1959ի այս օրը՝ Մայիս 6ին, 65 տարեկանին, Մոսկուայի մէջ վախճանեցաւ եւ Երեւան թաղուեցաւ հայ բեմի անմոռանալի հսկաներէն Վաղարշ Վաղարշեանը։

Բազմաշնորհ ու մեծարժէք արուեստաgէտ էր աւազանի անունով Վաղարշակ Բոգդանի Տէր-Պետրոսեանը։ Թէ՛ բեմական տիրական ներկայութեամբ յատկանշուող դերասան էր, թէ՛ գեղարուեստական հարուստ գիւտերու տիրապետող բեմադրիչ ու դերուսոյց, թէ՛ տաղանդաւոր թատերագիր։
Ծնած էր Շուշի, 2 Փետրուար 1894ին։ Աւարտած էր ծննդավայրի Թեմական դպրոցը եւ երիտասարդ տարիքէն, 1915էն սկսեալ, նետուած էր գրական ու թատերական աշխոյժ գործունէութեան ասպարէզ։
Արձակագիր Արազի խորհուրդին հետեւելով՝ Վաղարշակ անունը կրճատած եւ փոխարինած էր աւելի «բարեհնչիւն» տպաւորութիւն գործող «Վաղարշ»ով, որուն ածանցումով ալ ընտրած էր «Վաղարշեան» մականունը։
Թեմական դպրոցը հազիւ աւարտած՝ Վաղարշ միացաւ Շուշիի թատերական սիրողներու խումբին։ 18 տարեկան էր, երբ իր առաջին քայլը նետեց թատերագրութեան բնագաւառին մէջ՝ գրելով «Փող եւ տաղանդ» կատակերգական թատերախաղը։
Վաղարշ մուտք գործեց գրական ասպարէզ՝ իր ժամանակի անդրկովկասեան հասարակական կեանքի դասակարգային անհաւասարութիւնը, ընկերային անարդարութիւնը եւ բարոյահոգեբանական թշուառութիւնը ձաղկող գաղափարախօսութեամբ եւ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց գաղափարական այդ ուղղութեան։
Թատերական գործունէութիւնը զինք տարաւ Թիֆլիս, Պաքու, Կրասնոդար եւ մինչեւ Դոնի Ռոստով՝ ամէնուր հայկական թատրոններու բեմական փնտռուած ներկայութիւնը դառնալով։ Ժամանակի հայ թատրոնի դասական մեծութիւններուն անմիջական եւ մտերիմ գործակիցը եղաւ Վաղարշ, որ իր կարգին հայ բեմի աւանդները հարստացնող կարեւոր ներդրում ունեցաւ։
1918-1920 թուականներուն, Վ. Վաղարշեան գրեց ազգային-պատմական նիւթերով, բայց ընկերային-դասակարգային պայքարի դիրքերէն մշակուած «Ղօղանջ», «Սուլթան Աբդուլ Համիդ» եւ «Գագիկ Երկրորդ» թատերախաղերը։ 1917ի Հոկտեմբերին կատարուած պոլշեւիկեան յեղաշրջումը մեծապէս խանդավառեց 23 տարեկան Վաղարշին, որ Տէրեանի, Չարենցի եւ Պօղոս Մակինցեանի օրինակով, ժամանակաշրջանի երիտասարդ հայ գրողներու շարքին, ամբողջապէս փարեցաւ Կարմիր հասարակարգի դրօշակիրը դառնալու «առաքելութեան»... Բայց ի տարբերութիւն Չարենցի եւ ազգային իրենց արմատներուն վերադարձած մեր միւս մեծութիւններուն՝ հայ բեմի այս հսկան մինչեւ վերջ մնաց «կոմունիստական պատնէշ»ի եւ... պետական պաշտօնի վրայ։
Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն, 1923ին, Վ. Վաղարշեան Պաքուէն հրաւիրուեցաւ Երեւան, ուր դերասանական եւ բեմադրական բաց ասպարէզ գտաւ իր առջեւ, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան Դրամատիկական Թատրոնի բեմին վրայ։ 1941էն 1949 եղաւ նաեւ նոյն թատրոնի ղեկավար տնօրէնը։ Ստեղծագործական իր ամէնէն բեղուն տարիները զուգադիպեցան նոյն այդ թատրոնին մէջ Վաղարշ Վաղարշեանի ծաւալած գործունէութեան։
1938ին, Վաղարշ Վաղարշեան եղաւ հայ բեմի առաջին դերասանը, որ մարմնաւորեց Լենինի կերպարը (Պոգոդինի «Հրացանաւոր մարդը» թատերախաղին մէջ):
Վ. Վաղարշեան անմոռանալի պիտի մնայ իր կերտած կերպարներու դերերով, որոնց շարքին լաւագոյնները կը նկատուին Սուրէնը (Շիրվանզադէի «Պատուի համար»), Գագիկը (Դերենիկ Դեմիրճեանի «Երկիր հայրենի»), Ասլան-ամին (Վ.Վաղարշեանի «Օղակում»), Խլեստակովը (Նիկոլայ Գոգոլի «Ռեւիզոր»), Արբենինը (Միխայէլ Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս»), Պրոտոսովը (Լ. Տոլստոյի «Կենդանի դիակ»), Համլետը (Շէյքսպիրի «Համլետ»), Եգոր Բոլըչովը (Մաքսիմ Գորկիի «Եգոր Բոլըչովը»):
Վաղարշ Վաղարշեանի դերասանական շնորհը փայլեցաւ նաեւ հայ կինոյի պաստառին։ «Առաջին Սիրոյ երգը» վկան է Վաղարշեան կինօ-դերասանի յաջողութեան։
Բեմադրիչի իր վաստակին յիշատակելի նուաճումները կը հանդիսանան, Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ ներկայացուած Բ. Ռոմանշովի «Հրէ կամուրջ»ը,,Տիգրան Հախումեանի «Թշնամին», Ալեքսանդր Ֆադէեւի «Ջարդը» (1931-32), Մաքսիմ Գորկիի «Դոստիգան եւ ուրիշներ» (1934), «Վասա Ժելեզնովա» (1937)։
Վաղարշ Վաղարշեանի թատերագրութիւնը եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը հարազատ թարգմանը եղան խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան։ Հռչակուեցաւ ոչ միայն Արուեստի վաստակաւոր գործիչ, այլեւ արժանացաւ Լենինեան ու Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ խորհրդային պետական բարձրագոյն շքանշաններու։ Ընտրուեցաւ Խ. Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եւ երկար տարիներ պահեց իր այդ դիրքը։ Այդ բոլորով՝ Վ. Վաշարշեան զերծ պահուեցաւ հայ մտաւորականութեան դէմ Ստալինի եւ Բերիայի ձեռնարկած «մաքրագործումներէն»։ «Համոզուած պոլշեւիկ» էր այն աստիճան, որ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն գրեց «Սասունցի Դաւիթ» չափածոյ թատերախաղ մը՝ զուտ դասակարգային պայքարի դիրքերէ շրջուած հայելիի մէջ դիտելով ազգային մեր դիւցազներգութիւնը։
Բայց Վաղարշ Վաղարշեանի գաղափարական դիմագծին այս ստուերոտ երեսը ոչինչով կը նուազեցնէ մեծութիւնը անոր տաղանդին։ Ընդհակառակն՝ անգամ մը եւս կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, որ երբ վաւերական է տաղանդը, ժողովուրդը իբրեւ այդպիսին կþընկալէ տաղանդաւորին՝ անոր գաղափարական մոլորութիւնը անտեսելով։
Մեր ժողովուրդը սիրեց ու մեծապէս գնահատեց բացառապէս այդ արժանիքը՝ հայ բեմի հսկայի արժանաւորութիւնը, Վաղարշ Վաղարշեանի անձին ու վաստակին ընդմէջէն։

Ն.