Ապրիլ 4ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր անզուգական Հայրիկին՝ Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչ Ա. Վանեցիին, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իր վեհաշուք տեղը գրաւած է իբրեւ հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական մեծագործ հեղինակութիւն՝ յաւերժ պաշտամունքի արժանացնելով Հայկական Հողին ու Հողի Մարդուն խորհուրդն ու արժէքը։

Թրքական պետութեան կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը գործադրութեան յանձնելու քայլին նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։

166 տարի անցած է, բայց մինչեւ այսօր դեռ լրիւ ու ստուգապէս վերծանուած չէ առեղծուածը արդի հայ գրականութեան ռահվիրաներէն Խաչատուր Աբովեանի անյայտ վախճանին։

Նաեւ իր ծննդեան տարեթիւը ճշգրտուած չէ եւ 1803էն մինչեւ 1809ի Հոկտեմբեր 12ը կը գործածուին Աբովեանի կենսագիրներուն կողմէ։

Ապրիլի 1ը հայ ժողովուրդի յուշատետրին մէջ կը բանայ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկը։

105 տարի առաջ, Ապրիլի առաջին օրը մոլեգնեցաւ թուրք պետական արնախում բարբարոսութիւնը։ Չքնաղ Ատանա քաղաքն ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ ներկուեցան, հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան։

Հայոց Յուշատետրին այսօրուան՝ Մարտ 31ի էջը վերապահուած է արդի հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքի Զարթօնքին անմահ նախակարապետներէն Միքայէլ Նալբանդեանի լուսապսակ յիշատակին։