1916 թուականի ա՛յս օրը՝ Մայիս 15ը, կը խորհրդանշէ հայոց Ազատամարտի դիւցազներգական անմոռանալի էջերէն մէկը։

Մայիս 14ի այս օրը, 381 տարի առաջ, պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող Արեւելահայաստանի մեծ աւաններէն Երեւանի մէջ, ապաժամ վախճանեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ «Աստուածաշնորհ» ու առաքելատիպ դէմքերէն Սուրբ Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոսը։

Մայիս 13ի այս օրը կը լրանայ մահուան 83րդ տարելիցը նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արժանի տեղ գրաւած հայասէր օտարներու փաղանգին մէջ կը զատորոշուի հայապաշտպանի իւրայատուկ լուսապսակով։

108 տարի առաջ, 1905 թուականի 11 Մայիսին, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։

Մայիս 8-9ը պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց յուշատետրին մէջ 1992ին, երբ Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմաքաղաքական բացառիկ սխրանքով։