Այսօր կը լրանայ մահուան դարեդարձը հայ ժողովուրդի եզակի հերոսներէն Նիկոլ Դումանի։
23 Սեպտեմբեր 1914ին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ յեղափոխական շարժման հսկաներէն Դումանը, որուն թշնամի փամփուշտը երբեք չկրցաւ խոցել, որ ճակատաբաց վերապրեցաւ ռազմի դաշտերուն վրայ ամբողջ կեանք մը իր մղած բոլոր մարտերէն, բայց որուն առողջական վիճակին քայքայումը եւ անբուժելիօրէն հիւծումը պատճառ դարձան… ինքնասպանութեան։
Անպարտելի Դումանը չհամակերպեցաւ Պաքուի մերձակայքը գտնուող թոքախտաբուժութեան առողջարանի մը կազդուրման սնարին վրայ իր… հոգեվարքի քաշքշուկին։
Մանաւանդ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւանքով - թաւալգլոր անդունդ ինկող ողջ մարդկութեան հետ - հայ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան օրհասական դժոխքի սեմին կը գտնուէր։
Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ մարտիկը եւ անվեհեր հայդուկապետի աւանդը կերտած դաշնակցականը, ի տես Արհաւիրքը դիմագրաւող սեփական ժողովուրդին պաշտպան կանգնելու իր անկարողութեան, որոշեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ այլեւս միայն ակողնի ծառայելու դատապարտուած իր հողեղէն կեանքին...
Այդպէ՛ս մեր կեանքէն ապաժամ հեռացաւ քիւրտին ու թուրքին կողմէ «Դուման» (Փոթորիկ) անուանուած յեղափոխական այս հսկան, որ ամէնէն ամբողջական եւ առինքնող մարմնաւորումներէն մէկը հանդիսացաւ հայկեան ռազմական տաղանդին եւ հայ յեղափոխական յանդգնութեան՝ իր առասպելատիպ քաջութեամբ, աներեր խիզախութեամբ եւ ռազմավարական տաղանդով։
Ինչպէս որ Դաշնակցութեան տեսաբանն ու պատմագիրը՝ «Դրօշակ»ի խմբագիր Միքայէլ Վարանդեան կը նշէ, «Վճռականութիւնը, անսասան կամքը, որոշումների պաղ եւ անյողդողդ կատարումը, կուսակցական պողպատեայ դիսցիպլինը (կարգապահութիւնը) - անհրաժեշտ գծեր են ամէն մի կռւում, եւս առաւել՝ հայոց դաժան յեղափոխական պայքարի մէջ։ Այդ գծերի անձնաւորումն էր ղարաբաղցի հերոսը եւ նրանց համար պատրաստ էր նա ամէն վայրկեան իր կեանքը զոհաբերելու։ Բարոյական ամենաբարձր սկզբունքներն իւրացրած եւ կուսակցութեան անաղարտ դրօշակի նախանձախնդիր՝ նա մարմնացած վեհանձնութիւն էր դէպի թոյլն ու անպաշտպանը - անգամ թշնամի բանակի մէջ -, բայց եւ անհաշտ ու անընկճելի էր, երբ պէտք էր պատժել յանցաւորին, լինէր դա մի թշնամի կամ ցեղակից, մի դաւաճան, մի մատնիչ կամ թէկուզ կուսակցական դիսցիպլինի դէմ մեղանչող մի անհատ»։
Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ էր Տէր¬Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ՝ իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշըրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորին։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։
1891ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները՝ անոնց ազգային-հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներուն թափ տալով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։
Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի շեշտակի տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք այս առիթով «դուման» կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակը ամրագրելով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ յատկապէս Դերիկի վանքին կռիւը։
Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս¬թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ եւրոպական միջնորդութեամբ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։
Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։
Հակառակ տարբեր շրջաններու յեղափոխական գործիչներէն հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։
Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։ Թէեւ տեղը չէ Խանասորի արշաւանքին ըստ էութեան անդրադառնալու, բայց Նիկոլ Դումանի անձին եւ գործին վրայ կարեւոր լոյս կը սփռեն արշաւանքին առընչուող երկու շեշտադրումներ։
Առաջինը՝ կը վկայէ Նիկոլ Դումանի խստակեաց նկարագրին, անոր համեստ ու անանձնական, ցուցամոլութիւնը մերժող խառնուածքին մասին։
Այսպէ՛ս, հակառակ անոր, որ Խանասորի արշաւանքը իր սեփական մտայղացումն էր եւ իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան, այսուհանդերձ՝ յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով մասնակցութեամբ։
Երկրորդը՝ կը վերաբերի Դումանի յեղափոխական վեհ սկզբունքներուն։
Դումանի կը պատկանի Խանասորի երգով յաւերժացած այն պատգամը, ըստ որուն՝ «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան»։
Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, արշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով՝ «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։
Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905ի հայ¬թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։
Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն տարածուեցաւ Կովկասով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ...
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայած էին Դումանի առողջութիւնը։
Եւ երբ 1909ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ՝ Եգիպտոս, ապա՝ Պուլկարիա։ 1910ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ վարեց՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համադրում ստեղծելու առաջադրանքով։
1911ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։ Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականին՝ 1914ի Մայիսին։
Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի՝ արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վիճակը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող Առաջին Աշխարհամարտի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսին, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։ Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման սեփական ատրճանակով ինքնասպանութիւն գործեց։
Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։
Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն միջոցին, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին։
Երբ հաւաքական մեր ճակատագրի դարբնումին մէջ այնքան վճռորոշ դեր կրնար ստանձնել հայու յեղափոխական անպարտելիութեան առաքելատիպ ղեկավարը, որ սերունդներուն պատգամեց՝
«… Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ոյժն է։ Եւ մի ազգ - եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել - պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Ն.