Մայիսի այս օրը, 95 տարի առաջ, Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութիւնը ինքնահաստատման իր գլխաւոր նուաճումներէն մէկը իրագործեց, երբ հայոց Նախիջեւան գաւառի տարածքին իր իշխանութիւնը հաստատեց։

Ի՞նչ խոհերով ու յոյզերով, աւելին՝ ի՞նչ օրակարգով այս տարի կը դիմաւորենք Մայիս 1ի տօնը։
Ի՞նչ խորհուրդ եւ պատգամ լուսարձակի տակ պիտի առնուի վաղը, երբ աշխարհով մէկ, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը պաշտօնապէս պիտի դադրի եւ մարդկութիւնը պիտի տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային Օրը։

Ես ծնուել եմ ձորերում՝ 
Եղեռնի սեւ օրերում: 
Մայրս կրծքին՝ օրօրել, 
Իմ օրոցքն էլ է կորել: 
Աչքս բացի՝ սով տեսայ, 
Աստուած ասաց՝ «Զոհ է սա»: 

Ապրիլ 24 է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերէն իրաւատէր հայութիւնը միասնաբար, իր վճռական բռունցքը երկինք պարզած, ոտքի կը կանգնի եւ կը պահանջէ քաղաքական աշխարհէն, յատկապէս թրքական պետութենէն, որ Հայաստանի կործանման եւ հայութեան բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն։

19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդին ազգային¬ազատագրական շարժումը եւ յեղափոխական ինքնահաստատումը որքան մարտական ու քաղաքական, նոյնքան գաղափարական ու բարոյական կրակով ու ոգեւորիչ շունչով յատկանշուեցան։