Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Գոքինիոյ "Աղբիւր Սերոբ" Պատանեկան խումբի ընկերները, վերջերս հրատարակել սկսան «Հայորդիներ» անունով (բազմատիպ) պարբերական մը, կը գրէ Յ. Մեքթուպճեան։
Հրատարակիչները՝ ոչ գրագէտներ են, ոչ մտաւորականներ եւ կարելի է ըսել թէ ոչ իսկ հարկ եղած տարրական պատրաստութիւնը ունին այդ մարզին մէջ։ Սակայն, ունին կամք, եռանդ եւ օգտակար գործ մը կատարելու ձգտումը։ Ես բացարձակապէս վստահ եմ որ, անոնք պիտի յաջողին լիապէս, եթէ շարունակեն նոյն եռանդով աշխատիլ եւ յառաջդիմել։ Պարբերաթերթին առաջին թիւը գոհացուցիչ էր եւ գնահատուեցաւ թէ Երիտասարդացի անդամներուն եւ թէ հասարակութեան կողմէ։ «Հայորդիներ»ու երկրորդ թիւը աւելի ներկայանալի է ամէն տեսակէտով։ Ուրախութեամբ ստուգեցի որ, մասնաւորաբար պատանիներուն գրածները կը ձգտին ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան սուրբ նշանաբանին։ Ազնիւ մրցակցութեան, բարի նախանձի եւ տեւական յառաջդիմութեան մասին իրենց գրածները եւս գրաւական մըն են որ, «Հայորդիներ»ը պիտի շարունակեն հրատարակուիլ եւ շուտով պիտի դառնան յունահայ երիտասարդութեան ինչպէս նաեւ ընտանիքներու փնտռուած պարբերականը։ Անկեղծօրէն կը շնորհաւորեմ պատանի հրատարակիչները, իրենց այս գեղեցիկ գործին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ իրենց։
Այս տարի պիտի տօնուի Սայաթ-Նովայի ծննդեան 250-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Ս. Միութեան մէջ շրջաբերութեան դրուած է բանաստեղծ-աշուղին դիմանկարով նամակադրոշմ մը։ Նկարին հեղինակն է՝ Հրաչեայ Ռուխկեան, որ Սայաթ-Նովան ներկայացուցած է մէկ ձեռքին մէջ քամանջան, իսկ միւս ձեռքին մէջ գրիչ մը բռնած։
Երեւանի մէջ գումարուած Անդրկովկասի դի¬
ւանատուներու աշխատողներուն խորհըրդաժողովը որոշեր է, ի մէջ այլոց, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ցրուած հայ ժողովուրդին պատմութեան վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերը կեդրոնացնել Երեւան։