Մարտ 11ին, 70 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնման խորհրդանիշ դրօշը՝ անփոխարինելի Եռագոյնը իր արժանաւոր տեղը գտաւ Փարիզի Ինվալիտի աշխարհահռչակ Զինուորական Թանգարանին մէջ։

Ազատն Ֆրանսան, որ 1921ին իր հերթին Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացած էր հայ ժողովուրդին ազգային օճախ մը ապահովելու միջազգային յանձնառութենէն եւ հայութենէ պարպած էր Կիլիկիան, 11 Մարտ 1923ին պաշտօնապէս Հայոց Եռագոյնին տուաւ իր արժանի տեղը՝ Ինվալիտի Թանգարանին մէջ միջազգային ճանաչումի արժանացած ազգային ու պետական դրօշներու շարքին։

Քեմալական Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամնակաշրջանն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները, գաղթատիրական իրենց մրցապայքարով կլանուած, ըստ կամս կը վերաձեւէին աշխարհի մեծ քարտէսը իր մանրամասնութիւններով հանդերձ։

Միաժամանակ Խորհրդային Միութեան պետական ու վարչական հիմնաւորման խառնակ ու դժուարին ժամանակաշրջանն էր։ Կարմիր Բանակի սուիններով բռնագրաւուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն կը բռնակցուէր այսպէս կոչուած Անդրկովկասեան Խորհրդային Հանրապետութիւններու Դաշնութեան։ Իր Եռագոյն դրօշով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինու զօրութեամբ կը ներառնուէր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան կազմին մէջ։

Բայց ստալինեան Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն խզուած խորհրդային սարսափի կայսերական արգելարանէն դուրս, Մեծ Եղեռնէն վերապրած եւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած հայութիւնը, տարագրութեան դաժանագոյն պայմաններուն մէջ անգամ, բոլոր ուժերով կը մերժէր համակերպիլ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ ժողովուրդներու պարտադրուող ազատազրկումին ու ազգային գերեվարումին։

Ահա՛ այդպիսի ժամանակ եւ նման պայմաններու տակ, իր տեսակին մէջ համաշխարհային մեծ վարկ վայելող Ինվալիտի Զինուորական Թանգարանը պաշտօնական եւ միջազգային ճանաչում շնորհեց Եռագոյնին՝ իբրեւ հայոց ազգային ու պետական Դրօշի։

Այդ քայլով, նաեւ, 11 Մարտ 1923ը ըստ ամենայնի դարձաւ Հայոց Եռագոյնի միջազգային ճանաչման Օրը։

Եւ մենք դարձանք Եռագոյն Դրօշի սերունդ՝ կրկնակի՛ առումով։

Նախ՝ տարագիր հայու ազգային¬գաղափարական կազմաւորման իմաստով, որովհետեւ աշխարհով մէկ հռչակուած Հայոց Եռագոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ կենարար աղբիւրը ազգային մեր ինքնաճանաչումին, հպարտութեան եւ տեսլականին։

Եռագոյնի սերունդ դարձանք, ապա, Հայաստանի վերանկախացման ու Եռագոյնին, իբրեւ հայոց պետական դրօշի, պաշտօնական վերարժեւորումն ու վերականգնումը՝ յաւէտ ծածանումը նուաճելու սերունդներու Ուխտին իրականացման մասնակիցը դարձած սերունդի առումով։

Շուրջ եօթանասուն տարի, իրերայաջորդ երեք սերունդ, ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական իր դեգերումներուն, թռիչքներուն եւ հակադրութեանց կիզակէտին ունեցաւ Եռագոյնը։ Յանուն եւ ընդդէմ Եռագոյնի կազմաւորուեցան եւ դրսեւորուեցան հայ քաղաքական մտքի ոգորումները.

- Յանուն Եռագոյնի՝ իր հոգեմտաւոր թաքուն սրբութիւնը ունեցաւ եւ աչքի լոյսի պէս պահպանեց հայրենի հողի վրայ ապրող հայը։

- Ընդդէմ Եռագոյնի՝ շարունակ մոլեգնեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան այս կամ այն մղումով անձնատուր դարձած հայրենաբնակ հայը։

- Յանուն Եռագոյնի՝ Երկաթէ Վարագոյրին այս կողմը եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր փողոցներուն վրայ, Ուխտ Արարատի ներշնչումով՝ միս ու ոսկոր կապեցին, ամէնուր Եռագոյն փնտռեցին եւ Մեր Հայրենիք երգելով Հայ Դատի պայքարի շղթայազերծման ուղին հարթեցին նոր սերունդները սփիւռքահայութեան։ Եւ բոլորուեցան Դաշնակցութեան շուրջ, որ անվեհեր դրօշակիրը եղաւ Եռագոյնի ծածանումին՝ ընդդէմ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ուրացման ու ձաղկման տխրահռչակ փորձերուն։

