Նոր Տարիի առթիւ, այս տարի ալ Պոլսոյ Պատրիարքարանը մամուլին յանձնած է պաշտօնական տեղեկատուութիւն մը, գլխաւոր գիծերու մէջ ներկայացնելով իր մէկ տարուան գործունէութիւնը։ Ստորեւ կուտանք առաջին հաղորդագրութեան կարեւոր մասերը.-
Անցնող 15 ամիսներու ընթացքին, ունեցած ենք Կրօնական ժողովի 17 նիստեր եւ զբաղած ենք մեր համայնքի զուտ կրօնական հարցերով։ Կրօնական Ժողովի գլխաւոր ձեռնարկը եղաւ վերջերս հաստատել Շարականի եւ Ձայնագրութեան ուսուցման դասընթացք մը, որ այժմ բարւոք ընթացքի մէջ է։ Ունեցանք լոկ մէկ քահանայական ձեռնադրութիւն Թոփգափուի Ս. Նիկոռայոս եկեղեցիին վրայ, յանձին Տ. Ատոմ քահանայի։ Մեր հոգեւորականներէն մէկը, Տ. Մամիկոն քահանայ Ոսկեան, Ամերիկահայոց Առաջնորդարանի խնդրանքով եւ մեր արտօնութեամբ մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ։ Իսկ Տ. Խոսրով վարդապետ Էմիրզէեան, դպրեվանքի նախնական շրջանի սաներէն մին, որ իր ուսմունքը կատարեց Անթիլիասի դպրեվանքի մէջ, իբրեւ թրքահպատակ՝ ընդունուեցաւ ծառայելու մեր համայնքին մէջ։ Այնպէս որ այժմ մեր պատրիարքութեան հովանիին տակ ծառայող հոգեւորականներու դասը բաղկացած է երեք կուսակրօն հոգեւորականներէ, ¥որոնցմէ մին անդամ է Երուսաղէմի սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, միւսը՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, իսկ երրորդը՝ մեր պատրիարքութեան¤ եւ 33 ամուսնացեալ քահանայ հայրերէ, որոնցմէ հինգը հանգստեան կոչուած են յառաջացեալ տարիքի բերումով։ Գաւառի մէջ ի Կեսարիա բարւոք պաշտօնավարութեան մէջ է Տ. Հայկազուն Ա. քահանայ։ Հաթայ եւս ունի իր հոգեւոր հովիւը. իսկ Տիարպեքիրի քահանան հիւանդութեան պատճառաւ աստ հանգստեան կոչուած է։ Կարեւոր այս պաշտօնը առ այժմ կը լեցուի այցելու հովիւներով, մինչեւ որ յարմար քահանայացու մը գտնենք մեր այս մեծկակ գաւառական համայնքին համար։ Իսկ Անատոլուի մէջ այլուր ցրիւ եկած մեր հօտի բեկորներուն հոգեւոր մատակարարութեան նուիրական գործը կը լրացուի պարբերաբար այցելող հովիւներու դրութեամբ։