Հայկական քանդակագործութեան ու գեղանկարչութեան լուսապսակ դէմքերու փաղանգին մէջ առաջնակարգ եւ ինքնատիպ իր տեղը ունի Երուանդ Քոչար, որուն մահուան 34ամեակը կը լրանայ Յունուար 22ի այս օրը։
Հայկական կերպարուեստի նորարար հսկաներէն եղաւ Երուանդ Քոչար, որ իր նկարչութեամբ եւ քանդակագործութեամբ էապէս յեղաշրջեց ընդհանրապէս գեղարուեստի եւ յատկապէս գեղանկարչութեան մասին մեր պատկերացումները։
Ստեղծագործեց եւ սերունդ հասցուց այն հաւատքով, որ՝
- «Ամէն արժէք գեղեցկութիւն է դառնում, բայց գեղեցկութիւնն ամէն արժէքից բարձր է...»։
- «Արուեստն անիրական կեանք է, ու նրա ճշմարտութիւնն այլ է, քան կեանքի ճշմարտութիւնը...»:
Արուեստի քննադատները կը վկայեն, որ «իր արուեստով՝ Քոչարը դասուեց այն մեծերի շարքում, որոնցով պայմանաւորուեց (1920-1930ական տարիներուն) եւրոպական աւանգարդն ու համաշխարհային կերպարուեստի հետագայ ընթացքը: Քոչարը հիմնադիրն է Տարածական նկարչութեան (Peinture dans lþespace)՝ պլաստիկ-գեղարուեստական նոր արտայայտչաձեւի, որը ներառում է ժամանակը որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ: Եւրոպական արուեստաբանական միտքը Քոչարին համարում էր ժամանակակից արուեստի այն ռահվիրաններից մէկը, «որոնք մի քանի տարում վերափոխեցին արդի գեղանկարչութեան մասին պատկերացումներն ու տակնուվրայ արեցին աշխարհը...»։
Տարբեր ուղիով չէր կրնար գեղարուեստը իր նուաճած բարձունքին հասնիլ Քոչար, որ առիթով մը պիտի խոստովաէր, թէ՝
«Պիկասսոն վախենում էր ժամանակից, իսկ իմ յոյսը ժամանակի վրայ է»:
Երուանդ Սիմոնի Քոչարը (Քոչարեան) ծնած էր 1899ի Յունիս 27ին (Յունիս 15ին՝ հին տոմարով), Թիֆլիս: Նախնական ուսումը ստացաւ Ներսիսեան ճեմարանի մէջ։ Տակաւին դպրոցական տարիներէն անոր մօտ նկատելի դարձաւ նկարչական տաղանդը:
1915էն 1918 ան յաճախեց Թիֆլիսի նկարչութեան եւ քանդակագործութեան դպրոցը, որմէ ետք մասնագիտացման համար մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր հետեւեցաւ «Ազատ գեղարուեստական արուեստներ»ու դասընթացներուն:
1919ին, աւարտելով ուսումը, վերադարձաւ ծննդավայր Թիֆլիս, քսան տարեկանին բացաւ իր առաջին անձնական ցուցահանդէսը եւ սկսաւ նկարչութիւն դասաւանդել տեղւոյն հայկական դպրոցներուն մէջ, իսկ 1921էն սկսեալ դասախօս նշանակուեցաւ Թիֆլիսի բարձրագոյն գեղարուեստական հաստատութեանց մէջ:
1922ին Քոչար հրաւիրուեցաւ Վենետիկ, ուր նկարչութիւն դասաւանդեց Լազարեան ճեմարանի մէջ: Իսկ 1923ին բնակութիւն հաստատեց Փարիզ, ուր ունեցաւ ստեղծագործական աշխոյժ եւ բեղուն գործունէութիւն, մինչեւ 1936 թուականին իր վերջնական ներգաղթը Հայաստան։
Փարիզեան այդ շրջանին, հայ մեծատաղանդ արուեստագէտին գործերը ցուցադրուեցան ժամանակի խոշորագոյն վարպետներու՝ Փիքասոյի, Պրաքի, Բրանկուզիի, Լեժէի եւ Կիրիկոյի գործերուն հետ: Նոյն այդ նորարար հսկաներուն, ինչպէս նաեւ Տիւշանի, Միրոյի, Քանտինսքիի, Մոհոլի եւ Տելոնէի հետ, 1936ին, Քոչար ստորագրեց «Տիմանսիոնիզմի մանիֆեստ»ը, որ այդ ժամանակի նորագոյն գեղագիտական սկզբունքներու ազդարարը հանդիսացաւ։
Հայաստան ներգաղթելէ ետք, Քոչար բնականաբար լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, որովհետեւ իր առաջին քայլերը զուգադիպեցան հայ մտաւորականութեան դէմ ստալինեան հալածանքի տարիներուն։ Իր կարգին 1941ին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ կարճ ժամանակով։ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն նաեւ ապրուստի դժուարութիւններ անցուց եւ ստիպուեցաւ տարբեր աշխատանքներ կատարել։
1945 էն ետք Քոչար իր արժանի տեղը գտաւ։ Սկսաւ նկարչութիւն դասաւանդել Երեւանի գեղարուեստաթատերական եւ պոլիտեխնիկական հիմնարկներուն մէջ: Միաժամանակ անդուլ ստեղծագործեց։
Քոչարի յայտնի նկարներէն են «Կշռաքարերով նոթիւրմորթ»ը,«Ջութակ»ը, «Ըմպանակով կին»ը, «Նկարչի մօր դիմանկար»ը, «Ղազարոսի յարութիւն»ը, «Տեսիլք»ը, «Սիրահարներ»ը, «Կոմիտաս»ը, «Բանաստեղծ»ը եւ այլն: Այսօր Քոչարի նկարները կը զարդարեն աշխարհի հանրայայտ թանգարաններու պատերը:
Իսկ քանդակագործութեան մարզին մէջ Քոչար անմահացաւ իր կերտած Մաքսիմ Կորքիի, Ալեքսանդր Փուշկինի, Խաչատուր Աբովեանի, Անանիա Շիրակացիի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Միքայէլ Նալբանդեանի, Սասունցի Դաւիթի, Վարդան Մամիկոնեանի արձաններով։ Յատկապէս իր «Սասունցի Դաւիթը» դարձաւ խորհրդանիշներէն մէկը հայոց քաղաքամայր Երեւանի։
Երուանդ Քոչար վախճանեցաւ Երեւան՝ 1979ի Յունուար 22ին:
Հայ կերպարուեստի նորարար հսկային մահուան տարելիցին նուիրուած այս հակիրճ յիշեցումը եզրափակելու համար, հաղորդութեան պէս մեր այս օրը լուսաւորենք Քոչարի ուղին բնորոշող իր հետեւեալ խորհրդածութեամբ.
«Արուեստը մի անաւարտ կամուրջ է, որի մէկ ոտքը յենուած է կեանքի վրայ, իսկ միւսը մեկնված է դէպի անեզրութիւնը... ամէն մի հանճար երկարացնում է այդ ոտքը, որպէսզի գտնի երկրորդ յենարանը... եւ այդպէս անվերջ... Դրա համար արուեստը մարդկութեան լաւագոյն իղձերի անվախճան պատմութիւնն է...»։
Ն.