22 Մայիսին, 106 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հայահոծ Պարտիզակ աւանին մէջ (Նիկոմիտիա), լոյս աշխարհ եկաւ հայկեան հանճարի երաժշտական շնորհներով օժտուած մանուկ մը, որ թէեւ միայն 40 տարի ապրեցաւ մարմնապէս, բայց իր Գուրգէն Ալէմշահ անունով եւ երաժշտական բարձրարժէք ստեղծագործութեամբ՝ հայոց սերունդներուն եւ ընդհանրապէս երաժշտասէր մարդկութեան կտակեց հայկական երգարուեստին ու երաժշտութեան հմայքն ու ջերմութիւնը տարածող անկորնչելի ժառանգութիւն մը։

«Պատմական իրողութիւն է, որ... Խորհրդային Հայաստանը շարունակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Եթէ տեղի չունենաին այն մաքառումները, որոնք յանգեցրին հայկական անկախ պետութեան ստեղծման 1918թ. Մայիսի 28ին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ազգային կազմով ու նկարագրով, այսօր գոյութիւն չէր ունենայ եւ Խորհրդային Հայաստանը ազգային կազմով ու դիմագծով:

Մայիս 20ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ իր անզուգական ծնունդներէն՝ ազգային մարտունակութեան վաւերական դէմքերէն եւ Արդարութեան ու Ազատութեան դաշնակցական նուիրեալներէն Եփրեմի մարտիրոսացման օրը։

Մայիս 18ը, 113 տարի առաջ, հայոց ազգային յիշողութեան մէջ բացաւ նշանակալից եւ անմոռանալի էջ մը։
1900ի Մայիս 18ին դաշնակցական ֆետայիները արդար վրէժը լուծեցին Սերոբ Աղբիւրի դաւադրաբար սպանութեան եւ գլխատումին։

Մայիս 16ին կ'ոգեկոչենք մարտիրոսացումը հայդուկապետ Վահան Մանուէլեանի, որ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան օրհասական կռիւներու ընթացքին ինկաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան արիւոտ ճանապարհին։