Քառասուն տարի առաջ, Նոյեմբեր 25ի այս օրը, յունահայ գաղութը կորսնցուց իր վաստակաշատ նուիրեալներէն եւ գաղափարի մարտիկներէն Ահարոն Ստեփանեանը։

Ահարոն ամբողջ կէս դար իր կեանքն ու ընտանիքը նոյնացուց դաշնակցական մամուլին եւ, այդ ճամբով, յունահայ գաղութին հետ։ 1923էն սկսեալ եւ մինչեւ իր վերջին շունչը, Ահարոն ստանձնեց ու օրինակելի նախանձախնդրութեամբ յառաջ տարաւ գրաշարապետութիւնը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ խմբագրական պատասխանատուութիւնը սկզբնապէս «Նոր Օր», իսկ 1945էն ետք «Ազատ Օր» անունով անխափան հրատարակուած յունահայոց գլխաւոր, այսօր արդէն միակ օրաթերթին։

Սփիւռքահայ առաջին սերունդի արժանաւոր դէմքերուն մեծ մասին պէս, տարագրութեան ծանր ու դժուարին պայմաններուն հետեւանքով, Ահարոն իր կարգին հնարաւորութիւնը չունեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետեւելու։ Հազիւ 19 տարեկան էր 1923ին, երբ միացաւ «Նոր Օր»ին։ Բայց ինքնաշխատութեամբ եւ, մանաւանդ, դաշնակցական մամուլի ամէնօրեայ գաղափարական «դըպրոց»ին մէջ թրծուելով, Ահարոն յաջողեցաւ մտաւորական իր պաշարը հարստացնել ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-մշակութային գիտելիքով եւ լայն հորիզոնով։

Նաեւ գրաշարապետութիւնը մեծապէս օգնեց Ահարոնին, որպէսզի զարգացնէ եւ խորացնէ թէ՛ հայերէնի իր հմտութիւնը, թէ՛ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու հրապարակագրական ջիղը։

Այդպիսով՝ Ահարոն ճակատաբաց տէր կանգնեցաւ հայ մտքի, ազգային արժէքներու եւ դաշնակցական աւանդներու Արթուն Պահակի իր կոչումին։ Ամբողջական նուիրումով փարեցաւ իրեն վստահուած առաքելութեան եւ իր բոլոր ուժերով, առանց մեծ ու փոքր գործերու միջեւ խտիր դնելու, ծառայեց յունահայ կեանքի առոյգ կազմակերպման, հայապահպանման եւ ազգային-մշակութային ճառագայթումին, այլեւ ու մանաւանդ՝ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան սրբազան դատին զինուորագրեալ, գաղափարապա՛շտ երիտասարդութիւն թրծելու սրբազան գործին։

«Ազատ Օր»ի 26 Նոյեմբեր 1973ի համարով եւ առաջին էջի վրայ լոյս տեսած հակիրճ մահագրութեան համաձայն՝ Ահարոն Ստեփանեան ծնած էր 1904ին, էօտէմիշ։ Յաճախած էր Իզմիրի «Մեսրոպեան» վարժարանը։ 1922ին, Փոքրասիական Աղէտէն ետք, իր մօր եւ երկու քոյրերուն հետ հաստատուած էր Յունաստան, Աթէնք։ Մարտ 1923ին, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ձեռնարկեց իր պաշտօնաթերթին՝ «Նոր Օր»ի հրատարակութեան, Ահարոն հրաւիրուեցաւ ստանձնելու գրաշարական աշխատանքին պատասխանատուութիւնը։ «Նոր Օր»ը եւ անոր շարունակութիւնը եղող «Ազատ Օր»ը երկրորդ տուն եղան Ահարոնի համար, որ ամբողջապէս նոյնացած թերթին հետ՝ ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու մասին երբեք չմտածեց...

Գրաշարական եւ հրապարակագրական իր ասպարէզին առընթեր, Ահարոն աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ յունահայ մշակութային կեանքին եւ հայապահպանման աշխատանքներուն։ Ընտրուեցաւ նորաստեղծ «Հայ Մտքի Տան» վարչութեան անդամ, մաս կազմեց Գէորգ Կառվարենցի առաջացուցած երգչախումբին, իսկ հետագային՝ Համազգայինի վարչութեան իր անդամակցութեան կողքին, մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի Յակոբ Փափազեանի երգչախումբին։

Ահարոն իր ետին ձգեց մամուլի էջերուն ցրուած հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն մը (կանոնաւորաբար կ'աշխատակցէր նաեւ Գահիրէ հրատարակուող Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» օրաթերթին)։

Ահարոնի գրչին պատկանող խմբագրականներն ու, յատկապէս, «Ազատօրէն» վերտառութեամբ հրատարակուած նշմարները, օրը-օրին գրուած ըլլալով հանդերձ, կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը՝ թէ՛ շօշափուած հարցերու լայն ծիրով, թէ՛ գաղափարական իրենց կողմնորոշումներով, որոնք թելադրական են մեր այսօրուան համար։

