Ապրիլ 18ի այս օրը, մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան դասական հսկաներէն Շիրվանզադէի։

Աւազանի անունով Ալեքսանդր Մովսիսեան, ծնած ըլլալով արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ, հայ իրապաշտ վիպագրութեան մեծատաղանդ վարպետը գրչանուն ընտրեց Շիրվանզադէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր բարձունքը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։

Հայ ժողովուրդի ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման, ապրած արհաւիրքին ու կուտակած ցասումին, անճիտման եւ վրիժառութեան, այլեւ ու մանաւանդ գողգոթային ու յարութեան խորախորհուրդ էջը կը բացուի Հայոց Յուշատետրի Ապրիլ 17ի օրը։

Ապրիլ 16ի օրը, 170 տարի առաջ, Փարիզի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ Անաթոլ Ֆրանս, որ իրաւազրկեալ հայութեան եւ անոր արդար դատին ի սպաս իր բերած անգնահատելի ծառայութեանց համար յատուկ տեղ գրաւեց մեր ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ՝ իրաւամբ արժանանալով հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի եւ Հայ Դատի մարտունակ պաշտպանի անմահ պատուանդանին։

Ապրիլ 14ի օրը, 95 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ՝ Պետական եւ Ազգային պատուիրակութեանց նախագահներ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ։

Յուշատետրի Ապրիլ 14ի էջը վերապահուած է ծննդեան տարեդարձին արդի հայ գրականութեան նահապետներէն բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ նախակարապետը արեւելահայ քնարերգութեան։