Հալածանքներ, սպառնալիքներ, կրաֆիթիներով պատերուն վրայ գրուած վիրաւորական խօսքեր, գերեզմաններու պղծումներ, հայերու սպանութիւններ։ Արդեօք ի՞նչ փոխուած է վեց տարի առաջ Հրանդ Տինքի սպանութեան առաջնորդած մթնոլորտէն։

Ահաբեկչութիւնը կը շարունակուի։ Հայերը Թուրքիոյ մէջ ոտքի մատներու վրայ կը քալեն։ Զգուշաւոր քայլերով։

Ազգային փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու անտեսումը կþապրին։

«Եւրոպականացած» Թուրքիոյ մէջ հայատեացութեան մթնոլորտը կը յամենայ, այն շրջանակներուն մօտ, ուր շատոնց թափանցած է պետական համակարգէն բխած հալածանքներու սիսթեմը։ Ոճը նոյնն է միշտ՝ սպառնալիք, խորամանկութիւն, ճնշում, հետապնդում։

Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ցնցիչ այն դէպքն էր որ շրջադարձ մը եղաւ թրքական ընկերութեան համար, երկրի ժողովրդավարացման, խօսքի ազատութեան հարցերու պահանջքին ձայն տալով։ Հարիւր հազարաւոր այն մարդիկը, որ յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան, որ վեց տարիներ շարունակ Տինքի ոճրագործներու դատավարութեան ժամանակ դատարանի շէնքին առջեւ կանգնեցան եւ ճշմարտութիւն ու արդարութիւն պահանջեցին՝ իրենց երկրի եւ յաջորդող սերունդներուն համար արդար պետութեան պահանջքն էր որ հանդիսադրեցին։ Անոնց, իւրաքանչիւրին մէջ Հրանդ Տինքէն մաս մը կար: Անոնք խոստովանեցան, թէ ձերբազատուեցան իրենց «թապու»ներէն, ու իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին Հրանդ Տինքի եւ իրեն նման պայքարող մարդոց գաղափարները բարձրաձայնելու պարտաւորութիւնը: Ամէն մարդ հասկցաւ այս կեցուածքը, նոյնիսկ անոնք որոնք երբեք չէին կրնար կանխատեսել Տինքի սպանութեան դէպքի հետեւանքները։ Ամէն մարդ հասկցաւ որ համամարդկային սկզբունքներէն հեռացող ճանապարհը բռնած է այն երկիրը, ուր ռազմատենչ ազգայնամոլութիւնը կը քարոզուի:

Բռնաբարումներու եւ հալածանքներու երկար շղթային վրայ ճեղք էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Այդ ճեղքերը աւելցան հետագային՝ կաթողիկէ քահանայ հօր սպանութեամբ, բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորի դաժան սպանութեամբ, հայերու դէմ յարձակումներով։ Շղթան կտոր¬կտոր եղած ու փտած է։ Շղթայի իւրաքանչիւր փշրուած օղակ՝ Թուրքիոյ անհանդուրժողութեան ու մերժումի քաղաքականութեան դէմ յաղթանակ մըն է։

Արդարութեան պահանջքը դեռ աւելի բարձրաձայն պիտի հնչէ, մինչեւ որ թըրքական պետութիւնը ընդունի իր անցեալը եւ դադրեցնէ կոյր ու մերժողական իր քաղաքականութիւնը։

Հ.