Այսօր կը նշենք երկրորդ տարեդարձը Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ արձանագրուած քաղաքական կարեւոր յաղթանակի մը, որ թէեւ սահմանադրական իր պսակումին չարժանացաւ եւ գործնապէս չորդեգրուեցաւ, բայց վճռորոշ նախընթաց մը հանդիսացաւ եւ նոր հորիզոն բացաւ Հայ Դատի պայքարին առջեւ։
Խօսքը կը վերաբերի հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութեան, ինչպէս եւ նմանօրինակ որեւէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական օրէնքով յանցագործութիւն նկատելու եւ պատժելի արարք հռչակելու Ֆրանսայի Ծերակոյտին 23 Յունուար 2012ի պատմական նիստին եւ անոր որդեգրած նոյնքան պատմական օրինագիծին։
Երկու տարի առաջ, Յունուար 23ի այս օրը, աշխարհասփիւռ հայութիւնը ամբողջ ժամեր, լարուած ուշադրութեամբ եւ անձկութեամբ, հետեւեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին առանձնայատուկ բաց նիստին, որ յատկացուած էր Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն եւ օրէնքով պատժելի արարք հռչակող օրինագիծի մը քննարկման ու հաստատումին։
Շուրջ եօթուկէս ժամ տեւած բանավէճերէ ետք, տեղի ունեցաւ օրինագիծի հաստատման քուէարկութիւնը, որուն մասնակցեցան 213 ծերակուտականներ.- 127 կողմ եւ 86 դէմ քուէներով՝ օրինագիծը վաւերացուեցաւ եւ որդեգրուեցաւ։
Ֆրանսայի Ծերակոյտին 23 Յունուար 2012ի այդ նիստը պատմական նշանակութիւն ստացաւ։
Ազատախոհ աշխարհի միջնաբերդը համարուող Ֆրանսան ի լուր աշխարհին յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան օրինակով ցեղասպանութեանց ժխտումը, Ֆրանսայի պետական օրէնքով, քրէական յանցանք է ու պատիժի արժանի յանցագործութիւն։
Օրինագիծը ցեղասպանութեանց ժխտման համար կը նախատեսէր 1 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրոյի տուգանք:
Օրինագիծին վաւերացումը մեծ յաղթանակ մը եղաւ ինչպէս Արդարութեան եւ Իրաւունքի համար պայքարող բոլոր ազատախոհներուն, այնպէս եւ Հայ Դատի հետապնդման լծուած իրաւատէր հայութեան համար։ Փաստօրէն Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ձեռք բերուեցաւ լուրջ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով։
Ամիսներ առաջ, 2011ի Մայիսին, նմանօրինակ օրինագիծ մը դրուած էր Ծերակոյտի օրակարգին վրայ առ ի վաւերացում, բայց յետ մղուած էր, որովհետեւ կը վերաբերէր միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական ու օրէնքով պատժելի յանցագործութիւն հռչակելու առաջադրանքին։
Այնուհետեւ, օրինագիծը վերամշակումի ենթարկուեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման օրինակով բոլոր Ցեղասպանութիւններու պատմական ճշմարտութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակեց եւ, իրաւական ա՛յդ տարազումով, վերստին բերուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ։
Այսօր արդէն բացայայտուած է, որ թրքական պետութիւնը Մայիս 2011ին ամէն կարգի ճնշում բանեցուց Ֆրանսայի պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն վրայ, որպէսզի վիժեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ժխտումը քրէական ու պատժելի յանցագործութիւն հռչակող նման օրինագիծի մը որդեգրումը։ Թրքական դիւանագիտութիւնը դիմեց ոչ միայն Ֆրանսայի հետ Թուրքիոյ ունեցած առեւտրական ու զինական գործառնութիւնները դադրեցնելու սպառնալիքին, այլեւ օգտագործեց հանրային կարծիքի մոլորեցման այն մօտեցումը, ըստ որուն նմանօրինակ օրինագիծ մը իբր թէ կը կապտէ եղեր կարծիքի ազատութեան մարդկային հիմնական իրաւունքը...
Ճնշումի իր այդ երկրորդ խաղաթուղթի պարագային, թրքական պետութիւնը փաստօրէն կþօգտագործէր քսանամեակ մը առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հրէական Ողջակիզման ժխտումը քրէականացուցած օրինագիծին դէմ ատենին ծաւալած դժգոհութիւնները մարդկային իրաւանց պաշտպան շրջանակներուն կողմէ։ Այս վերջինները, մանաւանդ Մ. Նահանգներու տարածքին գործող իրենց ղեկավար մարմիններուն կողմէ, հարցականի տակ առած էին իրաւականութիւնը նման օրինագիծի մը՝ առարկելով, որ այդպիսով կը հալածուին ու կþոտնակոխուին մտածումի ազատութեան եւ կարծիքի անկաշկանդ արտայայտութեան իրաւունքները...
Հակառակ թրքական այդ ճնշումներուն, սակայն, 22 Դեկտեմբեր 2011ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին ստորին պալատը վաւերացուց վերամշակուած տարբերակը Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին։ Օրինագիծը յղուեցաւ Ծերակոյտին, որուն Իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը ինկաւ թրքական ճնշումներու տակ եւ, տեղի տալով, փութաց Ծերակոյտին առաջարկ ներկայացնելու, որ չընդունի իրաւական առումով վիճելի նման օրինագիծ մը։
Բայց Ծերակոյտը մերժեց հետեւիլ իր յանձնաժողովի առաջարկին եւ որոշեց 23 Յունուար 2012ի իր նիստը յատկացնել օրինագիծի քննարկման ու հաստատումին։
Այդպէ՛ս վաւերացուեցաւ օրինագիծը, որ իբրեւ օրէնք ուժի մէջ դրուելու համար այլեւս պէտք ունէր սոսկ Ֆրանսայի նախագահին ստորագրութեան։
Բնականաբար շատ բուռն եղաւ թրքական հակազդեցութիւնը, մանաւանդ որ թրքական տեսակէտը պաշտպանող ծերակուտականները, 23 Յունուար 2012ի պատմական նիստին, ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին օրինագիծը պաշտպանող եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ արդար հատուցումը պահանջող ծերակուտականներու գրոհին տակ։
Բայց օրուան գործող Ֆրանսայի նախագահ Սարքուզի արագ չշարժեցաւ եւ անմիջապէս չստորագրեց Ծերակոյտին հաստատած օրինագիծը։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ թրքական շահերուն ծառայող ծերակուտականները օրինագիծին իրաւականութիւնը վիճարկեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին մօտ։ Թրքական կողմը այս անգամ «արդիւնաւէտ» աշխատանք տարաւ Սահմանադրական Խորհուրդի անդամներուն վրայ, որոնք թրքական խայծերը կուլ տալով՝ օրինագիծը իր հաստատումէն շաբաթներ ետք հակասահմանադրական հռչակեցին...
Օրին Ֆրանսայի նախագահը թէեւ մերժեց տեղի տալ թրքական սպառնալիքներուն առջեւ, այդուհանդերձ՝ Սարքուզի բնաւ չգործածեց օրինագիծը ստորագրելու եւ հարցը վճռահատելու իր սահմանադրական իրաւունքը, այլ բաւարարուեցաւ բազմիցս յայտարարելով, թէ օրինագիծը սահմանադրական պատշաճեցման պիտի ենթարկէ եւ վերստին օրակարգի վրայ պիտի բերէ։
Ծանօթ է, որ Սարքուզի քանի մը ամիս ետք կորսնցուց Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց վերստին նախագահ ընտրուելու իր հնարաւորութիւնը։
Իսկ նորընտիր նախագահ Հոլանտ խոստացաւ շարունակել Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակելու եւ օրէնքով պատժելու իր նախորդին քաղաքականութիւնը։
Շուրջ երկու տարի անցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին պատմական այդ որոշումէն ասդին, բայց Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական ու պատժելի յանցագործութիւն հռչակող Օրինագիծը տակաւին կը սպասէ իր նոր՝ սահմանադրական պատշաճեցումով տարբերակին, որպէսզի մարդկային իրաւանց եւ մտածումի ազատութեան պատրուակներով՝ որեւէ ցեղասպան անպատիժ չմնայ եւ, մանաւա՛նդ, որեւէ ցեղասպանութիւն չարդարացուի։
Ն.