Ապրիլ 29ի ն կը նշենք տարեդարձը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին բախտորոշ յաղթանակներէն մէկուն՝ Սասունը Մշոյ դաշտին կապող Իշխանաձորի (Իշխնձոր՝ Տարօնի բարբառով) հերոսական կռիւներուն։

98 տարի առաջ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքի օրերուն, ճշգրտօրէն Ապրիլ 27ին, նորածինի ճիչ մը կեանքով լեցուց Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի), Ախուրեանի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տունը։

Ապրիլ 25ի այս օրը կը լրանայ մահուան 125ամեակը անմահն Րաֆֆիի, որ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնայ իբրեւ հանճարեղ երգիչը հայ ժողովուրդի ազգային ծառացումի եւ արդար ըմբոստացման ոգիին՝ Հայու Մարտունակութեան։

Ապրիլեան ոգեկոչումներու եւ խորհրդածութեանց ծանր մթնոլորտը յատկապէս շեշտելու կու գայ Ապրիլ 22ի այս օրուան զուգադիպող մահուան 79րդ տարելիցը Միքայէլ Վարանդեանի։

1915ի Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած, աքսորուած ու Արհաւիրքի ճամբուն վրայ տմարդի խոշտանգուած ու նահատակուած հայոց Մեծերու շարքին չգտնուեցաւ Միքայէլ Վարանդեան։

118 տարի առաջ, Ապրիլ 19ին, Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ցարական Ռուսաստանի դեսպանները ի մի եկան Պոլսոյ մէջ, միասնաբար մշակելու համար հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումներու ծրագիրը։