73 տարի առաջ այս օրը, 2 Յունիս 1941ին, ծանր թոքատապով փարիզեան հիւանդանոցի մը մէկ անկիւնը ինկած, Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհը ապրող ողջ աշխարհէն մոռցուած, բայց համայն աշխարհի եւ մարդկութեան, այլեւ ու մանաւանդ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր արդէն վտիտ ուսերուն շալկած՝ կեանքէն անդարձ մեկնեցաւ հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն Վազգէն Շուշանեան։

1918 թուականի Մայիս 31ին, արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր հայորդի մը՝ Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, ասպատակող խումբ մը կազմած՝

«Այս ուսուցիչի սիրտին մէջ ի՜նչ զօրութիւն է, որ թագնուած է»։ 

Արմէն Գարօ բնութագրական այս վկայութեամբ արժեւորած է գաղափարական տիպարը Սարգիս Մանասեանի, որուն նահատակութեան 94րդ տարելիցն է այսօր։

28 Մայիսին, ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերէն, հայ մարդոց հայեացքը կ'ուղղուի դէպի Սարդարապատ։
Հայաստան աշխարհն ու հանուր հայութիւնը կը տօնեն հայոց ազգային անկախ պետականութեան ստեղծման տարեդարձը։

26 Մայիսին, 69 տարի առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի Սէնթ Մէյրիզ հիւանդանոցին մէջ, տառապակոծ աչքերը առյաւէտ փակեց Հայոց Ազատամարտի ինքնատիպ նուիրեալներէն Մինաս Վերածին։
Հ.Յ.Դ. Քալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի այդ ժամանակաշրջանի խմբագիրն էր Վերածին, որ սրտի հիւանդութեամբ չորս ամիս գամուեցաւ հիւանդանոցի սնարին, մաքառեցաւ մահուան դէմ եւ ի վերջոյ յանձնուեցաւ... ճակատագրին։