- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ Ապրիլ 18ին, հայ մարդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը մեր գրականութեան դասական հսկաներէն Ալեքսանդր Մովսիսեանի, որ արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ ծնած ըլլալով, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզադէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր բարձունքը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։
- Details
- Category: Յուշատետր
(Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեցին ցեղասպաններ
Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին)
Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան ամէնէն արդար պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 1922 թուականի այս օրը՝ Ապրիլի 17ը, երբ Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ, նոյն պահուն եւ միատեղ, իրենց արդար պատիժը կրեցին Թուրքիոյ գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներու եւ մեծավաստակ արժէքներու փաղանգին մէջ եզակի է տեղը լեզուաբան ու բանասէր, պատմագէտ ու մտաւորական Հրաչեայ Աճառեանի, որ 1953ի այս օրը՝ Ապրիլ 16ին, Երեւանի մէջ, առյաւէտ փակեց տքնաջան, այլեւ յոգնատանջ իր աչքերը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Ապրիլ 14ի երէկուան օրը, 94 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութեանց նախագահներ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Ապրիլ 13ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը արդի հայ գրականութեան իրապաշտ սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Վրթանէս Փափազեանի։