Աղթամարի Տաճարը՝ հայկական ճարտարապետութեան այս գոհարը կը գտնուի Վանայ լիճին մէջ, Աղթամար կղզիին վրայ: Այս կղզին շատ հին ժամանակներէն ի վեր նկատուած էր պատերազմական անառիկ վայր եւ հետեւաբար՝ իշխաններու բնակավայր: Արծրունի Գագիկ թագաւորը 10-րդ դարուն ուշադրութիւն դարձուց այս կղզիին վրայ եւ բազմաթիւ շինութիւններով մեծ կարեւորութիւն ընծայեց անոր: Թովմա Արծրունի պատմագիրը մանրամասնօրէն գրած է Գագիկ Արծրունի թագաւորին շինարարութիւններուն մասին: Համաձայն Թովմա Արծրունիի, բացի Վասպուրականէն, երկրին զանազան կողմերը ամրոցներ, պարիսպներ եւ եկեղեցիներ շինեց: Ինչ կը վերաբերի Աղթամար կղզիին, նկատելով, որ ան անառիկ ապաստանարան էր թշնամիներու յարձակումներուն դէմ, հոն շինեց պարիսպներ եւ նաւահանգիստ մը՝ ալեկոծ օդերուն համար: Գագիկ թագաւոր կղզին կը զարդարէ գեղեցիկ շէնքերով, ճանապարհներով եւ այգիներով: Այսպիսով կղզին իր ժողովուրդին համար ապաստանարան քաղաքի վերածելէ ետք, օգտուելով իր ձեռքին տակ գտնուող բանուորներէն եւ արհեստաւորներէն, կը հրամայէ իր ճարտարապետին՝ Մանուէլին, որպէսզի իրեն արքայական տաճար մը շինէ: Տաճարը պիտի ունենար 40 կանգուն երկայնութիւն 40 կանգուն լայնութիւն եւ նոյնչափ բարձրութիւն: Տաճարը կառուցուեցաւ 915-921 թուականներուն, անիկա ահեղ եւ զարմանալի տեսք ունէր, պատերը երեք քայլաչափ հաստութիւն ունէին: Տաճարը այնքան բարձր էր, որ մարդիկ ստիպուած էին իրենց գլխարկը հանել գմբէթի մէջի նկարները կարենալ դիտելու համար: Տաճարը ունէր նկարազարդ խորաններ, նկարներուն մէջ կային ոսկեզարդ գահեր, որուն վրայ նստած էր արքան՝ շրջապատուած սպասաւորող պատանիներով: Անոնց հետ կային նաեւ գուսաններու խումբեր, պարող աղջիկներու խաղեր, ըմբշամարտերու կռիւներ, առիւծներ, ուրիշ գազաններ եւ թռչուններ: Գագիկ եկեղեցիի համար քարերը բերել տուած էր հեռաւոր գիւղէ մը: Այդ քարերը կը պատկանէին հին ժողովուրդի մը ամրոցին: Գագիկ գրաւեց եւ քանդել տուաւ ամրոցը եւ քարերը ծովու վրայով բերել տուաւ Աղթամար՝ եկեղեցին շինելու համար: