտարարեց եւ հրաւիրեց ներկաները բակ, ճեմարանի թիւ 1 շէնքի դիմաց, Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի յուշարձաններուն պաշտօնական բացման ներկայ գտնուելու: Տպաւորիչ էր պահը, երբ Կ. Սասունիի Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Վահէ Սէթեանին առաջարկեց բանալ քողը Լ. Շանթի յուշարձանին: Ն. Աղբալեանի յուշարձանին քողը բացաւ ճեմարանի փոխ տնօրէններէն, ճեմարանաւարտ բանաստեղծ Մ. Իշխան:

Տիթրոյթ.- Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրուան տօ նակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 1962,  հայ կեդրոնի ընդարձակ սրահին մէջ, որ կը յորդէր ներկաներու բազմութեամբ: Երէց թէ երիտասարդ, երկսեռ հոծ թիւ մը հանդիսականներու, կանուխէն լեցուցած էր սրահը, ուր տեղի ունեցաւ նախ ճաշկերոյթը, ապա տօնակատարութիւնը՝ բացառիկ շուքով եւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ: Մօտ 500 հոգի մասնակցեցաւ ճաշկերոյթին, ապա սրահը բերնէ բերան լեցնող հաւատաւոր ընկերներու, համակիրներու եւ բարեկամներու ներկայութեան գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Մոմավառութենէ գոյացաւ 1050 տոլար: