98 տարի առաջ, 1914ի Նոյեմբեր 5ի այս օրը, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որուն իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն մտած էր Առաջին Աշխարհամարտին մէջ՝ Գերմանիոյ եւ անոր զինակից Կեդրոնի ուժերուն շարքին դիրք բռնելով։


Իր կարգին Ռուսաստանը, որ Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ հետ զինակցաբար Դաշնակից ուժերը գլխաւորող մեծապետական ուժն էր, երեք օր առաջ՝ 2 Նոյեմբեր 1914ին, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած էր Թուրքիոյ դէմ, որ 28 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս պատերազմի փող հնչեցուցած էր Ցարական Կայսրութեան դէմ։
Շղթայակապ իրարու հետեւած պատերազմի պաշտօնական այդ յայտարարութիւնները, երբ խնդրոյ առարկայ պետութիւնները իրողապէս պատերազմի մէջ էին արդէն իրարու դէմ, բարացուցական նշանակութիւն ունեցան Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումն ու արագընթաց ծաւալումը բացատրելու առումով։
Աշխարհամարտը կանխած ժամանակաշրջանը, աւելի քան երեք տասնամեակ, անընդհատ սրած էր հակասութիւնները Հին Աշխարհին ճակատագիրը ըստ կամս տնօրինող մեծ տէրութեանց միջեւ։
Պարբերաբար բռնկած էին տեղական բնոյթի պատերազմներ, որոնք հինէն եկած վէճերը հարթելու փոխարէն՝ անլոյծ մնացած հարցերու գորդեան հանգոյց մը առաջացուցած էին Հին Աշխարհի տարածքին՝ ազգային ազատագրութեան կռիւներու խարոյկը վառելով Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Պալքաններ։
Յատկապէս Պալքանեան թերակղզիին մէջ, 1913ի պատերազմը ծանրագոյն հարուած հասցուց Եւրոպական մեծ տէրութիւններէն երկու միապետութեանց՝ Աւստրօհունգար եւ Օսմանեան կայսրութեանց, զանոնք թաւալգլոր անկումի մատնելով։
Նոյն Պալքաններէն ալ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը 28 Յունիս 1914ին, երբ սերպ ազգայնական յեղափոխական մը ահաբեկեց Աւստրօհունգար կայսրութեան գահաժառանգ Ֆերտինանտ իշխանը։ Գահաժառանգի ահաբեկումին անմիջապէս հետեւեցան պարագայական ռազմական ընդհարումներ, որոնք ախտանշանն էին տասնամեակներով կուտակուած Հին Աշխարհի հակասութիւնները՝ գաղթատիրական մրցապայքարը զինու զօրութեամբ լուծելու մեծապետական հիւանդութեան։
Հակադիր ճամբարներու՝ Կեդրոնի եւ Դաշնակից ուժերու վերածուած Եւրոպական վեց մեծ պետութիւններուն միջեւ սկսած իրողական պատերազմը շուտով եւ պաշտօնապէս արիւնոտ իր ջաղացքին մէջ առաւ ատենի 52 պետութիւններէն 35ը, աւելի քան 70 միլիոն զինուոր հաշուող բանակներ իրարու դէմ կռուի դաշտ նետելով եւ 15 միլիոն զոհ խլելով։
Հայ մարդուն յատկապէս կը յուզէ Առաջին Աշխարհամարտի ողբերգական ընթացքը այսպէս կոչուած Արեւելեան Ճակատին վրայ, ուր իթթիհատական եռապետութիւնը (Էնվեր, Թալաաթ եւ Ճեմալ) 2 Օգոստոսին Գերմանիոյ հետ ստորագրեց զինակցութեան գաղտնի համաձայնագիր մը եւ գործնապէս միացաւ Աշխարհամարտին, առանց որ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարէ Դաշնակիցներուն դէմ։
Թէեւ 98 երկար տարիներ անցած են այդ ժամանակներէն ասդին, բայց պատմութիւնը այժմէական դասերու ամբողջ շարք մը արձանագրած է թէ՛ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, թէ՛ անոր հետեւած անմիջական կամ ապագայ հանգրուաններուն, թըրքական պետութեան որդեգրած կողնորոշումներուն ու անպատիժ գործած ոճիրներուն վերաբերեալ։
Պատմական այդ դասերու շարքին յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայկական Հարցին նկատմամբ մեծապետական աշխարհի ցուցաբերած վերաբերումին ախտաճանաչումը։ Հայկական Ցեղասպանութեամբ սկսած, բուն Հայաստանի աւելի քան երկու երրորդին բռնագրաւումով խորացած եւ մինչեւ մեր օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումով ու Հայասպանութեան մերկապարանոց ուրացումով շարունակուող թրքական հայամերժ քաղաքականութիւնը շարունակ արժանացաւ մեծապետական աշխարհի ծածուկ կամ բացայայտ մեղսակցութեան։
Այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ 1913ի Պալքանեան պատերազմին անփառունակ պարտութիւն կրած եւ Պալքաններէն վերջնականապէս զրկուած Օսմանեան Կայսրութիւնը 1914ին կը գտնուէր կենաց¬մահու կռիւ մղող մեծ պետութեան մը կացութեան մէջ։ Կը դիմագրաւէր ամբողջական կազմալուծման ու քայքայման ստոյգ օրհասը, բայց դարաւոր իր կայսերապաշտութենէն հրաժարելու եւ արմատական բարեկարգումներ կատարելու փոխարէն՝ ամէն միջոցի դիմեց թրքակեդրոն միջնաբերդ մը ստեղծելու եւ զայն «ազգային մաքրագործումներով»... ամրա-               պնդելու համար։
Կայսերապետական ազգայնամոլութեամբ կուրացած թուրք պետական մտածողութիւնը, ծանրօրէն խոցուած կատաղի գազանի մը նման, իր ներքին ամրութիւնը ապահովելու կոչուած ռազմավարական «երաշխիք» մը նկատեց արեւելեան նահանգներու եւ Կիլիկիոյ հայութեան ֆիզիքական բնաջնջումը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Առաջին Աշխարհամարտի առաջին իսկ փուլին, Օսմանեան Կայսրութեան արեւմուտքէն ու արեւելքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն յառաջացող Դաշնակիցներու՝ ֆրանսական, բրիտանական եւ ռուսական զօրքերու դէմ պատերազմական գործողութիւնները պատրուակելով, իթթիհատական իշխանութիւնը ձեռնամուխ եղաւ հայերու տեղահանութեան, որ յարմարագոյն եղանակն էր հայ ժողովուրդի բնաջնջման թրքական՝ համիտեան ժամանակաշրջանէն եկող պետական մեծ ոճիրի ծրագիրը գործադրելու համար։
Թրքական պետութեան ցեղասպանական քայլին ամբողջական գիտակցութիւնը ունէր մեծապետական Եւրոպան։ Համիտեան կոտորածներն ու 1909ի Կիլիկեան ջարդը բաւարար էին՝ մանուկն անգամ մղելու այն սթափ գնահատանքին, որ 1913ի Պալքանեան պատերազմէն ետք ներկայացող համաշխարհային ցնցումի առաջին առիթն իսկ թրքական պետութիւնը պիտի ծառայեցնէր, ցեղասպանութեան միջոցաւ, հայ ժողովուրդէն «ձերբազատուելու» իր ծրագրին գործադրութեան։
Եթէ այդ ատեն Գերմանիան մեծ զինակիցն էր Թուրքիոյ եւ պատճառ ունէր չխանգարելու թրքական ոճրագործութիւնը, Դաշնակիցներ Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան՝ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելով Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որեւէ պատճառ չունէին անտարբերութեամբ նայելու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող ցեղասպանութեան։ Ընդհակառակն՝ ամէն պատճառ ունէին թումբ կանգնելու թրքական խորշակին։
Պատմութիւնը եկաւ արձանագրելու, որ թէ՛ Աշխարհամարտի ընթացքին, թէ՛ այնուհետեւ՝ պատերազմական աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու ժամանակ, մեծապետական ուժերը միայն խօսքով զօրավիգ կանգնեցան հայ ժողովուրդի արդարագոյն պահանջատիրութեան։ Աւելի՛ն. դաւադիր մեղսակիցները դարձան Քեմալական Թուրքիոյ ստեղծման ու հզօրացման, նախ՝ աչք գոցելով հայ ժողովուրդին դէմ քեմալականներու գործած ոճիրներուն առջեւ, ապա՝ մինչեւ մեր օրերը անպատիժ ձգելով Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը, հայրենի մեր հողերուն բռնագրաւումը ու, ներկայիս, Հայաստանը շրջափակման ենթարկելու եւ խեղդամահ դարձնելու թրքական քայլերը։
5 Նոյեմբերի յուշատետրի էջը, լուսարձակի տակ առնելով 1914ին Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումն ու անոր ընձեռած միջազգային իրարանցումի պայմաններուն մէջ թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական ոճիրը, նաեւ՝ մեծապետական ուժերուն տարբնոյթ մեղսակցութիւնը, ամէն հիմք եւ ամէն պատճառ ու իրաւունք կու տայ մերօրեայ հայուն, որ պատմական այս դաժան դասերու պրիսմակով քննարկէ եւ հեռաւորութիւն պահէ այսպէս կոչուած հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման գովքը հիւսող մեծապետական սին քարոզներուն։
Մեծապետական աշխարհին քարոզած ազատ ու կայուն, ժողովրդավարական եւ խաղաղ տարածաշրջանը չի կրնար դառնալ այս ամբողջ տարածաշրջանը, այնքան ատեն որ թրքական պետութիւնը հաշուետուութեան չի կանչուիր եւ քաղաքական հատուցում կատարելու անխուսափելի պարտաւորութեան տակ չի դրուիր։
Այս օրերուն սուրիական տագնապին մէջ իր գործած ոտնձգութիւններով, ինչպէս նաեւ Պալքաններու եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին իր հրահրած ազգային ու կրօնական հակամարտութիւններով՝ թրքական պետութիւնը փաստօրէն կը շարունակէ առաւելագոյնս օգտուիլ մեծապետական աշխարհի մրցապայքարներէն՝ օսմանեան դարերու մեծապետական ուժի իր դիրքերը հնարաւորինս վերականգնելու դաւադիր նպատակով եւ... անյագ ախորժակով։

Ն.