Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կեդրոնական խնամակալ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ժոզէ տը Փերտիկաօ եւ հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպէր Կիւլպէնկեան, իրենց կիներով,  քանի մը ազգային վարժարաններու այցելութիւն տալէ ետք, կէսօրին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ ճաշի հիւրը եղան Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:

 Ճաշէն ետք փոխ վարչապետ Ֆիլիփ Պուլոս ֆրանսերէնով լեզուով գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց՝ դրուատելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կատարած օգտակար դերը եւ իբրեւ գնահատանք Լիբանանի հայ համայնքին իր ունեցած կարեւոր օժանդակութիւններուն, յանուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի, Մայրիներու ազգային  կարգի հրամանատարի բարձր շքանշանով պարգեւատրեց տոքթ. Ժոզէ Տը Փերտիկաոն, իսկ  մայրիներու ազգային կարգի սպայի շքանշանով Ռոպէր Կիւլպէնկեանը: Վեհափառին յանձնեց Մայրիներու ու ազգային կարգի սպայի շքանըշան մը ուղարկելու համար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնական խնամակալ վարչութեան անդամ Գէորգ Եսայեանին: Վեհափառը բաժակ առաջարկեց նախագահ Ֆուատ Շեհապի կենացը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրման համար: Տոքթ. Ժոզէ տը Փերտիկաօ շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդաց ֆրանսերէնով եւ բաժակ առաջարկեց հանրապետութեան նախագահին կենացը: Յարգելի հիւրերը վեհափառ հօր հետ խորհրդակցութիւն մը ունենալէ ետք, ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ բուժարանի խնամակալ վարչութեան անդամներուն, այցելութեան գացին Ազունիէ:

Հայաստանի նորահաս տաղանդաւոր երգահաններէն Առնօ Բաբաջանեան Պուլկարիա այցելած  եւ իր կարգ մը գործերը, զանազան համերգներու ընթացքին։ Հայ երգահանը Սոֆիայի մեծ սրահներէն մէկուն մէջ անձամբ նուագած է իր «Հերոծական գեղօն դաշնակի եւ նուագախումբի» երկին դաշնակի բաժինը, ինչպէս նաեւ իր ինքնատիպ գործերէն երկու կտոր եւս, տպաւորելով ունկնդիրներու բազմութիւնը։