Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Օր»ուան տօնակատարութեան առիթով «Ազատ Օր»ին մէջ լոյս կը տեսնէ հետեւեալ նշմարը, ստորագրուած Կ. Մ.ի կողմէ.-

Վաղը, Կիրակի Յունաստանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Երիտասարդացը կը տօնէ իր «Օր»ը։ Ի՞նչ է Երիտասարդացի նպատակը։ Երիտասարդացի նպատակն է մեր երկսեռ պատանի եւ երիտասարդները հաւաքել խումբերու մէջ, ուր անոնք կ'ունենան դասախօսական եւ վիճաբանական ժողովներ, կը կատարեն ընթերցումներ, կը մասնակցին՝ երգչախումբի, թատերական ներկայացումներու, կը կազմակերպեն՝ պտոյտներ, հաւաքոյթներ եւ ուրիշ զանազան ձեռնարկներ։ Երիտասարդներուն կը ներշնչուի կարգապահութեան եւ զոհողութեան ոգին, ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը եւ հայրենիքի սէրը։ Երիտասարդացի խումբեր գոյութիւն ունին ամէն տեղ - Ամերիկա, Ֆրանսա, Եգիպտոս, Լիբանան եւ այլուր, հազարաւոր անդամներով։ Հին տարիներուն, երիտասարդական մարտական խումբերը կուրծք կուտային թշնամիի գրոհներուն, այսօր, երիտասարդական խումբերը կը պայքարին այլասերման եւ ուծացման դէմ։ Կ'ապրինք օտար հորիզոններու տակ, ենթակայ զանազան ազդեցութեանց, որոնց դէմ դժուար է պայքարը։ Հակառակ օտար հորիզոններու տակ, ենթակայ զանազան ազդեցութեանց, որոնց դէմ դժուար է պայքարը։ Հակառակ այս դժուարութեանց՝ քառասուն տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի մէջ կը շարունակուի գոյատեւման պայքարը։ Հիները հետզհետէ կը մեկնին՝ իրենց տեղերը ձգելով նորահաս ուժերուն։ Երիտասարդացի խումբերը մեր նորահաս սերունդին համար երկրորդական վարժարանի դեր կը կատարեն այն երկիրներուն մէջ ուր հայկական երկրորդական վարժարաններ չկան։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Օր»ուան առթիւ, կոչ կ'ընենք յունահայ երիտասարդութեան՝ որ գայ միանալու Երիտասարդացի խումբերուն, իր բաժինը բերելու համար գոյատեւման պայքարին։