Մարտ 11ի այս օրը կը տօնենք տարեդարձը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ու միասնական հայութեան խորհրդանիշ Եռագոյն Դրօշի միջազգային ճանաչումին։
1923ի այս օրը, Փարիզի Էնվալիտի աշխարհահռչակ Զինուորական Թանգարանը պաշտօնապէս Հայոց Եռագոյնին տուաւ իր արժանի տեղը ազգային ու պետական դրօշներու շարքին։
Խորհրդային Միութեան պետական ու վարչական ձեւաւորման խառնակ ու դժուարին ժամանակաշրջան էր։ Կարմիր Բանակի սուիններով բռնագրաւուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն կը բռնակցուէր այսպէս կոչուած Անդրկովկասեան Խորհրդային Հանրապետութիւններու Դաշնութեան եւ, իբրեւ այդպիսի միաւոր, կը ներառնուէր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան կազմին մէջ։
Բայց Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն խզուած խորհրդային սարսափի կայսրութեան արգելարանէն դուրս, գաղափարական պայքարը կը շարունակուէր ամբողջ ժողովուրդներու պարտադրուած ազատազրկումին եւ ազգային գերեվարման դէմ։
Յատկապէս աշխարհասփիւռ հայութիւնը ազգային-քաղաքական ու գաղափարական ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունէր կառչած մնալու իր ազգային անկախ պետականութիւնը վերականգնելու տեսլականին։
Եւ Հայոց Եռագոյնը դարձաւ առինքնող խորհրդանիշը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի վերանուաճման տեսլականին։
Ահա՛ այդպիսի ժամանակ եւ նման պայմաններու տակ, իր տեսակին մէջ համաշխարհային մեծ վարկ վայելող Էնվալիտի Զինուորական Թանգարանը պաշտօնական ճանաչում շնորհեց Եռագոյնին՝ իբրեւ հայոց ազգային ու պետական Դրօշի՝ արժանաւորապէս անոր տեղը ամրագրելով մարդկութեան ծանօթ ազգային¬պետական Դրօշներու շարքին։
Այդպիսո՛վ, նաեւ, 11 Մարտը ըստ ամենայնի դարձաւ Հայոց Եռագոյնի միջազգային ճանաչման Օրը։
Եւ մենք դարձանք Եռագոյն Դրօշի սերունդ՝ կրկնակի՛ առումով։
Նախ՝ Եռագոյնի պաշտամունքով սնած ու կազմաւորուած տարագիր հայ սերունդի իմաստով։
Մեր տուներուն, դպրոց-եկեղեցիներուն եւ ակումբներուն վերեւը բարձր ծածանող, նաեւ ու մանաւանդ մեր սրտերուն, մտածողութեան եւ էութեան մէջ գաղափարականօրէն միշտ իշխող Հայոց Եռագոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ կենարար աղբիւրը մեր սերունդներուն ազգային ինքնաճանաչումին, հպարտութեան եւ հաւաքական ոգորումներուն։
Եռագոյնի սերունդ դարձանք, ապա, Հայաստանի վերանկախացման փառահեղ յաղթանակը եւ Եռագոյնի, իբրեւ հայոց պետական դրօշի, պաշտօնական վերարժեւորումն ու վերականգնումը՝ յաւէտ ծածանումը վկայելու կոչուած սերունդի առումով։
Շուրջ եօթանասուն տարի, իրերայաջորդ երեք սերունդ, ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական իր դեգերումներուն, թռիչքներուն եւ հակադրութեանց կիզակէտին ունեցաւ Եռագոյնը։ Յանուն եւ ընդդէմ Եռագոյնի կազմաւորուեցան եւ դրսեւորուեցան հայ քաղաքական մտքի ոգորումները.
- Եռագոյնով՝ իր հոգեմտաւոր թաքուն սրբութիւնը ունեցաւ եւ զայն աչքի լոյսի պէս պահպանեց հայրենի հողի վրայ ապրող հայը՝ հակառակ խորհրդային ամէն կարգի հալածանքներուն, ճնշումներուն եւ ծայրագոյն հարուածներուն - բանտարկութենէն մինչեւ աքսոր ու սպանդ։ Եռագոյնի աներեր պահապան հայրենի հայութեան հաւատքի այդ պարիսպներուն շարունակ զարնուեցան, բայց ապարդիւն անցան-գացին կատաղի յարձակումները բոլոր այն իշխանաւորներուն, որոնք սեփական ժողովուրդին դէմ գործեցին՝ իրենց խիղճը ծախելով... խորհրդային ամբողջատիրութեան։
- Յանուն Եռագոյնի՝ Երկաթէ Վարագոյրին այս կողմը եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր փողոցներուն վրայ, «Ուխտ Արարատի» ներշնչումով՝ միս ու ոսկոր կապեցին, ամէնուր Եռագոյն փնտռեցին եւ «Մեր Հայրենիք» սուլելով Հայ Դատի պայքարի շղթայազերծման ուղին հարթեցին նոր սերունդները սփիւռքահայութեան։ Եւ բոլորուեցան Դաշնակցութեան շուրջ, որ անվեհեր դրօշակիրը եղաւ Եռագոյնի ծածանումին՝ անվհատ պայքարելով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ուրացման ու ձաղկման տխրահռչակ փորձերուն դէմ։
Իսկ ընդդէմ Եռագոյնի՝ նոյն սփիւռքեան ափերու վրայ, խորհրդայիններու սադրանքով եւ դաւադիր օրհնութեամբ, յարդարուեցաւ կեղծ ու այսպէս կոչուած «հայաստանասէրներ»ու ճակատը՝ հակադաշնակցական պայքարը գոյութեան իմաստ դարձուցած խաժամուժ ճամբարով, որ Եռագոյն Դրօշի ուրացման ու վարկաբեկման մէջ փնտռեց իր... «դափնեպսակը»։
Եռագոյնին եւ անոր խորհրդանշած ազգային-քաղաքական անկորնչելի արժէքներուն այդօրինակ, անարդարանալի ուրացման մերկացումն ու խարազանումը ամէնէն բուռն կերպով կատարեց անկրկնելի Նժդեհը 1930ականներուն գրելով, որ՝
«Ժխտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարականը խորհրդանշող Եռագոյնը, հակադաշնակցականը մատնում է ցեղօրէն կենտրոնախոյս իր հոգեբանութիւնը: Վտարուած հայ ցեղայնութիւնից՝ նա սարսափում է Եռագոյնի միացուցիչ իդէալից - անկախ եւ ամբողջական հայութեան հեռանկարից: Պատմականօրէն այս տիպը միշտ էլ եղել է պառակտիչ, հատուածական ու այդպիսին է եւ այսօր»:
Անցած¬գացած են այդ ժամանակներն ու խորհրդային խորշակը։
Կանգուն մնացած՝ վերարժեւորուած է եւ իբրեւ Հայոց ազգային ու պետական Դրօշը անխռով կը ծածանի Եռագոյնը։
Եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ու երկնակամարին, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքի բոլոր ատեաններուն եւ մեծ, միջին թէ փոքր պետութիւններու դիւանագիտական բոլոր հաստատութեանց ճակատին ու կատարին։
Հայոց եռագոյնը նաեւ վերածուած է հայ ժողովուրդի մերօրեայ ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող դրօշի։ Մէկդի նետուած են անմիջական թէ հեռաւոր անցեալի նախապաշարումները, ուրացումներն ու հակադրութիւնները։
Իր ամբողջական մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ ընդգրկուած է Եռագոյնը՝ իր երեք գոյներու խորհուրդով ու փառքով։
Ինչպէս որ 1918ին Հայաստանի անկախութեան կերտիչները որոշեցին, բազմադարեան գերութենէ եւ պետականազուրկ կեանքէ դուրս եկած եւ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իր արժանաւորութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը ամբողջ կենսափորձ մը խտացուց ազգային-պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.
- Կարմիրը միշտ պիտի վկայէ արեան այն գերագոյն զոհաբերումին մասին, որուն հարկադրուեցաւ Հայը՝ աջէն թէ ձախէն ասպատակող բռնագրաւողներու հարուածներուն տակ, բայց եւ որուն միշտ պատրաստ գտնուեցաւ՝ ի խնդիր ինքնապաշտպանութեան եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան նուաճումին։
- Կապոյտը միշտ պիտի յուշէ անեզր հորիզոնը Հայու ներաշխարհին, անոր հոգեմտաւոր պայծառութեան ու խորախորհուրդ արարումներուն, որոնք ազգային մեր ինքնապահպանման եւ ինքնահաստատման անպարտելի զէնքերը եղան, պարտութեան մէջ անգամ բարոյական յաղթանակ ապահովելով, մահացու հարուածներու զգետնումէն անգամ վերստին ոտքի կանգնելու եւ արարելու ուժականութիւն ներշնչելով։
- Նարնջագոյնը յաւիտեան պիտի խորհրդանշէ փառաւորումը հայրենի մեր հողին եւ բերքատու դաշտերուն, որոնց Հայը միախառնեց իր ճակտի քրտինքը՝ արդար վաստակն ու համայնական եւ հասարակական համերաշխութիւնը գերագոյն արժէք դաւանելով, այդ ներշնչումով հողը հերկելու ժամանակ մինչեւ անգամ... եղբայրանալով իր եզին։
Այդպէ՛ս, 11 Մարտ 1923ին, Հայոց եռագոյնը Փարիզի Էնվալիտի Զինուորական Թանգարանին մէջ բարձրացնողները վստահաբար կը գիտակցէին, որ իրենց քայլով արժանին կը մատուցանէին ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտանիքը հարստացուցած Հայոց փոքր, բայց խորհուրդով եւ փառքով մեծ Ածուին։