Բիրէայի Ժան Տ' Արք ֆրանսական աղջկանց վարժարանը կը յաճախեն տասնի մօտ հայուհիներ, որոնք բոլորն ալ թէ իրենց աշխատասիրութեամբ եւ թէ՛ իրենց վարք ու բարքով հայու անունը բարձր կը բռնեն 800ի հասնող ուսանողութեան մէջ։

Ըստ վարժարանի աւանդական սովորութեան, Մարտ 25ի եւ Հոկտեմբեր 28ի Ազգային տօներու եւ տողանցքներու ընթացքին, վարժարանի դրօշակիրը կ'ըլլայ բարձրագոյն դասարանին մէջ առաջին հանդիսացող ուսանողուհին։ Այս տարի, Հոկտեմբեր 28ի առթիւ տեղի ունեցած տողանցքի դրօշակիրը եղած է ընկ. Սոնա Պէօրէքճեան, որ առաջին հանդիսացած է թէ՛ ֆրանսերէնի եւ թէ՛ յունարէնի մէջ եւ արժանացած մրցանակի։ Ընկ. Պէօրէկճեան կրտսեր աղջիկն է  մեր ընկերներէն Յակոբ եւ Նուարդ Պէօրէկճեաններու եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ մեր բոլոր ձեռնարկներուն իբրեւ արտասանող եւ Համազգայինի երգչախումբի անդամ։ Ժան Տ' Արք վարժարանի առաջին դասարանին մէջ ալ առաջին հանդիսացած են՝ Վերժին Արապեան եւ Եւա Չալըքեան, զաւակները՝ Գոքինիոյ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Տիրան Արապեանի եւ տէր եւ տիկին Վարդան Չալըքեանի։ Սոնա, Վերժին եւ Եւա Զաւարեան Ազգ. Միացեալ վարժարանի շրջանաւարտներ են։

Գ. Առաքելեան, «Փրաւտա»ի Երեւանի թղթակիցը կը մատնանշէ հրատապ հարց մը՝ մանկամսուրներու սուր տագնապը Հայաստանի մէջ։ «Բաւական է ըսել, որ վերջին տասը տարիներուն մանկապարտէզներու եւ մսուրներու շինութեան ծրագիրները իրագործուած են 27էն մինչեւ 50 տոկոսով միայն»։ Իսկ այս տարուան շինարարութեան ընթացքը, լուրջ երկիւղ կը պատճառէ։ Արդարեւ, «ծրագրուած էր շահագործման յանձնել 39 մանկարպատէզ եւ մսուր։ Անոնցմէ 18 արդէն պէտք է լրացած ըլլային, սակայն ութ ամիսներու ընթացքին շինուած է միայն հիգն հատը», կը գրէ Գ. Առաքելեան։