Իսկ ընդդէմ Եռագոյնի՝ սփիւռքեան ափերու վրայ, խորհրդայիններու ամբողջական եւ դաւադիր օրհնութեամբ, յարդարուեցաւ կեղծ «հայրենասէրներ»ու ճակատը՝ հակադաշնակցական պայքարը իր գոյութեան իմաստ դարձուցած խաժամուժ ճամբարը, որ հայոց Եռագոյնի ուրացման ու վարկաբեկման մէջ փնտռեց իր այսպէս կոչուած «իրատեսութեան» եւ «ողջմտութեան» դափնեպսակը։

Եռագոյնին եւ անոր խորհրդանշած ազգային-քաղաքական անկորնչելի արժէքներուն ուրացման մաղձով երկար տարիներ մոլեգնեցաւ հակադաշնակցական այդ ճամբարը, որուն մերկացումն ու խարազանումը ամէնէն բուռն կերպով կատարեց անկրկնելի Նժդեհը՝ 1930ականներուն գրելով.

«Ժխտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարականը խորհրդանշող Եռագոյնը, հակադաշնակցականը մատնում է ցեղօրէն կենտրոնախոյս իր հոգեբանութիւնը: Վտարուած հայ ցեղայնութիւնից‘ նա սարսափում է Եռագոյնի միացուցիչ իդէալից - անկախ եւ ամբողջական հայութեան հեռանկարից: Պատմականօրէն այս տիպը միշտ էլ եղել է պառակտիչ, հատուածական ու այդպիսին է եւ այսօր»:

Անցած¬գացած են այդ ժամանակներն ու խորհրդային խորշակը։

Կանգուն մնացած՝ վերարժեւորուած է Եռագոյնը եւ իբրեւ Հայոց ազգային ու պետական Դրօշը անխռով կը ծածանի։

Եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ու երկնակամարին, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքի բոլոր ատեաններուն եւ մեծ, միջին թէ փոքր պետութիւններու դիւանագիտական բոլոր կառոյցներուն ճակտին։

Հայոց եռագոյնը նաեւ վերածուած է հայ ժողովուրդի մերօրեայ ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող դրօշի։ Մէկդի նետուած են անմիջական թէ հեռաւոր անցեալի ամէն կարգի նախապաշարումները, ուրացումներն ու հակադրութիւնները։

Իր ամբողջական մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ ընդգրկուած է Եռագոյնը՝ իր երեք գոյներու խորհուրդով ու փառքով։

Եռագոյնի բիւրեղեայ այդ խորհուրդը չեն կրնար արատաւորել, նաեւ, մեր օրերուն հայրենի որոշ երգիչներու եւ իշխանաւորներու կողմէ Եռագոյնին «նարնջագոյն»ը այսպէս կոչուած «ծիրանագոյն»ով փոխարինելու անհեթեթ փորձերը։

Հայրենի մտաւորականութիւնը այսօր ինք կը պայքարի նման խեղաթիւրումներու դէմ, որքան ալ բարեմտութեամբ կատարուին անոնք։ Ահա՛ Եռագոյնի աւանդին տէր կանգնող հայրենական ձայն մը.

«Անկախ Հայաստանի դրօշին՝ Եռագոյնի գոյներուն լաւագոյն մեկնաբանութիւնը տուած է Անդրանիկ Ծառուկեանը.

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,

Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,

Հասուն հասկերի շողք նարնջագոյն,

Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝ Դրօշ Եռագոյն:

«Նարնջագոյն, այլ ո՜չ ծիրանագոյն, որ վերջերս որոշ քարոզչական ճիգով նետուած է հրապարակ՝ իբրեւ փոխարինող: Որքան էլ ծիրանը հայկական է ու գոյնը իւրայատուկ, մեր ներաշխարհին մէջ ամուր խարսխուած է նարնջագոյնը՝ իբրեւ Եռագոյնի երրորդ երիզը: Մոռնանք այս ամուլ վէճը ու կեդրոնանանք Եռագոյնին վրայ՝ իբրեւ մեր ազգային դրօշը, որուն հանդէպ սրբազան ակնածանք, սէր ու նուիրուածութիւն ցուցաբերած են տարագիր սերունդներ, եւ որ արդարօրէն վերագրաւեց իր տեղը, իր դիրքը վերանկախացած Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ պետական խորհրդանիշ»:

Ինչպէս որ 1918ին Հայաստանի անկախութեան կերտիչները որոշեցին, բազմադարեան գերութենէ եւ պետականազուրկ կեանքէ դուրս եկած եւ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իր արժանաւորութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը ամբողջ կենսափորձ մը խտացուց ազգային¬պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.

- Կարմիրը միշտ պիտի վկայէ արեան այն գերագոյն զոհաբերումին մասին, որուն հարկադրուեցաւ տուրք տալու Հայը՝ աջէն թէ ձախէն ասպատակող բռնագրաւողներու հարուածներուն տակ, բայց եւ որուն միշտ պատրաստ գտնուեցաւ՝ ի խնդիր ինքնապաշտպանութեան եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան նուաճումին։

- Կապոյտը միշտ պիտի յուշէ պայծառ երկինքն ու անեզր հորիզոնը Հայոց աշխարհին, Հայու հոգեմտաւոր պայծառութեան ու խորախորհուրդ արարումներուն, որոնք ազգային մեր ինքնապահպանման եւ ինքնահաստատման անպարտելի զէնքերը եղան, պարտութեան մէջ անգամ բարոյական յաղթանակ ապահովելով, մահացու հարուածներու զգետնումէն անգամ վերստին ոտքի կանգնելու եւ արարելու ուժականութիւն ներշնչելով։

- Նարնջագոյնը յաւիտեան պիտի խորհրդանշէ փառաւորումը հայրենի մեր հողին եւ բերքատու դաշտերուն, որոնց Հայը միախառնեց իր ճակտի քրտինքը՝ արդար վաստակն ու համայնական եւ հասարակական համերաշխութիւնը գերագոյն արժէք դաւանելով, այդ ներշնչումով հողը հերկելու ժամանակ մինչեւ իսկ... եղբայրանալով իր եզին հետ։

Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ, 11 Մարտ 1923ին, Հայոց եռագոյնը Փարիզի Ինվալիտի Զինուորական Թանգարանին մէջ բարձրացնողները, ամէն բանէ վեր, յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցանէին ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտանիքը հարստացուցած Հայոց փոքր, բայց խորհուրդով եւ փառքով մեծ Ածուին։

Ն.

 

Մեղա՜յ, Մեղա՜յ Եռագոյնին

Սիլվա Կապուտիկեան

Եռագոյն Դրօշի ուրացման եւ անկախ Հայաստանի ազատ ու ժողովրդավարական Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներուն դէմ տասնամեակներով մղուած հակադաշնակցական մաղձոտ պայքարին մասին, վերջին քսանհինգ տարիներուն, յուզիչ խոստովանութիւններ շատ կատարուեցան հայրենի մտաւորականներու կողմէ, որոնք ժամանակին իրենց կարգին «գաղափարախօսական» տուրք վճարած էին Եռագոյնի դէմ ծաւալած պայքարին։ Այդ խոստովանութեանց շարքին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Սիլվա Կապուտիկեանի հետեւեալ վկայութիւնը, որ լոյս տեսած է «Գրական Թերթ»ի 6 Ապրիլ 1991ի թիւին մէջ: Ս.Կապուտիկեանի այս տողերը գրուած են Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու վանքն ու հոն գտնուող թանգարանը այցելելէ ետք.-

Թանգարանի սրահներից մէկում ուշադրութիւնս գրաւեց անկիւնում դրուած մի ցուցանմոյշ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը: Հաստատ կտաւի հիւսք ունեցող երեք շերտերը անճանաչելիութեան չափ խունացած էին, եզրերի թելերը՝ ծիւրած, քանդուած: Ուղեկիցներս ասացին, որ 1920 թուականին, Հայաստանում իշխանութիւնը խորհուրդների ձեռքն անցնելուց յետոյ, Հայաստանի նախկին կառավարութինը միառժամանակ հանգրուանել է Վիեննայում, հէնց այդ շէնքում, եւ դրօշը այդ օրից էլ մնացել է այստեղ: ես խնդրեցի ինձ լուսանկարել դրօշի կողքին: Մէջս եղած զգացումները բարդ էին ու դժուար բացատրելի...

Կեանքիս վերջին երկու-երեք տասնամեակում, արտասահման եղած օրերիս, քանի՜ անգամ եմ հանդիպել այդ դրօշի հետագայ օրինակումներին՝ բազմահոլով Եռագոյնին... Եօթանասուն տարի շարունակ այդ որակուել է որպէս Դաշնակցական կուսակցութեան, ուրեմն եւ՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ նրա դրօշի դէմ ուղղուած խորհրդանիշ: Եւ եօթանասուն տարի շարունակ այդ երկու դրօշները, երկու ըմբշամարտիկի պէս, Սփիւռքի կոչուած մարզահրապարակում կռուի են բռնուել իրար հետ՝ իրենց հակոտնեայ կողմնակիցների խրախուսող կամ այպանող բացագանչութիւնների տակ:

Մեզանից ով եղել է արտասահմանում, լաւ գիտի այդ մարզահրապարակի շիկացած նթնոլորտը, եւ որովհետեւ ես շատ եմ եղել այնտեղ, աւելի խորն եմ զգացել այդ շիկացածութիւնը: Յաճախ է պատահել, որ իմ հիւրընկալները խոչընդոտել են ինձ ելոյթ ունենալու այն սրահներում... որտեղ կախուած է եղել Եռագոյնը, նոյնիսկ երբ այդ սրահը հայկական վարժարան է եղել: Պատահել է, որ իմ ելոյթներում ու գրքերում քննադատական խօսքեր եմ ասել ե՛ւ այդ դրօշի, եւ նրա հովանու տակ գործող կուսակցութեան հասցէին... Ստիտո՞ւմ է եղել դա, թէ՞ համոզում, հիմա դժուար է որոշակիօրէն սահմանազատել: Եթէ ճշմարիտը ասենք՝ երկուսն էլ եղել են...

Սակայն ես ինձ մխիթարում եմ նրանով, որ յամառօրէն կոտրել եմ դիմացիների դիմադրութինը եւ գնացել եմ այդ հաւաքատեղիներն ու վարժարանները: Գնացել եմ. եւ որտեղ կախուած է եղել Եռագոյնը, ջանացել եմ չտեսնելու տալ, արագօրէն անցնել նրա մօտով, ինչպէս կþանցնէիր քեզ գաղտնօրէն ձգող հրապուրանքիդ մօտով, երբ կողքիդ քո ամէն մէկ շարժումը վերահսկող կայ...

Լաւ իմանալով Սփիւռքի իրադրութիւնը, ես սկզբում, երբ մեր երեւանեան միտինգներին սկսեց երեւալ Եռագոյնը, կողմնակից չեղայ այդ հապշտապ քայլերին: Բայց յետոյ երբ պայթեց կործանարար երկրաշարժը, երբ ակնյայտ դարձաւ, թէ ինչպէ՛ս են կայսերապաշտական բնազդները պահպանող Մոսկուան եւ անբարոյ Պաքուն օր-օրի աւելի ու աւելի սաստկացնում մեր ժողովրդի վրայ տեղացող հարուածները, նենգօրէն ջանում տրորել նրան նաեւ բարոյապէս, երբ տեննելով մեր բազմամարդ հանրահաւաքներում ֆեդայիներին, Անդրանիկին նուիրուած ալեկոծ տօնահանդէսներում ժողովուրդն ինչպիսի կենարար մոլեգնութեամբ եւ ապաւինումով է ծածանում Եռագոյն դրօշները՝ որպէս դիմադրելու, երկնային ու երկրային պատուհասներին դիմակայելու եւ իրեն հաստատելու խորհրդանիշ, զգացի, որ, թէկուզ Սփիւռքի ժամանակաւոր տարուբերումի գնով, մեզ անվերապահօրէն անհրաժեշտ է այդ խոոհրդանիշը, հոգիները փարատող, մեր պահեստի կարողութիւնները վերականգնող նրա ներգործութինը:

Եւ, ահա՛, հիմա, Երեւանից ու նրա այլազան ալեկոծութիւններից հեռու, խոստովանանքային միայնութեան մէջ, ես կանգնած եմ խունացած, տոհմական մասունք դարձած այդ դրօշի կողքին, որ թւում է, բնօրինական է հետագայ բոլոր Եռագոյնների եւ, ուրեմն, անմասն հետագայ բոլոր եղծումներին, համակրանքներին ու հակակրանքներին ու որ իրապէս տառապածն է, ամենասուրբն ու ամենախնկելին, նրա առջեւ խոնարհւում եմ լռելեայն եւ մէջս կարկամած խառնիխուռն, չարտասանուող խօսքերից ամենազօրեղը ներումն հայցելու խօսքերն են, զղջումի ցաւոտ զգացումը՝ իմ անցած ճանապարհի այն բոլոր մեղանչումների համար, որ իմը չեն, բայց եւ իմն են այնուամենայնիւ: