1963-1967 լոյս պիտի տեսնեն ութ հատորներ՝ Գամառ-Քաթիպայի (Ռաֆայէլ Պատկանեան) գործերուն նուիրուած:

Աթէնքի Ընդհ. Ապահովութեան սպասարկութիւնը երեւան հանած է կեղծարարներու խմբակ մը, որ գաղտնի տպարան մը հաստատած էր եւ 25 տարիէ ի վեր 5, 10, 20, եւ 100 տրախմինոց կեղծ դրոշմաթուղթեր կը տպագրէր եւ իր մարդոց միջոցով, արժէքին կէս գինով ծախելով՝ միլիոններու վնաս կը հասցնէր պետութեան։

Փարիզի մէջ Հայ Մշակոյթի Տան Սողոմոն Թեհլիրեան սրահին մէջ, Հ. Յ. Դ. «Փոթորիկ» խումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան 42-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։ Օրուան նախագահ ընկ. Սուրէն Փափազեան հրաւիրեց ներկաները մէկ

Գալիֆորնիա ժամանած է ընկ. Սիմոն Վրացեան եւ Փետրուար 10-ին խօսած է Փետրուարեան ապստամբութան տօնակատարութեան, որուն նախաձեռնակ եղած է «Հայկ. Դատի Յանձնախումբը»։

Երեւան նկարատետրը կը պարունակէ գունաւոր 34 նկարներ, որոնց իւրաքանչիւրին ետեւ բացատրութիւններ գրուած են, հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն լեզուներով։