Սեպտեմբերի վերջին եւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, 97 տարի առաջ, Առաջին Աշխարհամարտի բախտորոշ մէկ պահուն, երբ Փետրուար 1917ի համառուսական մեծ յեղափոխութեան եւ խմորման մէջ գտնուող պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով՝ աշխարհաքաղաքական քաոսի մատնուած էր ամբողջ Կովկասը, Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Արեւելահա- յոց Առաջին Համագումարը։

Սեպտեմբերի վերջին օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան լուսաւոր դէմքերէն՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի, որուն ստեղծագործութիւնը յագեցած է Մարդ էակին նկատմամբ յորդ ու անհուն սիրով, այլեւ կեանքն ու աշխարհը ինքնավստահութեամբ նուաճելու Հայո՛ւ հպարտութեամբ։

Սեպտեմբեր 27ի այս օրը, 95 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմական 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։

Հայ ժողովուրդը այսօր կþոգեկոչէ մահուան 70ամեակը հայագիտական ուսմանց՝ գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ ընդհանրապէս բանասիրութեան մեծավաստակ երախտաւորներէն Մանուկ Աբեղեանի։

94 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 24ի այս օրը, իրաւականօրէն տակաւին Օսմանեան Կայսրութիւն կոչուող Թուրքիոյ այսպէս ըսուած «ազգային բանակ»ը, երիտասարդ զօրավար Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով, յարձակեցաւ անկախ Հայաստանի վրայ՝ առանց, սակայն, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելու...