Մարտ 20ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը խորհրդահայ գրականութեան «հիմնադիրներէն» համարուող Արազիի։
Աւետիք Իսահակեանի գնահատումով՝ Արազի կը հանդիսանայ «առաջին եւ գիտակից պրոլետարական արձակագիրը» արդի հայ գրականութեան մէջ։
Նոյնինքն Հայաստանի մէջ նորահաս սերունդները այսօր այնքան ալ ընթերցողը չեն Արազիի գրականութեան, որ մինչեւ 20րդ դարու 1960ականները կը համարուէր ներշնչման աղբիւրը խորհրդահայ «իրապաշտ» գրականութեան։
Իսկ սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուած հայոց սերունդները թէեւ հայ գրականութեան իրենց դասագիրքերուն մէջ հանդիպեցան Արազիին, բայց անոր շունչով սնանելու մղումը չստացան երբեք։ Իբրեւ պատուէրով գրուած գրականութիւն եւ, մանաւա՛նդ, ինչպէս Մինաս Թէօլէօլեան պիտի ըսէր, իբրեւ «քարոզչական եւ ղեկավարեալ գրականութեան աժան շեփորահարներ»՝ Արազին եւ իր աւագ գաղափարակից գրիչի ընկերները, Յակոբ Յակոբեանն ու Շուշանիկ Կուրղինեանը, պատահական անցորդի պէս ընկալուեցան մեր սերունդներուն կողմէ, ընդհանրապէ՛ս։
Այսօր ամենայն առարկայականութեամբ կարելի է ընդգծել, որ գրական տաղանդով չփայլեցան հայ «պրոլետգրողներ»ը, բայց նաեւ իրենց մէջ ունեցան այնպիսիներ, որոնք հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ փարեցան դասակարգային պայքարի հայ գրականութիւնը ստեղծելու... կոչումին։
Այդպիսի՛ն էր, անտարակոյս, Արազին։
Աւազանի անունով Մովսէս Յարութիւնեան՝ Արազի ծնած էր 20 Մարտ 1878ին, Շուլաւէր (Վրաստանի Մարնէուլի շրջանի Շահումեան աւանը)։ Նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի հայոց ծխական վարժարանին մէջ, ապա՝ աւարտեց Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցը։ 1899ին ընդունուեցաւ Փեթերպուրկի Տեխնոլոգիական Ինստիտուտը, բայց չկրցաւ ամբողջացնել իր մասնագիտական բարձրագոյն ուսումը, որովհետեւ ուսանողական-յեղափոխական շարժումներուն եւ բողոքի ելոյթներուն իր աշխոյժ մասնակցութեան համար վտարուեցաւ Ինստիտուտէն եւ աքսորուեցաւ։
Մովսէս Յարութիւնեան վերադարձաւ Թիֆլիս եւ աւելի զօրեղ թափով շարունակեց իր ծայրայեղ ձախ յեղափոխականի գործունէութիւնը. արդէն մտերիմն ու սերտ գործակիցը դարձած էր Ստեփան Շահումեանի, որուն գաղափարական ներշնչումով ալ նետուեցաւ գրական ասպարէզ՝ ատենի թիֆլիսեան յառաջադէմ «Մուրճ» ամսագրի էջերուն, Ֆերնանդօ ստորագրութեամբ, լոյս ընծայելով «Դոն Կարապետի արշաւանքը դէպի Կղերստան» խորագրուած իր առաջին արձակ գործը, որ երգիծական պատմուածք մըն էր։ Այդպէ՛ս սկսաւ կղերամտութեան, պահպանողականութեան եւ քաղքենիութեան դէմ գրական անդուլ պայքարը Արազիի։
Գաղափարական նոյն ուղղութեամբ ու ոգիով գրուեցան այդ տարիներուն Արազի գրչանունով լոյս տեսած հեղինակին գործերը, ինչպէս՝ «Մենաւոր լապտերը« եւ «Վերջին երազը» (1912ին), «Արեւ», «Կիսատ տունը», «Վիրաւոր թռչունը» եւ «Հեքիաթը» (1913ին)։ Իսկ 1914ին, Յակոբ Յակոբեանի հետ, Արազի լոյս ընծայեց «Կարմիր մեխակներ» եւ «Բանուոր Ալբոմ» ժողովածուները, որոնք 1917ի պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ թափ առած համառուսական «պրոլետարական գրականութեան» հայկական նախերգանքը եղան։
Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք եւ Հայաստանի խորհրդայնացման տարիներուն, Արազի դրօշակիրը դարձաւ պաշտօնական նոր գրականութեան՝ «Սոցիալիզմի կառուցման», «սովետական հասարակարգի գաղափարախօսութեան» եւ «Նոր Մարդու կերպարին» նուիրելով իր ստեղծագործական թափը։ Շուրջ 30 հատոր գրականութիւն լոյս տեսաւ Արազիի ստորագրութեամբ՝ պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր, հեքիաթներ եւ արձակ բանաստեղծութիւններ, ուր համայնավարութեան հանդէպ կոյր հաւատքը միշտ տիրական եղաւ։
Այդպիսին են «Ընկեր Մուկուչը» (1924), «Հազար գլխանի» (1931), «Լուսնի շողերով» (1932), «Ջրվէժի ցոլքում» (1933), «Այրուող հորիզոն» (1940), «Հայրենիքի կանչը» (1941) եւ «Անյաղթները» (1944) գործերը։
Իր կեանքի վերջալոյսին Արազի ձեռնարկեց նաեւ պատմավէպի եւ լոյս ընծայեց «Իսրայէլ Օրի»ն (1959), որ հայ քաղաքական մտքի ռուսամէտ արեւելումին գրական դրսեւորումը եւ դրուատականը կը հանդիսանայ։
Արազի նաեւ գործնապէս պատասխանատու պաշտօններ վարեց խորհրդային տարիներուն։ Եղաւ Խ. Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Խ. Միութեան թէ՛ գրողներու միութեան նախագահութեան անդամ, թէ՛ Գերագոյն Սովետի պատգամաւոր։
Արազի վախճանեցաւ 22 Դեկտեմբեր 1964ին, Երեւան։
Արազիի մահէն յիսուն տարի ետք, երբ կը բանանք Հայոց Յուշատետրի Մարտ 20ի էջը եւ կանգ կþառնենք անոր ծննդեան տարեդարձի նշումին վրայ, մօտաւոր մեր անցեալի ընդհանուր արժեւորումը կատարելու տրամաբանութեամբ կþընդգծենք.-
Արազիի գրական տաղանդին վերապահութեամբ նայելու եւ անոր գաղափարական կողմնորոշումները մերժելու հիմք ունենալով հանդերձ՝ ամենայն պարզութեամբ պիտի ընդունինք, որ ինքնահաւատարմութիւնը եւ հաւատաւոր մարդու սկզբունքայնութիւնը միշտ ընկերացան հայ գրականութեան այս «առաջին եւ գիտակից պրոլետարական արձակագրին»։
Ն.