Ապրիլ 4ի այս օրը, աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր անզուգական Հայրիկին՝ Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչին, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իր վեհաշուք տեղը գրաւած է իբրեւ հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական մեծագործ հեղինակութիւն, իբրեւ Հայ Հողին ու Հողի Մարդուն խորհուրդն ու արժէքը յաւերժացուցած Մկրտիչ Ա. Վանեցի։

Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան պետականօրէն ծրագրումին ու կազմակերպումին նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։

Ապրիլ 2ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի։

Ապրիլի 1ը հայ ժողովուրդի յուշատետրին ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկն է։
Հարիւրչորս տարի առաջ, Ապրիլի առաջին օրը մոլեգնեցաւ թրքական արնախում բարբարոսութիւնը։ Չքնաղ Ատանա քաղաքն ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ ներկուեցան, հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան։

Մարտ 30ին (Հին Տոմարով 17 Մարտին), 150 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան սուլթանական հրովարտակով, պաշտօնապէս պետական վաւերացում ստացաւ հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշըրջանի կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։