- Details
- Category: Յուշատետր
Մայիս 23ին, 54 տարի առաջ, հեռաւոր Մ.Նահանգներու արեւմտեան ափին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, մահկանացու այս կեանքէն բաժնուելով՝ յաւիտենական իր անդորրը գտաւ եւ անմահութեան իր պատուանդանին բարձրացաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
22 Մայիսին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ երգի եւ երաժշտութեան մեծատաղանդ արժէքներէն Գուրգէն Ալէմշահի, որ լոյս աշխարհ եկաւ 107 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հայահոծ Պարտիզակ աւանին մէջ (Նիկոմիտիա), միայն 40 տարուան կեանք ունեցաւ, բայց իր արուեստով հայոց սերունդներուն եւ ընդհանրապէս երաժշտասէր մարդկութեան կտակեց հայկական երգարուեստին ու երաժշտութեան հմայիչ ջերմութիւնը տարածող անկորնչելի ժառանգութիւն մը։
- Details
- Category: Յուշատետր
45 տարի առաջ, Մայիս 21ի օրը, Պէյրութի մէջ, յետ-երկարատեւ հիւանդութեան, յոգնաբեկ ու մարած իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
102 տարի առաջ, Մայիս 20ի օրը, Իրանի Համատան քաղաքին մերձակայքը, իր վերջին շունչը փչեց հայ ժողովուրդի բացառիկ զաւակներէն եւ Դաշնակցութեան արդարադատ հերոսներէն Եփրեմը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Մայիս 19ը ոգեկոչման Օրն է, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան։