«…Ես ասում եմ. մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի՝ որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի՝ որ թքեն։ Քեզ կուլ են տուել, ու գովում են, զաւակս, քեզ կուլ են տալիս: Ասում ես խիղճ, բայց խիղճը գիտե՞ս երբ է գեղեցիկ - երբ գազանի մէջ է: Քոնը խիղճ չի, խեղճութիւն է:

«…Դուք ձեր սէրը թաշկինակ էք անում կապում աչքերիդ, որովհետեւ վախենում էք բաց աչքերով նայել ու ատել - յանկարծ կը տեսնեն, որ ատում էք ու կը տան կը սպաննեն: Մի՛ վախեցէք. մեռնելը դժուար է, ուզենաք էլ՝ չէք մեռնի. մի անգամ ձեր գլխի հետ թող իրենց բռունցքն էլ ցաւի - տեսնեմ միւս անգամ կը խփե՞ն. տղամարդու պէս մի անգամ կանգնէք՝ թող ձեզ զոռով ծալլեն, դուք մի կոտրուէք՝ ձեզ թող զոռով կոտրեն - միւս անգամ տեսնեմ կը կոտրե՞ն, կը ծալլե՞ն, կը մօտենա՞ն»:
Ահա այսպիսի՛ պոռթկումներով յագեցած գրականութիւն մը ստեղծեց հայ ժողովուրդի անմահներէն Հրանտ Մաթեւոսեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 12ի օրը։
Արդէն 12 տարի է, որ մեր կեանքէն բացակայ է հայոց հողին եւ հայ մարդուն բարութիւնը պաշտամունքի աղբիւր դարձուցած եւ անոր պոռթկումը, ամենայն խոհականութեամբ եւ հնչեղութեամբ, աշխարհին լսելի դարձուցած մեծատաղանդ վարպետը։
Աշխարհի չորս ծագերուն Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան երկրպագուները, այսօր, յատուկ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն տօնական այս առիթի մեծ բացակային հետ՝ անոր շնորհակալութիւն յայտնելու եւ երախտագիտական խօսքեր նուիրելու համար, որովհետեւ Հրանտի գրականութեամբ մենք ունեցանք հայոց երկրին եւ հայու հոգիին անզուգական մէկ համանուագը։
Բառին գեղարուեստական որակի առումով ԵՐԵՒՈՅԹ էր Հրանտ Մաթեւոսեան գրողը։ Իր առաջին հրապարակումով իսկ՝ 1961ին լոյս տեսած «Ահնիձոր»ակնարկով, ան գրաւեց ուշադրութիւնը բոլորին՝ թէ՛ նոր ու թարմ շունչի սպասող գրական քննադատներուն, թէ՛ ստալինեան արհաւիրքէն վարանոտ քայլերով դուրս եկող եւ երկաթէ վարագոյրէն անդին սեւեռող ընթերողներուն եւ թէ, մանաւա՛նդ, խորհրդային ձիւնհալը դեռ չմարսած ու սահմանախախտները կարգի հրաւիրելու սովորամոլութեան կառչած իշխանաւորներուն։
Գիւղագիր չէր Հրանտ Մաթեւոսեան, թէեւ որոշապէս իր ծննդավայր Ահնիձորն ու հայրենի հողին հետ նոյնացած հայ գեղջուկը միշտ ներկայ եղան իր գրականութեան կիզակէտին։
Քսաներորդ դարու համամարդկային եւ հայոց ազգային մեծ խնդիրներուն բացուած արդիական գրողը եղաւ Մաթեւոսեան, որ իր վկայութեան իրաւութիւնն ու վաւերականութիւնը խարսխեց իր ծննդավայր գիւղին եւ անոր անհունօրէն բարի մարդոց կենսափորձին ու յուզաշխարհին վրայ։
Իբրեւ այդպիսին՝ դժուար կարդացուող հեղինակ եղաւ Մաթեւոսեան։ Թէեւ «Մենք եւ մեր սարերը», «Բեռնաձիեր»ը, «Խումհար»ը, «Օգոստոս»ը, «Աշնան արեւ»ը, «Գոմէշ»ը, «Մեսրոպ»ը, «Ալխօ»ն, «Ծառերը», «Մեր վազքը» եւ նոյնանման պարզ ու բնական երեւոյթներ նիւթն ու խորագիրը կազմեցին Մաթեւոսեանի վիպակներուն, բայց այդ բոլորին մէջ Հրանտ դրաւ այնքան բան ու խոհ, յոյզ եւ ձայն, որ լեզուամտածողական իսկական համանուագի մը վերածուեցաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութիւնը՝ ընթերցողներէն ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի մեծագոյն լարում պահանջելով։
Իսկ Հրանտ Մաթեւոսեանի գործերուն լարուած ընթերցումը միշտ ալ պարգեւատրուեցաւ իր առթած հոգեկան ու մտաւորական գեղեցիկ պահերու գերագոյն բաւարարութեամբ։
Լոռուայ աշխարհի բացառիկ այս տաղանդը ծնած էր 1935ին։ Ինչպէս որ ինք հետագային պիտի նշէր հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հրանտ 15 տարեկանին դուրս եկաւ իր ծննդավայր Ահնիձորէն եւ մեծ քաղաքի բնակիչ դարձաւ։ Բայց 15 տարիներու այդ կեանքը Հրանտին շնորհեց հայոց երկրին եւ հայու հոգիին այնքան հարազատ, բազմակողմանի ու խոր ճանաչողութիւն, որ հետագայ գրողը կարողացաւ իր սեփական պրիսմակէն դիտել ու արժեւորել մեծ քաղաքներու եւ, աւելի լայն ընդգրկումով, մեծ աշխարհի խնդիրները։
Համալսարանական կրթութեան եւ մասնագիտական պատրաստութեան իմաստով՝ Հրանտ Մաթեւոսեան բաւարարուեցաւ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուաբանական բաժանմունքը 1962ին աւարտելով, իսկ 1966-67ին Մոսկուայի մէջ շարժանկարային բեմագրութեան բարձրագոյն դասընթացքներու հետեւելով։
Հազիւ երիտասարդ, Հրանտ Մաթեւոսեան պարտաւորուեցաւ գործի ասպարէզ նետուիլ, եղաւ գրաշար, ապա՝ «Սովետական Գրականութիւն» եւ «Գրական Թերթ» պարբերականներու սրբագրիչ աշխատեցաւ։ Մոսկուա իր կեցութիւնը օգնեց, որպէսզի ակնարկներով, պատմուածքներով եւ բեմագրութիւններով ազատ աշխատակից դառնայ խորհրդային համամիութենական մամուլին, հռչակի տիրանայ եւ այդ ճամբով, պատուեգիներով, ապահովէ իր հանապազօրեայ հացը։
Արցախեան շարժման շղթայազերծման շրջանին Մաթեւոսեան իր ձայնը միացուց համաժողովրդական ալիքին գլուխը կանգնած գրողներուն եւ մտաւորականներուն։ Եթէ մինչ այդ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացին արդէն իր ուղին գտած էր իբրեւ խորհրդային ամէն կարգի կաշկանդումներուն եւ անարդարութիւններուն հակադրուած այլախոհական, 1988էն ետք աստիճանաբար ի յայտ եկաւ «հայոց աւագ»ի պատասխանատուութեան զգացումը Մաթեւոսեանի մօտ։
Իբրեւ 1990ին ընտրուած խորհրդարանի անդամ թէ 1995էն 2000 Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, Հրանտ Մաթեւոսեան իր վրայ վերցուց առաքելութիւն մը, որ աւագի դիրքէ հաշտարարի դեր ստանձնելն էր իշխանութեան համար սկսած նորերու աթոռակռուին մէջ։ Բայց առողջական վիճակին վատթարացումն ու մահը անաւարտ ձգեցին նաեւ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին այդ ինքնակամ առաքելութիւնը։
Կարելի է տարբեր ու ներհակ արժեւորումներ ունենալ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին ու հասարակական գործիչին մասին, բայց անկարելի է նոյնպիսի մօտեցում ցուցաբերել Հրանտ Մաթեւոսեան գրողին նկատմամբ, որ հայոց երկրին ու հայու հոգիին կախարդանքով յագեցած գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին ու գալիք սերունդներուն։
Պարզ ու խոր համանուագով մը լեզու տուաւ հայ մարդու անսահման բարութեան՝ մարդկային ողջ քաղաքակրթութեան մղիչ եւ յառաջատար ուժը տեսնելով բարիին յաղթանակին մէջ։
Եւ պատգամեց՝
«... Պատմութիւնը ազգերի ու ժողովուրդների ճանապարհին նստած սֆինքս է, որ անցած ուղիներիդ դասը չի հարցնում ¬ փորձում է իրենից՝ այսօրից անցնելու, գալիքին ոտք դնելու կամքդ»:

Ն.