Ապրիլ 25ի այս օրը կը լրանայ մահուան 125ամեակը անմահն Րաֆֆիի, որ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնայ իբրեւ հանճարեղ երգիչը հայ ժողովուրդի ազգային ծառացումի եւ արդար ըմբոստացման ոգիին՝ Հայու Մարտունակութեան։
Րաֆֆի եղաւ Հայկեան Հանճարի վիպագրական ճառագայթումին արժանաւոր առաքեալը, որ իր արուեստով ու շունչով հայոց ազգային-ազատագրական դիւցազնամարտին անշէջ կայծերը դարաւոր ստրկութեան մոխիրներէն մաքրեց եւ իբրեւ գաղափարական անմար խարոյկ բոցավառեց՝ դառնալով անզուգական պատգամաբերը նոր ժամանակներու խիզախ, խրոխտ եւ անպարտելի Հայուն։
19րդ դարավերջի Հայկական Յեղափոխութեան ֆետայական մեծ պոռթկումը ներշնչման իր վարար աղբիւրը գտաւ Րաֆֆիի կերտած «Խենթ» հերոսներուն ու «Կայծեր» շնչաւորող գաղափարներուն մէջ։
Օտարի լուծին տակ ճնշուած, հարստահարուած եւ զգետնուած հայութեան առջեւ Րաֆֆի բացաւ «Խաչագողի յիշատակարանը», որպէսզի գերագոյն սրբութեան՝ ազատութեան ու արդարութեան բագինին մարդու գերագոյնը զոհաբերելու գաղափարապաշտութեան դասերը սորվեցնէ հայոց գալիք սերունդներուն։
Րաֆֆի երկրպագեց մէկ ու միակ այն դաւանանքին, որուն ուսմուքնով՝ «Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է Հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը»։
Հայոց բնաշխարհին, շինական հայու բարոյական վեհութեան եւ հայոց պատմութեան դիւցազնական խոյանքներուն անխոնջ ունկնդիրն ու անյագ ուսանողը եղաւ Րաֆֆի, որ իր ամբարած գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, երկնատուր իր ստեղծագործ տաղանդին ուժով, մինչեւ վերջին բջիջը բաշխեց հայոց նորահաս սերունդներուն։
Եւ պատահական չէ, որ հայ մարդը յատկապէս իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան կը կարդայ Րաֆֆին, կը կապուի անոր պատգամին եւ Րաֆֆիի շունչով կը լեցնէ Հայու իր ներաշխարհը։
Հայոց Աշխարհի իր խոր ճանաչողութեամբ՝ Րաֆֆի տէր կանգնեցաւ ազգային դաստիարակի մեծ առաքելութեան։
Սորվեցուց, որ՝ «Ստրկութիւնը սկսուել է եւ շարունակուել տափակ երկրների վրայ եւ աւելի տաք կլիմայի մէջ: Տափակ երկիրը տալիս է մարդուն տափակ բնաւորութիւն, զարգացնում է նրա մէջ թեքուելու ընդունակութիւն: Բայց լեռնային երկրի բնակիչը նոյնպէս ուղղաձիգ, նոյնպէս բարձրադիտակ է, որպէս իր շրջապատող սեպաձեւ ժայռերը»:։
Աւազանի անունով Յակոբ Մելիք-Յակոբեան՝ Րաֆֆի ծնած էր 1835ին, Սալմաստ գաւառի Փայաջուկ գիւղը (ներկայիս Պարսկաստան), հարուստ եւ ազնուական ընտանիքի յարկին տակ։ Հայրը՝ Մելիք Միրզան 13 զաւակներ ունէր։ Րաֆֆի իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ գիւղի ծխական ուսումնարանին մէջ, ուր տիրող կրօնական խստութեան եւ խաւարամտութեան տէր¬թոդիկեան մթնոլորտին դէմ մանուկ տարիքէն ծառացաւ Րաֆֆի՝ իր կեանքը իտէալը դարձնելով հայոց նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր լուսաւորութեան մեծ գործը։
1847ին ղրկուեցաւ Թիֆլիս՝ Կարապետ Բելախեանցի դպրոցին մէջ ուսում ստանալու համար։ 1852ին ընդունուեցաւ ռուսական պետական գիմնազիայի չորրորդ դասարանը։ Այստեղ է, որ չորս տարուան իր ուսումնառութեան շրջանին, կազմաւորուեցան Րաֆֆիի գրական նախասիրութիւնները՝ Շիլլերի եւ Հիւկոյի օրինակով եւրոպական մեծ գրողներու արուեստին, ինչպէս եւ ռուսական այդ ժամանակի գրականութեան գեղարուեստական նորարարութեանց վրայ։
