Յունուար 21 1872ին, հազիւ 21 տարեկանին, թոքախտէ հիւծած, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ երիտասարդութեան սեմը դեռ նոր թեւակոխած Պետրոս Դուրեան, որ իր քնարերգական բանաստեղծութեամբ գրաւեց սիրտը մեր ժողովուրդին եւ արժանաւորապէս դարձաւ, հայ գրականութեան ոսկեմատեանի էջերուն, ցաւի ու տրտունջքի, յուսահատութեան եւ ծառացումի հանճարեղ երգիչը։
Ծնած էր 1851ին, Մայիս 20ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, երկաթագործ Զմպայեանի աղքատ յարկին տակ եւ հօրենական ազգանունին հայացումով էր, որ Պետրոս Դուրեան գրչանունով ստորագրեց հազիւ 13 տարեկանին իր գրած առաջին բանաստեղծութիւնը։
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ բնատուր տաղանդով օժտուած այս պատանիին նկատմամբ։ Աղքատութեան մէջ մեծնալով՝ չկրցաւ ուսման իր ծարաւը յագեցնել եւ պատանի տարիքէն աշխատանքի ասպարէզ նետուեցաւ՝ ընտանիքին կարիքները հոգալու պարտաւորութեամբ։ Բայց գրականութեան հանդէպ սէրը եւ բանաստեղծական երկունքի ներքին հուրը այնքան բուռն ու կրակոտ էր Դուրեանի սրտին եւ մտքին մէջ, որ իբրեւ ապրուստի միջոց ընտրեց ժամանակի հայկական մամուլին աշխատակցութիւնը, յատկապէս թատերագրութեան ճանապարհով, որովհետեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր թատրոնը. նոյնիսկ դերասանութեամբ իր ապրուստը ապահովելու հարկին տակ գտնուեցաւ այլապէս քնարերգակ բանաստեղծի մեծ տաղանդ ունեցող հայ հանճարի այս անկրկնելի շառաւիղը։
Կեանքը դաժան եղաւ, մանաւա՛նդ, պատանի Դուրեանի առողջական վիճակը կանխահասօրէն քայքայելու եւ անբուժելի թոքախտով վարակելու, տառապանքի ու յուսահատութեան մատնելու իմաստով։ Հիւանդոտ կեանքը եւ անոր առաջացուցած յուսահատութիւնն ու յոռետեսութիւնը ծանր անդրադարձ ունեցան սիրոյ խոր զգացումներով եւ ալեկոծուներով յատկանշուող վաղամեռիկ այս բանաստեղծին յուզաշխարհին վրայ։
Ճակատագիրը միայն 21 տարի ապրելու հնարաւորութիւն տուաւ Պետրոս Դուրեանին, բայց իր սրտին ու հոգիին մէջ կեանքի ու սիրոյ անմար կրակ ունեցող մահամերձ բանաստեղծը անտրտունջ չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ընդհակառակն՝ 1871ին, մահուան իր սնարին գամուած, յաւերժութեան յանձնեց «Տրտունջք» խորագրուած իր անմահ բանաստեղծութիւնը՝ Ճակատագրի եւ մահուան դէմ ընդվզումի ու ըմբոստացման հանճարեղ երգը երկնելով.-
Է՜, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ...
Աստղ մþալ ես կþերթամ յաւելուլ երկինք,
Աստղերն ի՜նչ են որ եթէ ոչ անբիծ
եւ թշուառ հոգւոց անէ՜ծք ողբագին,
Որք թըռին այրել ճակատն երկնքին.
Այլ այն Աստուծոյն՝ շանթերո՜ւ արմատ՝
Յաւելուն զէնքերն ու զարդերն հըրատ...
