Սեպտեմբեր 9ի այս օրը, 70 տարի առաջ, Նացիական Գերմանիոյ գրաւումէն Պուլկարիան ազատագրած խորհրդայինները, Բ. Աշխարհամարտի աւարտը յատկորոշող ռազմաքաղաքական հաշուեյարդարներու մթնոլորտին մէջ, ձերբակալեցին եւ Խ. Միութիւն տարին Պուլկարիա ապրող եւ Պալքաններու հայութեան արթուն պահապանը հանդիսացող հայ ժողովուրդի պանծալի հերոս Գարեգին Նժդեհը։

«Հայուն մէջ երկու հոգի կայ՝ վախկոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հերոս մը։ Ամէն ազգի մէջ վախկոտը կը կծկուի քաջին ետեւը. ընդհակառակն է Հայուն մէջ. քաջը կը գտնուի վախկոտին տակը։ Ամէն բռնակալ կրնայ իր առաջին հոգին հանել։ Հանե՞ց. սոսկալի է հրաշքը։ Կը ցցուի պահեստի հոգին՝ խենթի նման։ Ու կը զարնէ։ Եւ իր հարուածը անսխալական է… Պապին պէս։

Սեպտեմբեր 7ի օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը մեր գրականութեան մեծատաղանդ արձակագիրներէն Աղասի Այվազեանի։
7 Սեպտեմբեր 1925ին, Խորհրդային Վրաստանի Աբասթուման աւանին մէջ, հայոց պատմական Կարին քաղաքէն գաղթած հայ ընտանիքի յարկին տակ ծնաւ

Սեպտեմբերի առաջին օրերը, 106 տարի առաջ, առանձնայատուկ ոգեւորութեան պահեր ստեղծեցին Վանի եւ ընդհանրապէս հայոց աշխարհի տարածքին։
Մարտ 1908ին Դաւոյի դաւաճանութեան հետեւանքով ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ յեղափոխականները, որոնց շարքին նաեւ

Սեպտեմբերի առաջին այս օրերուն, 119 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը նուաճեց ազատագրական իր պայքարին ամէնէն հերոսական էջերէն մէկը, որ ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն ազատ ու անկախ ապրելու ազգային