89 տարի առաջ, 1924ի Ապրիլ 9ի այս օրը, երեսուն տարեկանին վախճանեցաւ հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած բանաստեղծներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիի սիրոյ ու քնքշանքի, այլեւ կեանքի ու բնութեան շնորհալի երգիչը։

Արեւմտահայ գրականութեան, որոշապէս պոլսահայ գրողներու գեղապաշտ սերունդին թանկարժէք քարերու շղթային վերջին, բայց ոչ վերջնագոյն գոհարեայ օղակն է Զարիֆեան, որուն պարզ ու սրտառուչ, վեհ ու գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները ժամանակին հետ աւելիով կը հաստատեն իրենց թարմութիւնն ու առինքնող շունչը։

Ծնած է 1894ին, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Ռոպըրթ Գոլէճ» եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1912ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով։

Դպրոցէ դպրոց Զարիֆեանի այսօրինակ տեղափոխութիւնը իր կենսագիրները կը բացատրեն այն պատճառով, որ ըմբոստ եւ անարդարութեանց ու անիրաւութեանց դէմ ծառացող նկարագրի տէր էր Զարիֆեան։

Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած է ողիմպիական մրցախաղերու եւ մրցանակներու տիրացած։ Նման մրցախաղի մը ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած մշակ էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգացած է. թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպած է 19ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։

1914ին կը զինուորակոչուի։ Օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքը կ՛արագացնէ արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող Զարիֆեանի առողջութիւնը։ Կը տեղափոխուի հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չի վերականգնիր։

1918ի զօրացրւումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան կը վերադառնայ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ կը դասաւանդէ անգլերէն լեզու ու մարմնակրթանք։ Փաստօրէն այս շրջանին է, 1919էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք կը գործէ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։

Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում առաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ։ Անըսպառ եռանդով փարեցաւ ե՛ւ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, ե՛ւ յատկապէս գրական-ստեղծագործական աշխատանքին՝ իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին վերահրատարակութեան՝ «Ճակատամարտ»ի էջերուն։ Իսկ առանձին գրքոյկներով, յաջորդաբար 1921ին եւ 1922ին, Զարիֆեան լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր» ու «Կեանքի ու մահուան երգեր» ժողովածուները։

Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին։ Մինչեւ անգամ Յակոբ Օշականի խստապահանջութեամբ քննադատը չվարանեցաւ վաւերական բանաստեղծի եւ շնորհալի տաղանդի պատուանդանին բարձրացնելու Զարիֆեանին։

Իրաւամբ՝ կարճատեւ եղաւ Զարիֆեանի անցքը հայ գրականութեան անդաստանէն, բայց մեծ եղաւ անոր ցանքը ու արժանացաւ յաւերժութեան։

Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածին ստեղծագործական զեղումով հակադարձելու Զարիֆեանի դրական հոգեկերտուածքին մէջ։

Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մ. Զարիֆեանի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի ցասումն ու քէնը չկայ եւ ուրկէ կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը։ Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չեղաւ, որ Զարիֆեան կորսնցնէ իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը։

Նոյնքան յատկանշականօրէն, Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։ Վճիտ ու զուլալ առուակի պէս հոսեցաւ Զարիֆեանի քնարերգութիւնը եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ, որովհետեւ ինչպէս Մ. Իշխան կ'ընդգծէ՝ «Զարիֆեան «փոքրիկ երգերով մեծ վիշտեր կ'երգէ», ինչպէս կ'ըսէր Հայնրիխ Հայնէ»։

Վաղամեռիկ բանաստեղծը թաղուեցաւ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան մէջ, Պետրոս Դուրեանի շիրիմին մերձաւորութեամբ։ 1970ին, Պոլսոյ հայութիւնը գեղեցիկ յուշարձան մը կանգնեցուց անոր շիրիմին վրայ։

Եւ ամէն Ապրիլի 9ին, Մ. Զարիֆեանի յիշատակը ոգեկոչելով, հայու հոգին իր տարաբախտ բանաստեղծին հետ լուռ կը մրմնջայ.-

«Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, ճակատագիր,
Անսահման ծիծաղ մþունիմ քեզի դէմ»...

Կամ՝ «Հեգնանք» խորագրուած Զարիֆեանի երկու տուն քերթուածին այնքա՜ն հոգեհարազատ ու քնարական շունչով, հայ մարդը նորովի կը հակի տաղանդաւոր բանաստեղծին ինքնատիպ յուզաշխարհին վրայ եւ կþարձագանգէ անոր երգին.-

«Քանի՜ կ'աճի ցաւը մարմնիս,
Ժպիտն աչքիս վարդ կ'ըլլայ.
Ցուրտ հոգիէս կþանցնի Մայիս,
Ու լոյս կ'իյնայ ճակտիս վրայ... 

եւ այս վարդով, այս գարունով,
Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,
Ան որ կու գայ՝ հողին քունով
Քնացընել Ցաւն հսկայ...։

 

Բանաստեղծութիւններ՝ Մատթէոս Զարիֆեանէն

 ԿԸ ՍԻՐԵՄ

Կը սիրեմ իրեն
Գիշե՜ր նայուածքին
Տաղերը մէկին...

Կը սիրեմ իրեն
Անդո՜ւնդ մազերուն
Նուագն օրօրուն...

Կը սիրեմ իրեն
Ծոծրակը ձիւնէ,
Որ երա՜զ մըն է...

