Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ.- Այս  առաւօտ ցաւով տեղեկացանք թէ՝ Սկիւտարի մէջ կառգ մը անծանօթներ երէկ գիշեր քանդած են Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիի պատուհանի երկաթեայ վանդակները եւ գողցած են մայր սեղանին վրայ գտնուող Ս. Խաչ մասունքը եւ կողոպտած եկեղեցւոյ գանձանակները։

Կողոպտիչները վար առած են նաեւ Խնդրակատարը, բայց չեն գողցած անոր վրայ գտնուող արծաթեայ մասերը։ Դէպքը անմիջապէս ոստիկանութեան հաղորդուած ըլլալով, Տ. Շահան Ծ. Վրդ. Սվաճեանի եւ թաղականներուն ներկայութեան ոստիկանները սկսած են անհրաժեշտ քննութիւններուն։ Լուրը անմիջապէս տարածուեցաւ Սկիւտարի մէջ եւ մեծ ցաւ պատճառեց բոլորին։


Թուրքիոյ հայոց Շնորհք Պատրիարքի հովանաւորութեան ներեքեւ, Կ. Պոլսոյ Սարայ սինեմայի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ  հայոց պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակին նուիրուած վերջին հանդէսը՝ ի ներկայութեան հոծ բազմութեան մը։ Հանդէսը սկսած է «Մամիկոնեան» երգչախումբի համերգով, որ ընդհանրապէս երգած է կոմիտասեան երգեր։ Հայկական եւ եւրոպական երգերու փունջ մը ներկայացուցած է երգչուհի տիկին Ալիս Մանուկեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վարուժան Ասլանեանի։ Երեկոյթի երրորդ մասին մէջ երգուած են՝ Կանաչեանի «Կարօտը», «Գարուն եկաւ»ը, «Նարօ ճան»ը։ Այս համերգ-երեկոյթով վերջ գտած է 500-ամեակի հանդիսութիւններուն աշխարհիկ մասը։ Իսկ Կիրակի օր, Սամաթիոյ Ս. Գէրոգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է 500-ամեակի վերջին պատարագը։

 

«Միլիէթ» թերթը հրատարակած է Անգարայէն ստացուած կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Զեւս» հրթիռի խարիսխները քանդելու պատճառը այն է որ, այս հրթիռները այլեւս հինցած կը նկատուին եւ անոնց խարիսխները պահուիլ չեն կրնար։ Թերթը կþաւելցնէ թէ՝ անոնց տեղ՝ Թուրքիոյ պիտի տրուին ծանր ռմբաձիգ սաւառնակներ եւ «Փոլարիս» հրթիռներ արձակող սուզանաւեր։