8-9 Մայիսը պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց յուշատետրին մէջ 1992ին, երբ Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոս զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։

Մայիս 8ի օրը, մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան արտասովոր դէմքերէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ իր տաղանդաշատ ժառանգութեամբ շունչ եւ թռիչք տուաւ հայ լեզուի, մտքի ու գրականութեան անհուն պաշտամունքին, իսկ իր հոգեկան վերիվայրումներով հանդիսացաւ հայ գրականութեան խելագար տաղանդներուն փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորող ցայտուն օրինակներէն մէկը։

Մայիս 7ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ ծննդեան տարեդարձը Հայկեան Հանճարի սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացիի։
«Նարեկ» անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած «Մատեան Ողբերգութեան» իր բանաստեղծական գործով՝ Նարեկացի ոչ միայն հայ գրականութեան վեհաշուք Արարատը դարձաւ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւրն ու լուսաւոր փարոսը եղաւ հայ ժողովուրդին՝ ահա աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։

1959ի այս օրը՝ Մայիս 6ին, 65 տարեկանին, Մոսկուայի մէջ վախճանեցաւ եւ Երեւան թաղուեցաւ հայ բեմի անմոռանալի հսկաներէն Վաղարշ Վաղարշեանը։

Մայիսի առաջին օրերը, 94 տարի առաջ, պատմականօրէն ծանր ու դաժան, նշանակալից, տագնապալի եւ դառնագոյն օրեր եղան Հայաստանի ու հայութեան համար՝ նախերգանքը հանդիսանալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումին եւ կործանումին։