Տարի մը առաջ, Յունուար 23ի այս օրը, յատկապէս աշխարհասփիւռ հայութիւնը ամբողջ ժամեր, լարուած ուշադրութեամբ եւ անձկութեամբ, հետեւեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին առանձնայատուկ բաց նիստին, որ յատկացուած էր Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն եւ օրէնքով պատժելի արարք հռչակող օրինագիծի մը քննարկման ու հաստատումին։

Շուրջ եօթուկէս ժամ տեւած բանավէճերէ ետք, օրինագիծի հաստատման քուէարկութեան մասնակցեցան 213 ծերակուտականներ, որոնց 127ն կողմ, իսկ 86ը դէմ քուէարկեցին օրինագիծին՝ վաւերացնելով զայն։ Այդպէ՛ս, Ֆրանսայի Ծերակոյտին 23 Յունուար 2012ի նիստը պատմական նշանակութիւն ստացաւ։ Ազատախոհ աշխարհի միջնաբերդը համարուող Ֆրանսան ի լուր աշխարհին յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան օրինակով բոլոր ցեղասպանութեանց ժխտումը, Ֆրանսայի պետական օրէնքով, քրէական յանցանք է ու պատիժի արժանի յանցագործութիւն։ Օրինագիծը ցեղասպանութեանց ժխտման համար կը նախատեսէր 1 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրոյի տուգանք:

Օրինագիծին վաւերացումը մեծ յաղթանակ մը եղաւ ինչպէս Արդարութեան եւ Իրաւունքի համար պայքարող ֆրանսացի ազատախոհներուն, այնպէս եւ Հայ Դատի հետապնդման լծուած մարտունակ ֆրանսահայերուն համար։ Փաստօրէն Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ձեռք բերուեցաւ լուրջ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով։ Ամիսներ առաջ, 2011ի Մայիսին, նմանօրինակ օրինագիծ մը դրուած էր Ծերակոյտի օրակարգին վրայ առ ի վաւերացում, բայց յետ մղուած էր, որովհետեւ կը վերաբերէր միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական ու օրէնքով պատժելի յանցագործոթիւն հռչակելու առաջադրանքին։ Այնուհետեւ, օրինագիծը վերամշակումի ենթարկուեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման օրինակով բոլոր Ցեղասպանութիւններու պատմական ճշմարտութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակեց եւ, իրաւական ա՛յդ տարազումով, վերստին բերուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ։

Այսօր արդէն բացայայտուած է, որ թրքական պետութիւնը Մայիս 2011ին ամէն կարգի ճնշում բանեցուց Ֆրանսայի պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն վրայ, որպէսզի վիժեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ժխտումը քրէական ու պատժելի յանցագործութիւն հռչակող նման օրինագիծի մը որդեգրումը։ Թրքական դիւանագիտութիւնը դիմեց ոչ միայն Ֆրանսայի հետ Թուրքիոյ ունեցած առեւտրական ու զինական գործառնութիւնները դադրեցնելու սպառնալիքին, այլեւ օգտագործեց հանրային կարծիքի մոլորեցման այն մօտեցումը, ըստ որուն նմանօրինակ օրինագիծ մը իբր թէ կը կապտէ եղեր կարծիքի ազատութեան մարդկային հիմնական իրաւունքը...

Ճնշումի իր այդ երկրորդ խաղաթուղթի պարագային, թրքական պետութիւնը փաստօրէն կþօգտագործէր քսանամեակ մը առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հրէական Ողջակիզման ժխտումը քրէականացուցած օրինագիծին դէմ ատենին ծաւալած դժգոհութիւնները մարդկային իրաւանց պաշտպան շրջանակներուն կողմէ։ Այս վերջինները, մանաւանդ Մ. Նահանգներու տարածքին գործող իրենց ղեկավար մարմիններուն կողմէ, հարցականի տակ առած էին իրաւականութիւնը նման օրինագիծի մը՝ առարկելով, որ այդպիսով կը հալածուին մտածումի ազատութեան եւ կարծիքի անկաշկանդ արտայայտութեան իրաւունքները...

Հակառակ թրքական այդ ճնշումներուն, սակայն, 22 Դեկտեմբեր 2011ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին ստորին պալատը վաւերացուց վերամշակուած տարբերակը Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին։ Օրինագիծը յղուեցաւ Ծերակոյտին, որուն Իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը ինկաւ թրքական ճնշումներու տակ եւ, տեղի տալով, փութաց Ծերակոյտին առաջարկ ներկայացնելու, որ չընդունի իրաւական առումով վիճելի նման օրինագիծ մը։

Բայց Ծերակոյտը մերժեց հետեւիլ իր յանձնաժողովի առաջարկին եւ որոշեց 23 Յունուար 2012ի իր նիստը յատկացնել օրինագիծի քննարկման ու հաստատումին։

Այդպէ՛ս վաւերացուեցաւ օրինագիծը, որ իբրեւ օրէնք ուժի մէջ դրուելու համար այլեւս պէտք ունէր սոսկ Ֆրանսայի նախագահին ստորագրութեան։

Բնականաբար շատ բուռն եղաւ թրքական հակազդեցութիւնը, մանաւանդ որ թրքական տեսակէտը պաշտպանող ծերակուտականները, 23 Յունուար 2012ի պատմական նիստին, ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին օրինագիծը պաշտպանող եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ արդար հատուցումը պահանջող ծերակուտականներու գրոհին տակ։

Բայց օրուան գործող Ֆրանսայի նախագահ Սարքուզի արագ չշարժեցաւ եւ անմիջապէս չստորագրեց Ծերակոյտին հաստատած օրինագիծը։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ թրքական շահերուն ծառայող ծերակուտականները օրինագիծին իրաւականութիւնը վիճարկեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին մօտ։ Թրքական կողմը այս անգամ «արդիւնաւէտ» աշխատանք տարաւ Սահմանադրական Խորհուրդի անդամներուն մօտ, որոնք թրքական խայծերը կուլ տալով՝ օրինագիծը հակասահմանադրական հռչակեցին...

Դժուար է ըսել, թէ օրին նախագահ Սարքուզի տեղի տուաւ թրքական սպառնալիքներուն առջեւ, որովհետեւ Ֆրանսայի ատենի թիւ 1 ներկայացուցիչը ոչ միայն հատու պատասխան տուաւ թրքական սպառնալիքներուն, այլեւ բազմիցս հաստատեց օրինագիծը սահմանադրական պատշաճեցման ենթարկելու եւ վերստին օրակարգի վրայ բերելու իր վճռականութիւնը։

Իրողութիւնը այն է, որ Սարքուզի քանի մը ամիս ետք կորսնցուց Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց վերստին նախագահ ընտրուելու իր հնարաւորութիւնը։

Իսկ նորընտիր նախագահ Հոլանտ խոստացաւ շարունակել Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակելու եւ օրէնքով պատժելու իր նախորդին քաղաքականութիւնը, որ փաստօրէն վերջերս ընթացքի մէջ դրուած է եւ օրինագիծի նոր տարբերակ մը արդէն կը պատրաստուի՝ Ծերակոյտին հաստատման ներկայացուելու համար։

 Ն.