Ահարոնի հրապարակագրական ժառանգութիւնը ուսանելի է յատկապէս մեր օրերու հայ երիտասարդութեան համար, որ Սփիւռքի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ, համեմատաբար առաւել կամ նուազ չափերով, կռնակ դարձուցած է հայախօսութեան եւ հայ մշակութային արժէքներու պահպանումին։

Ահա՛ «Ազատօրէն» գրուած քննադատութիւն մը Ահարոնէն.-

«Մտէք մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Պատարագիչը քարոզ կը խօսի հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութեան մասին։

«Երթաք խաղաղութեամբ»էն ետք, երբ ժամուորները դուրս կ'ելլեն եւ խմբակներ կազմած եկեղեցիին բակին մէջ կը սկսին խօսակցիլ իրարու հետ, ի զուր կը սպասէք, որ հայերէն բառ մը լսէք անոնց բերնէն։

«Կամ մտէք հայկական հանդիսութեանց սրահներէն ներս եւ միջնարարներուն ականջ դրէք ձեր շուրջիններու խօսակցութեան։ Շատ հազուադէպօրէն պիտի լսէք մեր մեծասքանչէն բառ մը կամ նախադասութիւն մը։

20էն 40 տարեկան մեր երիտասարդ սերունդն են անոնք, որ գրեթէ բոլորն ալ շատ լաւ գիտեն մեր մայրենի լեզուն, բայց կ'երեւի «ամօթ» կը զգան զայն գործածելու։ Եկած են եկեղեցի կամ հանդիսավայր՝ իբր թէ «հայապահպանո՜ւմ» ընելու, բայց կը մեղանչեն այդ բառին դէմ։

«...Ուրկէ՞ բուսաւ այս հիւանդութիւնը, որ տարուէ տարի համաճարակի բնոյթ կը ստանայ։ Ստացած է արդէն»։

Գրքունակ, ասկէ կամ անկէ սորվածը եւ քաղածը շրջապատին հրամցնող մտաւորականը չեղաւ Ահարոն։ Ընդհակառակն՝ գրեց հաւատքո՛վ եւ գործքով ալ տէր կանգնեցաւ իր հաւատացածին ու գրածին։

Նաեւ՝ շատախօսելու եւ բան չըսելու, բառերու շռայլանքով ընթերցող տպաւորելու մտաւորական սնափառութեան դէմ անհաշտ պայքար մղող գաղափարի մարտիկը եղաւ Ահարոն։

Աւելի՛ն. ազգային մեր արժէքներուն ողջ էութեամբ կառչած՝ Ահարոն շարունակ շեշտեց հաւատաւոր, գաղափարապաշտ եւ յանձնառու հայ մտաւորականութեան հրամայականը սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ։ Իր պարզ հայերէնով ու կուռ ոճով՝ կրցաւ գրաւել սիրտը ընթերցողներուն՝ անոնց մտքին ուղղակի յղելով իր տեսակէտներն ու գաղափարները։

Ահա՛ եւ այդ պատգամը «Ազատօրէն» փոխանցող իր մտքերէն հետեւեալ քաղուածքով կ'եզրափակենք հայ մտքի եւ մամուլի երախտաշատ նուիրեալին՝ Ահարոն Ստեփանեանի մահուան 40ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս վկայութիւնը.-

«Կարճ նախադասութիւններով ու պարզ լեզուով արտայայտուած միտք մը աւելի ազդու է եւ հաճելի, քան մեր մտածումներուն աղքատութիւնը «խորհըրդածութիւններ»ու մշուշին մէջ ողոքելու ճիգը։

«Կարճ խօսինք, բայց մտածելով խօսինք։

«Պարզ խօսինք, բայց իմաստ դնենք մեր խօսքին մէջ։ Մանաւանդ, երբ մեր առջեւ ունինք մէկէ աւելի հասկցող ունկնդիրներ։

«Հոն ուր շատախօսութիւնը կը տիրապետէ, բացակայ է շինարար գործը։

«Մասնաւորաբար ընկերային եւ հասարակական շրջանակներու մէջ, շատ խօսիլը մոռցնել կու տայ յաճախ մեր բուն ըսելիքը։

«Հանրանուէր գործերու յաջողութեան համար, լուռ ու մունջ եւ առանց ցուցադրութեան աշխատանքը նախապայման է։

«Իսկական հայ մտաւորականը ա՛ն է, որ անսակարկ հայ ժողովուրդին ծառայելու կոչումը կը զգայ իր մէջ եւ այդ ուղղութեամբ կը գործէ։

«Հայ մտաւորականը անպայմանօրէն պէտք է սերտած ըլլայ մեր պատմութիւնը եւ ուսումնասիրէ մեր ներկայ պայմանները, որոնց մէջ գործելու ստիպուած է ինք։

«Հանրային կեանքի մէջ, յարգանքը մեր շրջապատին՝ մեր անձին հանդէպ, պէտք չէ մուրալ, այլ պէտք է պարտադրել՝ մեր կարողութիւններուն լաւագոյնս ցուցաբերումով, առանց ընկրկելու խոչընդոտներու առջեւ»։

Ն.