Երբ 1968ին, Մայիսեան հերոսամարտներու յիսնամեակին առիթով, մեծն Պարոյր Սեւակ զանգահարեց հայրենի հայութեան ազգային յիշողութեան՝ սթափեցնելով, որ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից», ըստ էութեան «Մայիս 28»ի ուրացման վերջ տալու կոչէն աւելի՛ն կատարեց։

«Հայդուկը իր մաուզէրով եւ արիւնով պիտի տիրանայ ազատութեան ու հայրենի հողերուն»…

Այսպիսի՛ նշանաբանով իր կեանքը իմաստաւորեց հայ ուսուցիչի իւրայատուկ տիպար մը հանդիսացած Սարգիս Մանասեանը, որ շուրջ քսան տարի Դաշնակցութեան զինական ուժերու կազմակերպիչը եղաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ամէնէն բուռն ժամանակաշրջանին։

Մայիս 27ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Բաշ-Ապարանի ճակատին վրայ, ծանր պարտութիւն կրեցին Հայաստանի սիրտը՝ Երեւանը գրաւելու ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկած թրքական զօրքերը։

Մայիս 25ը, 95 տարի առաջ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ նոր կեանքի պայծառ հորիզոնը բացող Սարդարապատի յաղթանակին նշանակալից օրը դարձաւ։

25 Մայիսը եղաւ, ցեղասպան Թուրքիոյ օրհասական սպառնալիքին դէմ, Արամներու ոտքի հանած հայոց զօրայիններու հակայարձակման առաջին եւ վճռորոշ յաղթանակին հրաշափառ օրը։

1918 թուականի Մայիս ամսու վերջին օրերը կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանի յաղթական վերականգնումը՝ Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը։