Մայիս 8ի օրը, մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան արտասովոր դէմքերէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ իր տաղանդաշատ ժառանգութեամբ շունչ եւ թռիչք տուաւ հայ լեզուի, մտքի ու գրականութեան անհուն պաշտամունքին, իսկ իր հոգեկան վերիվայրումներով հանդիսացաւ հայ գրականութեան խելագար տաղանդներուն փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորող ցայտուն օրինակներէն մէկը։
Բացառիկ խոհականութեամբ ու կեանքի եւ մահուան, բնութեան եւ մարդուն, ընկերային արժէքներու եւ անձնակեդրոն յոյզերու մասին իմաստասիրական խոր ընկալումով օժտուած հայ գրագէտը եղաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ աշխարհաբար հայերէնը բարձրացուց գեղարուեստական մշակման նախանձելի մակարդակի եւ դարձաւ հարազատ թարգմանը մարդկային տրտմութեան ու թախիծին, յոռետեսութեան եւ անհուն դժգոհութեան խորագոյն, այլեւ ամէնէն իրաւ ապրումներուն։
Եղաւ իր սերունդին ամէնէն աւելի կարդացած եւ կարդացածը իւրացուցած ու իւրովի վերարտադրած գրագէտը։ Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ մօտէն ճանչցած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, առիթով մը զինք ներկայացուցած է հետեւեալ արժեւորումով.- «Մեր ազգին մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն է այս տղան՝ Տէրոյենց պատուելիէն ետք»...
1879ին Ա. Ազատախոհեան գրչանունով Եղիայի կազմած «Փիլիսոփայական Բառարան»ը անվիճելի պատուանդանն է հայ եւ օտար գրականութեանց խոհական հսկաներուն գործերը մարսած եւ իմաստասիրական իր ուրոյն աշխարհայեացքը մշակած Եղիա Տէմիրճիպաշեան Մտածողին։
Եղիա հանդիսացաւ իր ժամանակի հայերէն գեղեցկագոյն աշխարհաբարի մշակներուն յառաջապահը, որ թէ՛ գրական-գեղարուեստական իր արձակով ուղղութիւն բացաւ, թէ՛ հայերէնէ ֆրանսերէն իր «Բառարան»ով լեզուագիտական ու քերականագիտական կարեւոր ներդրում ունեցաւ արեւմտահայերէնի կատարելագործման մէջ։
Այդ կենսափորձով ալ պատգամեց մեր սերունդներուն.- «Իմ նախաբանս եւ իմ վերջաբանս ահա՝ դպրո՜ց»։
Նաեւ՝ հայ լեզուի պաշտամունքը ներարկեց նորերուն.- «Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազա՜տ շրջիլ, հոգին այնքան ազա՜տ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ, փայլակին բեկեալ այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն ո՞ր լեզուն կարող է պատկերացնել, ո՞ր լեզուն Է՝ ուր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին, եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կþանցնին գոռալով ու գալարելով,եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր օվկեանին անդնդախոր կը հասնին»։
Բայց յատկապէս կեանքի ունայնութիւնը մերկացնելու, Մահը դարպասելու եւ Տրտմութիւնն ու Թախիծը իբրեւ մարդու ներաշխարհին ամէնէն իրաւ էատարրերը ընկալելու եւ վերծանելու իր գրականութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իրաւամբ խորհրդանշեց հայ գրականութեան մեծատաղանդ, բայց խելագար Անձնասպանի կերպարը։
Եղիա ծնած էր 1851ին Խասգիւղ, Պոլիս։ Հայ ունեւորներու՝ ամիրաներու թաղամաս էր Խասգիւղը։ Տէմիրճիպաշեան գերդաստանը եւս այդպիսին եղած էր անցեալին. բայց Եղիայի հայրը համեստ արհեստաւոր մըն էր։ Եղիա յաճախեց «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանները։ Աշակերտեց իր ժամանակի մեծանուն ուսուցիչներուն՝ Թովմաս Թերզեանի եւ Մատաթիա Գարագաշեանի, բայց գիրքերը դարձուց իր բուն ուսուցիչները եւ անյագ ընթերող մը ու ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կատարելագործող անհատականութիւն մը եղաւ։
Կեանքի ասպարէզ մտաւ իրբեւ Օսմանեան Կայսրութեան Հանրային Շինութեանց վարչութեան քարտուղար, բայց կանուխէն իր մէջ ի յայտ եկած հալածախտի ազդանշանները պատճառ եղան, որ հրաժարի այդ գործէն եւ ուզէ Ֆրանսա մեկնիլ իր ուսումը շարունակելու համար։ 1874ին ան հասաւ Մարսէյլ, ուր ուսման կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ ատենի ֆրանսական գրական կեանքին։ 1878ին վերադարձաւ Պոլիս եւ թափով նետուեցաւ հրապարակագրական ասպարէզ. հրատարակեց «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» անունով իր սեփական թերթը, նաեւ՝ աշխատակցեցաւ տարբեր թերթերու։ 1880ականները հանդիսացան Եղիայի ստեղծագործական ամէնէն բեղուն շրջանը։
1889ին մտային անհաւասարակշռութեան ու հալածախտի նոպաները սկսան սաստկանալ Եղիայի մօտ եւ խորացան յատկապէս մօր մահէն՝ 1890էն ետք։ Ե. Տէմիրճիպաշեան կատարեց իր անձնասպանութեան առաջին փորձը՝ Վոսփոր նետելով ինքզինք։ Թէեւ փրկուեցաւ, բայց այնուհետեւ շարունակ մտմտաց անձնասպանութեան մասին։ Այդ շրջանին տեղի ունեցաւ նաեւ Ե. Տէմիրճիպաշեանի կեանքին կարեւորագոյն հանդիպում-դարձակէտը։
Ռոպէր Հատտէճեան կը յուշէ, որ «Եղիա մօրը մահէն ետք առանձին կը մնայ Խասգիւղի իր տան մէջ եւ կ'ապրի դժբախտ պայմաններու տակ։ Ուստի՝ ձմրան օր մը կը հեռանայ ամայացած իր տունէն եւ կու գայ Բերա, ուր պատահմամբ կը թակէ դուռը Հելլէն Նիսսըն անունով հունգարացի կնոջ մը բնակարանին։ Նիսսըն կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու տեսնելով Եղիայի խղճալի երեւոյթը՝ կը հիւրընկալէ եւ աթոռ մը կը տրամադրէ անոր վառարանին քով։ Եւ, այնուհետեւ, Եղիայի եւ Նիսսընի միջեւ ծնունդ կ'առնէ բարեկամական անքակտելի կապ մը»։
Ռ. Հատտէճեանի համոզումով՝ Նիսսըն սիրած էր Եղիան, նմանցնելով զայն իր հանգուցեալ ամուսինին։ Հունգարացի այս այրի կինը պէտք ունէր անձի մը, որ իր ներկայութեամբ երջանկութիւն պարգեւէր իրեն։ Հելլէն կը սիրէր Եղիան՝ պարզապէս իբրեւ մարդկային էակի, որուն հանդէպ կը ցուցաբերէր գութ եւ կարեկցութիւն։ Իր կարգին, Եղիա կը սիրէր Հելլէն Նիսսընը յաւիտենական սիրով, ինչպէս ան կը պարզէ առիթով մը Զուիցերիայէն Նիսսընի ուղարկած իր հետեւեալ նամակով. «Իմ սիրելի ու թանկագին տիկին, երկինք ու երկիր կþանցնին, բայց իմ սէրը քեզի հանդէպ չի մարիր»։
Այդ սէրը մինչեւ ինքնասպանութեամբ մահուան «դուռ»ը տարաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին։
1897ին, Եղիա իր մօրաքրոջ օգնութեամբ հեռացաւ Պոլիսէն եւ քանի մը տարի շրջագայեցաւ եւրոպական ոստաններուն մէջ՝ Ժընեւ, Վիեննա, Պուտափեշտ եւայլն։ Բայց միշտ փնտռեց իր «օրհնաբերութեան յօժար հրեշտակին» եւ ի վերջոյ վերադարձաւ Պոլիս եւ բնակութիւն հաստատեց դարձեալ Հելլէն Նիսսնի մօտ։
1901ին անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ. տարուեցաւ Ազգային Հիւանդանոց՝ ատենի հայ մամուլի էջերուն մեծ աղմուկ բարձրացնելով իր խելագարութեան շուրջ։ 1904ին դուրս եկաւ հիւանդանոցէն եւ վերադարձաւ Նիսսընի։
Հատտէճեան կþեզրափակէ իր յուշը, նշելով թէ Եղիա, գարնանային գեղեցիկ օր մը, օգտուելով Հելլէն Նիսսնի բացակայութենէն, կը կատարէ անձնասպանութեան վերջին փորձը՝ 19 Յուլիս 1908ին, երբ վերջ կու տայ իր կեանքին, կախելով ինքզինք կաշիէ գօտիով մը։ Եղիայի մահէն ետք, Նիսսըն գոց սենեակի մը մէջ կը պահէ բանաստեղծին գրական անտիպ երկերը, ձեռագիրներն ու այլ թանկարժէք թուղթերը։
Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի արտօնութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի թաղումը կը կատարւի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ կանոնական արարողութեամբ։ Մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը թաղուի անձնասպաններու յատկացուած թաղամասին մէջ։ Հետագային Հելլէն Նիսսըն, Դուրեան Պատրիարքի արտօնութեամբ, տեղափոխել եւ թաղել կու տայ Եղիայի աճիւնները՝ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան կեդրոնը կանգնեցնելով ուշագրաւ դամբարան մը անոր յիշատակին։
Նման տխուր վախճան ունեցաւ մեծատաղանդ հայ գրողը, որուն գործերը յետ-մահու հրատակուեցան նախ Փարիզի մէջ, 1955ին, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշարով, ապա՝ 1986ին Երեւան, իսկ վերջին տարիներուն, Պոլսոյ մէջ, «Մարմարա» օրաթերթին կողմէ իրագործուեցաւ անոր ամբողջական գործերուն հրատարակութիւնը։
Հալածախտը մաշեցուց եւ ի վերջոյ անձնասպանութեամբ վերջակէտ դրաւ տառապագին կեանքին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ 1890ականներուն իսկ ամէն կողմ թշնամիներ կը տեսնէր իր շուրջ եւ կը գրէր.- «Ամէն ճշմարիտ հայ, այո՛, տխուր է։ Արձագանգ մ'է որ կը լսեմ ¬ տրտմութիւն»։
Նոյնիսկ 1883ին, Հրանտ Ասատուրին ուղղուած նամակի մը մէջ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան կը նախազգար իր այսօրինակ վախճանը՝ գրելով.-
«Սատանին տիրապետութիւնն անձիս վրայ՝ կ'ընդարձակի եւս քան դեւս։ Յուսահատութեան իմաստասիրութիւնն ամէն իմաստասիրութիւններէ գերիվեր՝ ինձ համար հրապոյր ունի։ Չգիտեմ ո՛վ կամ ի՛նչ բան զիս այսպէս ըրաւ - բնական տրամադրութի՞ւն մը, բարոյական տառապանքնե՞ր, մարմնի չարչարա՞նք զոր կը կրեն այս ազգին մէջ գրականութեան հետեւողներն, յոյսե՞ր՝ որք ի դերեւ ելան, երազնե՞ր՝ որոնք երազ պիտի մնան յաւիտեան... Չգիտեմ. այդ ամէնն ալ գուցէ միանալով զիս այսպէ՛ս ըրին. հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւա՛նդ բարոյապէս։ Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արտասուք կայ, նոյնպէս իմ ալ արտասուքիս ներքեւ ծիծաղ կայ»...
Իրաւամբ, արձակագիրի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի եւ խմբագիրի, արուեստագէտի եւ փիլիսոփայի բազմատաղանդ համաձուլումը հանդիսացաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ հայ ժողովուրդին կտակեց արտակարգ գեղեցկութեամբ ու արուեստով գրուած՝ սիրտ ու միտք խռովող խորագոյն, յաճախ դժուար ընկալուող ու հասկցուող ապրումներու, պատկերներու եւ մտածումներու անմահ էջեր։
Ն.