1856ին, գիմնազիայի դասընթացը չաւարտած, Րաֆֆի վերադարձաւ Փայաջուկ՝ տնօրինեու համար իր գերդաստանի կառավարման գործը։ Սակայն ազգային-ազատագրական բուռն գաղափարներով տոգորուած Րաֆֆին այլ ասպարէզի համար էր նախակոչուած։ Իր ծրագիրներուն իրականացման համար կարեւորագոյն նշանակութիւն տալով «կեանքի ուսումնասիրութեան», 1857-58ին Րաֆֆի ուղեւորութեան մը ձեռնարկեց Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ գրաւման տակ ինկած հայկական գաւառներուն մէջ՝ գրի առնելով մեր ժողովուրդի նիստ ու կացին, բնաշխարհագրական առանձնայատկութեանց, պատմական յիշողութեանց վերաբերեալ իր հարուստ տպաւորութիւնները, որոնք հետագային լայն չափով ու մանրամասնօրէն տեղ գտան իր վէպերուն եւ ակնարկներուն մէջ։
1860ականներու վերջերուն Մելիք-Յակոբեաններու ընտանեկան տնտեսութիւնը լուրջ դժուարութեանց մատնուեցաւ եւ Րաֆֆի որոշեց, 1872էն սկսեալ, մշտական բնակութիւն հաստատել Թիֆլիսի մէջ եւ ամբողջապէս նուիրուիլ գրական աշխատանքի։ Այդ օրերուն Գրիգոր Արծրունի նոր սկսած էր հրատարակել «Մշակ» օրաթերթը, որուն մշտական աշխատակիցը ըլլալու հրաւէր ստացաւ Րաֆֆի՝ նոյնինքն Արծրունիի կողմէ։ Այդպէս սկսաւ եւ աւելի քան 15 տարի շարունակուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական զարթօնքի երկու այս մեծ ռահվիրաներուն գործակցութիւնը։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Րաֆֆի ստեղծեց իր գրական-բանասիրական եւ ակնարկագրական պատկառելի հարստութիւնը, որ իր մնայուն եւ հպարտառիթ տեղը գտած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր անկորնչելի ժառանգութեան մէջ։
Րաֆֆի վախճանեցաւ 1888ի Ապրիլ 25ին եւ աճիւնը ամփոփուեցաւ Թիֆլիսի Խոջիվանքի հայկական գերեզմանատան մէջ։
Հայ ազգային-ազատագրական պայքարի վիպագրութեան անվիճելի վարպետի յիշատակին նուիրուած յարգանքի այս վկայութիւնը կþարժէ պսակել հայ ժողովուրդի նահատակութեան եւ պարտութեան խորհուրդէն ներշնչուած, Հայուն ցասումը խտացնող Րաֆֆիի մէկ բոցաշունչ պատգամով.-
Պատգամը առնուած է Րաֆֆիի «Ջալալէդդին» վէպէն, որուն հերոսներէն Դալի-Բաբա գաւաթ կը բարձրացնէ անցեալի մեր նահատակներու յիշատակին եւ ցասումով կը դատապարտէ ստրկութեան համակերպելու ազգային մեր տկարութիւնը։ Կը դատապարտէ մանաւանդ Հայու աստուածավախութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին այլասերումը։ Այլասերում, որուն հետեւանքով հայոց եկեղեցին եւ անոր սպասարկուները դարձան ծառայամիտ պաշտօնեաները կայսեր, սուլթանի, խանի կամ ցարի բըռնակալութեանց։ Այլասերում, որուն հետեւանքով եկեղեցիներով ու վանքերով ծածկուեցաւ Հայոց Աշխարհը եւ աւերուեցան մեր բերդերն ու ամրոցները, որոնք միակ ապաւէնն ու երաշխիքը պիտի ըլլային ազգային մեր մարտունակութեան պահպանումին ու ջրդեղումին։
Ահա՛ Րաֆֆիի պատգամը.
«Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին։ Եթէ դուք այս վանքերի տեղը, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք,- եթէ դուք այն անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք,- այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լինէր։ Այլեւս քուրդերը մեր երկիրը չէին քանդի, մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի...։ Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտը ու քաջութիւնը, նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այն օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առեց խաչը եւ մտաւ Մանիա այրում ճգնելու համար...«- Ո՜վ հայոց հին աստուածներ, ո՜վ Անահիտ, ո՜վ Վահագն, ո՜վ Հայկ, նուիրում եմ այս բաժակը ձեր սուրբ յիշատակին, դուք փրկեցէք մեզ...»։
Ն.