Յունուար 28ին աշխարհասփիւռ հայ ժողովորդը կը տօնէ Հայոց Ազգային Բանակին պաշտօնական հիմնադրութեան Օրը, որ ահա 21 տարիէ ի վեր ազգային հպարտութեան, հաւաքական կամքի ու միասնական ուժի ինքնավստահութեան եւ մարտունակութեան ապրումներով վերանորոգուելու տօնական առիթը կ'ընծայէ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայ մարդոց։

21 տարի առաջ այսօր՝ 28 Յունուար 1992ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրամանագրով, պաշտօնապէս կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զայն գլխաւորելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի։

Բառին քաղաքական իմաստով դժուարին երկունք մը ունեցաւ Հայոց Ազգային Բանակը։ Նոյնինքն Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ, 1988ին թափ առած Արցախեան շարժման առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։ Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովըրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ուժեղացման առաջադրանքով կեանք առած հայ ֆետայական նորանուն ջոկատները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ յայտնուած երբեմնի խորհրդային բանակի հազարաւոր հայ սպաները։

Քաղաքական խիթեր ու գաղափարական ցաւագին գալարումներ շատ ունեցաւ Հայոց Բանակին երկունքը. նոյնինքն Արցախեան Շարժման յառաջատար ուժերուն միջեւ ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները անպակաս եղան։ Մինչեւ իսկ 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի որդեգրումէն ետք, երբ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հիմերը վերականգնելու հայոց միասնական յանձնառութիւնը օրէնսդրականօրէն ամրագրուած էր, Հայոց Ազգային Բանակի կազմութեան եւ Պաշտպանութեան  նախարարութեան հիմնադրման պետական որոշումը դիւրին չառնուեցաւ եւ ներ¬քաղաքական բուռն հակադրութեանց պատճառ դարձաւ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի իշխանութեանց ղեկին հասած Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավարութիւնը, յանձին խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, յամառօրէն պնդեց այն ռազմավարական դաւանանքին վրայ, թէ «Մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»՝ ձգձգելով իրաւական ու պաշտօնական հռչակումը մինչ այդ իրողապէս արդէն կազմուած Հայոց Ազգային Բանակին ու Պաշտպանութեան նախարարութեան...

Դեկտեմբեր 1991ի Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք, միայն, առնուեցաւ օրէնսդրական քայլը Հայկական Բանակի կազմութեան եւ, այդ առումով ալ, 28 Յունուար 1992ին Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հիմնադրութեան օրը հետագային հռչակուեցաւ Հայկական Բանակի ստեղծման ազգային-պետական տօնը։

Հայոց Ազգային Բանակին տօնին առիթով անպայման պէտք է յիշել եւ նոր սերունդներուն յուշել, որ ատրպէյճանական եւ անոր ետին կանգնած թրքական անարգ յարձակումներուն եւ հակահայ նախճիրներուն դէմ մեր ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային-ազատագրումի թէժ պայքարին ծնունդը եղաւ Հայկական Բանակը։ Իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութենէն ու հայոց ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի ռազմահայրենասիրական աւանդներէն։ Իբրեւ այդպիսին, եղաւ առնական մարմնաւորումը Արցախեան Ազատամարտին, որմէ եւ ստացաւ համաթրքական սպառնական վտանգի դիմագրաւումին միշտ պատրաստ գտնուելու իր կոչումն ու ներքին զօրութիւնը։

Աւելի՛ն. հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ անոր դրօշակիր հերոսներուն՝ Արաբոյի եւ Սերոբ Աղբիւրի, Անդրանիկի ու Գէորգ Չաւուշի, Նիկոլ Դումանի, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի աւանդներով սնանեցաւ ու հասակ նետեց վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը, որ վերածուեցաւ տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ զօրքերէն մէկուն՝ եւրոպական թէ միջազգային ռազմավարական կառոյցներու իսկ վկայութեամբ։

Ահա թէ ինչո՛ւ ազգային արդար հպարտութեան ու հաւաքական մեր ինքնավստահութեան տօնն է Հայոց Ազգային Բանակին ծննդեան տարեդարձը։

Յատկապէս ազգային մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու ուխտի օրն է, որովհետեւ գերազանցապէս ազգային ինքնապաշտանութեան ու ազատագրումի պայքարին ծնունդը եղաւ Հայոց Բանակը եւ, իբրեւ այդպիսին, կը շարունակէ յոյսն ու ապաւէնը մնալ թուրքեւատրպէյճանական սպառնական վտանգը տակաւին դիմագրաւող հայ ժողովուրդին՝ մանաւանդ ի Հայաստան, բայց նաեւ ի սփիւռս աշխարհի։

Իբրեւ այդպիսին՝ Հայկական Բանակին հիմնադրութեան տարեդարձը միաժամանակ կը շեշտէ ազգային մեր պետականութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորող կարեւորագոյն այս կռուանին շուրջ ազգովին՝ իբրեւ հասարակութիւն, քաղաքական ուժեր եւ մտաւորականութիւն համախմբուելու հրամայականը։

Պարզ է, որ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներն ու յատկապէս թուրքեւատրպէյճանեան թշնամութիւնը դիմագրաւելու համար, այլ նաեւ ազգային մեր ներքին ճակատը միաձոյլ պահելու եւ մարտունակութեան մեր պաշարները ամէն կարգի ցեցերու դէմ պահպանելու մեկնակէտով՝ առաւելագոյն սրութեամբ դրուած է անհրաժեշտութիւնը Հայկական Բանակին նկատմամբ համայն հայութեան վստահութեան խորացումին եւ ճառագայթումին։ Հայոց Ազգային Բանակը արժանի է վեր մնալու եւ անխոցելի պահուելու քաղաքական թէ գաղափարական ամէն կարգի վէճերէ, հակադրութիւններէ եւ քաշքշուկներէ։

Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին համար իրենց արիւնն ու գերագոյնը նուիրաբերած մեր հերոսներուն եւ, մանաւա՛նդ, անոնց ծնունդ տուած անընկճելի մեր ժողովուրդին պարտական ենք աչքի լոյսի պէս պահպանումը, բարեկարգումը եւ հզօրացումը այսքան դժուարին երկունքով կեանք առած Հայկական Բանակին։

 Ն.