Տիգրանակերտի մէջ 2000 հայեր կան, բայց  քահանայ չունին. Սասունցի երիտասարդ՝ Շաւարշ քհնյ. Պալըմեան հետեւեալ յուզիչ տեղեկութիւնները կու տայ Տիգրանակերտի հայութեան մասին.- Տիգրանակերտը ներկայիս երկու հարիւր տուն, աւելի քան երկու հազարի մօտ հայութիւն ունի: Ժողովուրդը առեւտուրով, արհեստներով, վաճառականութիւնով եւ հողագործութեամբ կը զբաղի: Հարուստներ չկան: Մեծամասնութիւնը բարեկեցիկ է: Յիսուն տունի չափ կարօտ աղքատներ կան, որոնց եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ ամէն օգնութիւն կ՛ըլլայ: Ժողովուրդը մեծով պզտիկով հաւատացեալ եւ ժամասէր է, օրէնքներու ու աւանդութեանց հաւատարիմ: Հայերու մեծագոյն ցաւը քահանայի պակասութիւնն է: Եթէ մնայուն քահանայ մը ունենան, աշխարհիկ հոգերը իրենց համար արժէք մը պիտի չունենան: Անոնք այն խորունկ հաւատքը ունին, որ երբ տէր հայրը իրենց սեղանը օրհնէ, իրենց տունը Աստուծոյ բարիքներով կը լեցուի: Կը փափաքին, որպէսզի քահանան գայ իրենց հետ ճաշէ, իրենց խօսի, օրէնքի-կրօնի մասին իրենց բացատրութիւններ տայ: Իրենց ամէն մէկ ուրախութեան ու տրտմութեան, սիրոյ ու հոգեճաշի սեղաններուն տէր պապան ներկայ ըլլայ: Հին աւանդութեան համաձայն, նախ այրերը կը ճաշեն, եւ ապա՝ կիները: Առհասարակ տուներու մէջ նահապետական սովորութիւնով կը ճաշեն: Գետինը լայն ծածկոց մը կը փռեն, անոր վրայ մեծ ու կլոր ափսէի մը վրայ կերակուրները կը շարեն եւ անոր շուրջ բոլորուելով՝ կը ճաշեն: Ժողովուրդը մեծով եւ պզտիկով «նիւթապաշտ քահանայէն» կը խորշին: Բայց իրենց յարգանքի պարտականութեան մէջ ալ պակասութիւն չեն ըներ: Անոնք ուշադրութիւն կ՛ընեն, որպէսզի «գաւառացիները կոշտ են» ըսել չտան: Այսօր այս ազնիւ ժողովուրդը հոգեւորապէս որբ է: Հոգեւոր մխիթարութեան կարօտը կը քաշէ: - Վա՜յ մեզ, եղո՜ւկ մեզ, վա՜յ, վա՛յ, անտէր մնացեր ենք: Տէրը ինք ողորմի մեզ, բարի հովիւ մը ղրկէ մեզի: Մեզի հետ չոր հաց ուտէ, մենք ալ իր ետին կենանք՝ աղօթենք: Տէրը իր լոյս հաւատքէն չզրկէ մեզ եւ իր փառաւոր արքայութեան արժանացնէ, կ՛աղերսէ հաւատաւոր ժողովուրդը...»: