21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան հետ, հայաշխարհը եւս կը նշէ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը։
21րդ դարու նորամուծութիւններէն է մայրենի լեզուներուն յատուկ Օր նուիրելու համաշխարհային նախանձախնդրութիւնը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։

Եւ 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։

Վերջին տարիներուն նաեւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ կը նշուի այս Օրը եւ ողջունելի աւանդութիւն դարձած է, որ Հանրապետութեան Նախագահը հանդիսաւորապէս Ողերձ կը նուիրէ Մայրենիի միջազգային օրուան։

Մինչեւ 2000 թուականը միջազգային հանրութիւնը չունէր, ոչ ալ յատուկ շուքով կը տօնէր Մայրենիի Օրը։

Պատճառը աշխարհի տարածքին յամեցող խտրականութեանց եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»ն էր, որուն ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը։

Փաստօրէն, քաղաքակրթութեանց պատմութեան բազմազգեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուած է բռնակալ ու տիրակալ հզօր ազգերու մայրենի լեզուն ¬ նաեւ այդ ճամբով անոնց գերիշխող մշակոյթը - փոքր ու տկար ազգերուն պարտադրելու մեղսագործութեան։

Այն աստիճան, որ քաղաքակրթութեանց պատմութեան ճակատին իբրեւ ցեղապաշտութեան մուր եւ ամօթի խարան դրոշմուած է անպաշտպան ազգերու Մայրենին աշխարհի երեսէն սրբելու մեծագոյն յանցագործութիւնը...

Յատկապէս քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան կապանքներէն ազատագրուելու քաղաքակրթական դժուարին պայքարին հետ, միջազգային հանրութիւնը բաղկացնող միջակ ու փոքր ազգերն ու ազգային փոքրամասնութիւնները օրհասական կռիւ մղեցին ի խնդիր իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան՝ Մայրենիի անհետ կորուստի վտանգին դէմ մաքառելով իրենց բոլոր ուժերով։

Ահա այդ պայքարին արգասիքը եղան «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան աշխարհով մէկ հռչակումն ու նուիրագործումը։

Որոշապէս հայ ժողովուրդին համար տարուան տօնական օրերուն ամէնէն նուիրականը կը հանդիսանայ Մայրենիին Օրը։

Եւ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, ուր ամէն վայրկեան զգալի են եւ տագնապեցնող՝ Մայրենիի նահանջն ու տեղատուութիւնը, որոնց յաղթահարման զօրաշարժի կոչ էր, ըստ ամենայնի, 2012ը Հայ Գրքի տարի հռչակելու Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումը։ Ի վերջոյ հայերէն ընթերցանութեամբ է, որ մեր Մայրենին աւիշ կը հասցնէ հայոց սերունդներու ինքնաճանաչման ու ինքնազրահման՝ օտար ափերու վրայ մոլեգնած օտարացման, ձուլման եւ ինքնալքութեան փոթորիկներուն դէմ։

Նոյնպէս եւ հայրենի հողի վրայ հայութիւնը կը դիմագրաւէ Մայրենիի պաշտպանութեան մեծ խնդիրը, որովհետեւ խորհրդային կարգերու տակ ոչ-պետական լեզու հռչակուելու վտանգին դէմ մղուած տասնամեակներու պայքարէն ետք, Մայրենիի պահպանումն ու լիարժէք զարգացումը վերջին քսանամեակին կը դիմագրաւեն ծանրակշիռ գրոհը համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին։

Նորօրեայ այդ ճնշումն ու վտանգը դիմագրաւելու նախանձախնդրութեամբ է, որ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան առիթով կը հնչեն բարձրաձայն կոչեր, որպէսզի վերանկախացեալ Հայաստանի պետական տօնացոյցին մէջ իր արժանի տեղը գրաւէ հայոց Մայրենիին տօնը։

Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնապահպանման ու հայօրէն զարգացման Օրակարգին առաջնահերթ խնդիրը դարձած է Հայ Լեզուի անաղարտ պահպանումն ու ժամանակի ոգիով վերաթարմացումը։ Հայրենական եւ սփիւռքեան միասնական զօրաշարժով եւ պետական թէ հասարակական բոլոր ուժերու լարումով՝ հայոց Մայրենիին պարտք ենք իր ուրոյն տօնը, որպէսզի այդ օր աշխարհով մէկ հնչէ մեծագոյն իմաստութիւնը հայոց՝ մեսրոպեան տառերով բանաձեւուած «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» պատգամով։

Ի վերջոյ ունկնդիր պէտք է մնալ հայոց մեծերուն անփոխարինելի այն իմաստութեան, որ երբ հայրենին՝ հո՛ղը կþերերայ հայ ազգի ոտքին տակ, մայրենի՛ն է միակ ու կենարար ապաստանը հայուն։

Ականջի օղ պէտք է դարձնել Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ա. Մակարեանի ահազանգը՝

- «Խօսքն այսօր մայրենիի անաղարտութիւնը պահպանելու մասին է: Չժխտելով փոխառութիւնների‘ մի լեզուից միւսին անցնող բառերի ու քերականական իրողութիւնների կամ բառապատճէնումների բնական փաստը, ինչպես նաեւ օտար կամ հայրենի հեղինակների կողմից հրամցուող նորաբանութիւնների բարերար ազդեցութիւնը, ինչու չէ նաեւ բարբառների, անգամ ժարգոնների (ռամկաբանութիւններու -Ն.) անհրաժեշտ առկայութիւնը՝ այսօր ականատեսն ենք մի ցաւալի իրողութեան. ժամանակակից հայոց լեզուի արտասովոր հարուստ՝ շուրջ 250.000 բառ պարունակող բառապաշարի առկայութեան պայմաններում, Հայաստանում մարդիկ սկսել են խօսել տգեղ, սոսկ մի քանի տասնեակի հասնող բառերի չափազանց աղքատիկ բառապաշարով, խեղճուկրակ հայերէնով, անգամ բառիմաստային խայտառակ աղաւաղումներով (այսօր շատերն են միամտաբար կարծում, թէ անպաճոյճն՝ անպայմանն է, մեղանչելը‘ զղջալը…): Իսկ ո ՞վ է մեղաւորը: Մեղաւոր ենք բոլորս: Այստեղ ակամայ յիշեցի հայոց երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Հայրապետի մի ուշագրաւ միտքը՝ ասուած տեսանելի ու անտես թշնամիների մասին.- «Ի՞նչ է աներեւոյթ թշնամին: Այն թշնամին, որ մէջէն կը գործէ... այդ թշնամին է, որ ամէնէն վտանգաւորն է, որովհետեւ այդ թշնամին կը նմանի ծառի մէջէն գործող որդին, որ կþուտէ աւիշը, կը չորցնէ ծառը»։

Այո՛, նաեւ ներքին այդ ցեցերուն դէմ պայքարը խորհրդանշող օր է Փետրուար 21ը՝ սպասելով հայոց պետականութեան կողմէ հայոց Մայրենիին նուիրուած պաշտօնական Օրուան հռչակումին։

Հայոց Մայրենիին նուիրուած պետական Օր հաստատելով՝ նաեւ նորովի աւիշ ու եռանդ պիտի ապահովենք մեռեալ լեզուի դաժան ճակատագիրը դիմագրաւող Արեւմտահայերէնի վեպականգնման ու զարգացման պայքարին։

Ժամանակն է արդէն, եթէ ուշացած ալ չենք, որպէսզի հայոց պետականութիւնը ամբողջացնէ ամրակուռ շղթան Հայ Լեզուի պահպանման եւ անկաշկանդ զարգացման անփոխարինելի կռուաններուն.- Հայախօս ընտանիք, հայաշունչ ազգային վարժարան, հայախորհուրդ եկեղեցի եւ հայաթռիչ քաղաքական ու հասարակական կառոյցներ, միութիւններ։

Հայ լեզուն մեր աչքի լոյսին պէս գուրգուրալու հրաւէր է, վերջապէս, հայոց Մայրենիին պետական Օր յատկացնելու այս կոչը։

Ազգի եւ Հայրենիքի հոգեմտաւոր Տունը աներեր պահելու կոչ է, միաժամանակ, Մայրենիի պետական պաշտպանութեան պահանջը, որովհետեւ ինչպէս բանաստեղծը կը պատգամէ՝

«Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»։

Ն.