Հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայերու փաղանգին մէջ, իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Արամ Խաչատրեան, որուն ծննդեան 110ամեակը կը տօնենք Յունիս 6ի այս օրը։

Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,
Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց
Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զեյթունցւոց
Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ, գութիդ արեւէն:
Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,
Անոնց՝ որ, Տէ՛ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,
Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին ճիւաղէն
Բազուկներն որ բռնութիւնն յաղթահարեցին:

«ԱՂՕԹՔ... ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՍՈՎԵԼՈՑ ՀԱՄԱՐ» խորագրուած այս քերթուածը կը պատկանի հայ գրականութեան եզակի դէմքերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը ունեցող Ինտրայի, որուն նահատակութեան 92րդ տարելիցն է այսօր՝ Յունիս 6ին։

1918 ի այս օրը՝ Յունիս 4ը կը խորհրդանշէ հայոց նորագոյն պատմութեան սեւ թուականներէն մէկը՝ Պաթումի Պայմանագրին ստորագրութիւնը։

Յունիս 3ի այս օրը, 176 տարի առաջ, աշտարակեցի դերձակ Ստեփան Տէր-Առաքելեանի ընտանեկան համեստ ու չքաւոր երդիքին տակ, ծնաւ արու զաւակ մը՝ Յովհաննէս անունով, որ իր կեանքով եւ գործով մնայուն ու արժէքաւոր վաստակ մը կապեց իր ընտրած Պերճ Պռօշեան գրչանունին եւ արժանացաւ հայ գրականութեան դասական մեծերու պատուանդանին։

1918ի այս օրը՝ 31 Մայիսին, ազատութեան, անկախութեան եւ ազգային պետականութեան հիմնաւորման իր երթին ձեռնարկած Հայաստանէն հեռու, Կեսարիոյ մերձակայքը, ձիավարութեան ընթացքին արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր հայորդի մը՝ Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը։