- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու պանթէոնին մէջ բարձրադիր իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 40րդ տարելիցն է վաղը։
12 Ապրիլ 1973ին, այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր աչքերը առյաւէտ փակեց Հ.Յ.Դ. «Նեմեսիս» Գործողութեան քաջասիրտ Ահաբեկիչը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Ապրիլ 10ի այս օրը, 75 տարի առաջ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սուրբ կեդրոն Ս. Էջմիածնի մէջ, հայ չեկիստներ խեղդամահ սպաննեցին Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբէգեան (Տփղիսեցի) Կաթողիկոսը։
- Details
- Category: Յուշատետր
89 տարի առաջ, 1924ի Ապրիլ 9ի այս օրը, երեսուն տարեկանին վախճանեցաւ հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած բանաստեղծներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիի սիրոյ ու քնքշանքի, այլեւ կեանքի ու բնութեան շնորհալի երգիչը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յիսունհինգ տարի առաջ, 1958ի Ապրիլ 8ի այս օրը, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Անկախութեան սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գառնիկ Գիւզալեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի պատմաբան գաղափարախօսը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած Լեւոն Շանթի ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Ապրիլ 6ին։