Համաշխարհային մամուլը եւ Ամերիկայի պետական շրջանակներ, խոր յոզումով արձագանգ հանդիսացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. շնորհազարդ Կաթողիկոսի վախճանման:

(Շար.)

Բազմահազար հաւատացեալներ Պէյրութի  բոլոր շրջաններէն այցելեցին Ս. Նշան մայր եկեղեցին, չորս օրուայ ընթացքին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելու համար Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:

Տառապագին ժամեր անցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Կաթողիկոս Զարեհ Ա., կուրծքի ծանր ցաւերով: Անխուսափելի վախճանը եկաւ 20 Փետրուար առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Արուեստական միջավայրերու մէջ բոյսերու  մշակման սարք խորագրին տակ Ռ. Յակոբեան յօդուած մը հրատարակած է խորհրդային ամսագրի մը մէջ։

Բանաստեղծուհի Ս. Կապուտիկեան ժամանեց Գահիրէի օդանաւակայանը, ուր ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ հայ համայնքի բոլոր խաւերու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ապա առաջնորդուեցաւ Սեմիրամիս պանդոկը, ուր պիտի մնայ Գահիրէ իր բնակութեան ընթացքին։ Նոյն երեկոյեան