Ու շա՛տ կը սիրեմ
Իրիկնամուտին՝
Համբոյր մ’իր ճակտին...

Բայց ամէնէն շատ
Կը սիրեմ իրեն
Արցունքն հոգիէն

ԱՇՆԱՆ ԻՐԻԿՈՒՆ

Դեռ կը յամենայ
Բըլուրին վըրայ
Լացը սըրինգին...

Ու դեռ երկինքէն
Իջնել կը վախնան
Աստղերը աշնան...

Հատ-հատ կը թափին
Այս լուռ ծովափին
Արցունքներ անտէր...

Իսկ ես չե՜մ գիտեր՝
Տանիմ դէպի ո՛ւր
Այս սիրտըս թափուր...

Դեռ կը յամենայ
Բըլուրին վրայ
Լացը սըրինգին...

ԱՇՈՒՆ ԳԻՇԵՐ

Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին.
Ծեր վարդեր կը դողա՜ն
Որ ցուրտէն չըսառին...

Լուսնի լո՜յս ամէն դի,
Նոյնիսկ ի՜մ աչքերուս.
Բայց ինչո՞ւ կը կաթի
Սա արցունքն այտերուս...

Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին.
Երազներս կը դողա՜ն
Որ լուսնէն չը սառին...։

ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիսամութին մէջ հոգիիդ
Պիտի իջնեմ այս իրիկուն.
Քանի մը վարդ աղուափըթիթ
Պիտի գողանամ ու տանիմ տուն։

Պիտի արդեօք վշտանա՞ս դուն...
Գարո՜ւն է, քո՛յր, ամէն տունի...
Իմ տունս, տե՜ս, ծիլ մը չունի...

ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԾՈՎԸ

Երբ իրիկուան ծովը դիտես՝
Կը տեսնես, խո՜ր, իրերն անտես...
Ա՜հ, իրիկուան
Ծովն ա՜յնքան
Կը տժգունի
Ու դող ունի՝
Որ կը տեսնես, աստղերու պէս,
Յըստա՜կ-յըստա՜կ իրերն անտես...

 

ԾՈՎՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

Հոգիս այսօր մութ-կապո՜յտ է
ծովուն պէս,
Եկուր լըռել իր ամայի ափունքին...
Հոգիս այսօր ե՜րգ ունի
ճի՛շդ ծովուն պէս,
Եկուր լըսել՝ մինչեւ աչքերըդ
թըրջին...

Գիշեր է, մե՜ծ լուսընկայով արծաթէ,
Բայց լոյսն այս ցուրտ, օ՜, չե՛մ կըրնար սիրել ես.
Իմ լուսնընկան դո՛ւն ես, ամպէ մը ծաթէ
Եղիր Աստուա՜ծն իմ երկնընքին
տրտմերես...

Հոգիս այսօր խենթեցե՜ր է ծովուն պէս...

 

ԿՈՅՍԻ ՀՈԳԻ

Այս ո՜րքան վարդ նորէն այսօր
Աչքերուդ մէջ. իմ աղուո՛ր...
- Քե՜զ եմ բերեր, մըռայլ տըղայ,
Եկուր անոնց մէջ լողա՜...

Այս ո՜րքան աստղ, այս իրիկուն,
Աչքերուդ մէջ, իմ անհո՛ւն...
- Քե՜զ եմ բերեր, հպարտ տըղայ,
Սիրտըս սերէն կը դողա՜յ...

Այս ո՜րքան վիհ սակայն հիմա
Աչքերուդ մէջ կ’երեւայ...
- Գիշերն ի՛մն է, անսի՛րտ տըղայ,
Աստղերուս տակ դուն խաղա՜...

ՀՈԳԻՍ

Հոգիս պըզտիկ աղբիւր մըն է արծաթէ,
Գիշերին մէջ գըլգըլացող ու լացող,
Որ քէն չունի ժայռերուն դէմ,
կ’աղօթէ՜,
Ու լուսնակէն կ’ըսպասէ լո՛կ շիթ մը ցօղ...

Ո՛չ մէկ ուռի ճամբուս վըրայ ամայի.
Կործանեցան բոլորը մե՜ծ հովերէն.
Հոն-հոն ագռա՛ւ մը լոկ ջուրիս կը նայի՝
Այց ես կ’երթա՜մ գըլգըլալէն ու լալէն... 

Ինչու որ, օ՜, գիտե՛մ թէ օր մը աղուոր
Պիտի գայ Կոյսն, անտառներու խորերէ,
Ու հակելով ջուրիս վըրայ մենաւոր՝
Պիտի ափին մէջ մարգարիտնե՛րըս համրէ:

 

ՀՈՎՈՏ ԳԻՇԵՐ

Մոմըս տակաւ կը մարի
- Հոգիս դատա՛րկ է նորէն -
Գիշերուան հովն ուժգնօրէն
Հին ցաւերուս կը փարի...

Մտածումներս կը հատնին.
- Հոգիս դատա՛րկ է նորէն -
Ցուրտ բարձերուն ծայրերէն
Ցաւոտ յուշեր կը ծընին...

Սիկառս յուշիկ կը սպառի.
- Հոգիս դատա՛րկ է նորեն
Կապոյտ ծուխը հեղգօրէն
Կ’երազկոտի, կը ցնդի...

Միտքս ՈՉին կը հարի.
Հոգիս դատա՛րկ է նորէն -
Գիշերուան հովն ուժէնօրէն
Ա՛լ ցաւերուս թող փարի,

Մոմըս սակաւ կը մարի...

Ն.