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կþըսեմ... շանթահարէ՛ զիս,
Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս՝
Որ ժպրհի ձգտիլ, սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի...։
Կրկնակիօրէն՝ թէ՛ ընկերային եւ թէ առողջական առումով այսօրինակ դաժան կեանք մը ապրելով՝ Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութեան մէջ որոնեց եւ գտաւ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման իր կենսունակ աշխարհը։ Թէեւ զրկուեցաւ բեղուն ստեղծագործութեան անհրաժեշտ ժամանակէն, բայց հազիւ քառասունի հասնող իր բանաստեղծութիւնները ինքնին բաւարար եղան, որպէսզի Պետրոս Դուրեան հորիզոն բանայ հայ քնարերգութեան առջեւ ու թռիչք տայ սիրոյ եւ տառապանքի մարդկային ամէնէն վաւերական, յորդ ու անկեղծ զգացումները թրթռացնելու եւ յաւերժութեան յանձնելու երկունքին։
Իր օրին արդէն Պետրոս Դուրեան շատ արագ սիրուած եւ փնտռուած բանաստեղծը դարձաւ հայ երիտասարդութեան։ Իր «Լճակ»ը, «Տրտունջք»ը, «Հեծեծմունք»ը, «Ինչ կþըսեն»ը, «Թրքուհին», «Իմ մահը» եւ միւս բանաստեղծութիւնները դարձան երիտասարդ սրտերու եւ հոգիներու հարազատ թարգմանը, անոնց շրթներուն շարունակ հնչող երգերը...
Շատերը զիս մերժեցին,
«Քընար մþունի սոսկ» - ըսին.
Մին՝ «դողդոջ է, գոյն չունի» -
Միսն ալ ըսաւ.- «կը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ,- «Հէ՛ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ՝ - «Սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան...»
- Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան։
Այդ էր պատճառը, որ իր թաղումը ազգային մեծ շուքով ու չորս հազարէ աւելի երիտասարդներու մասնակցութեամբ տպաւորիչ թափօրով կատարուեցաւ։ Մանրավէպի նշանակութիւն ունի, բայց կþարժէ հոս մէջբերել Մուշեղ Իշխանի այն վկայութիւնը, որ երիտասարդութիւնը փափաքած է Դուրեանի թաղումը նուագախումբի ընկերակցութեամբ կատարել, հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին այդ ժամանակ կþարգիլէր նման բան։ Այդ խնդրանքով ալ երիտասարդներ դիմած են օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Խրիմեան Հայրիկին, որուն պատասխանը՝ «Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»ը շատ բան կþըսէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ Պետրոս Դուրեանի գրաւած տեղին եւ հանճարեղ բանաստեղծի անոր արժանաւորութեան մասին։
Դուրեանի մեծութիւնը չսահմանափակուեցաւ իր ցաւին ու տառապանքին ահագնութեամբ։ Նաեւ նորարարութիւնը տիրական գիծը դարձաւ Դուրեանի գրականութեան։
Ազգային Զարթօնքի շարժումին եւ աշխարհաբարի տարածման դրօշակիրներէն հանդիսացաւ Դուրեան, որ այս առումով եւս պայքարի դիրքերը ակամայ լքելու ճակատագրին դէմ ընդվզեցաւ՝ «Իմ Ցաւը» բանաստեղծութեան մէջ աւաղելով.-
Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ,
Չօգնած անոր մեռնի՜լ աննշան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ համար։
Եւ որքա՜ն դիպուկ է Հրաչ Տասնապետեանի խտացուցած արժեւորումը.
- «Քսանմէկ տարեկանին մեռած այս հանճարեղ պատանին երեւոյթ մըն է ոչ միայն հայ, այլեւ բոլոր գրականութեանց պատմութեան մէջ։ Ան է, որ մեր մէջ հիմը դրաւ աշխարհաբար քնարերգակ բանաստեղծութեան, իր ներշնչման խորութեամբը, անկեղծութեամբն ու արտայայտուելու եղանակովը հասնելով քիչ անգամ հաւասարուող բարձրութեան մը»։
Մահուան 141րդ տարելիցն է, Յունուար 21ի այս օրը, կեանքի եւ սիրոյ այնքա՜ն խոր ծարաւով վառուած եւ բաց աչքով կեանքէն առյաւէտ բաժնուած հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանիին, որ «Իմ Մահը» խորագրով իր բանաստեղծութեան վերջին տունով արտայայտեց մահուան սնարին գտնուող ամէն մարդու խորագոյն ցաւը.
Իսկ աննշան եթէ մնայ,
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ...
Եւ Դուրեան յաղթեց մահուան։
Ոչ միայն չթառամեցաւ Դուրեանի յիշատակը, այլեւ՝ իր բանաստեղծութեամբ, ան մնայուն ընկերակիցը դարձաւ հայոց սերունդներուն։
Անմահութիւնը նուաճեց։
Ն.