- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 2ին, 23 տարի առաջ, այդ ժամանակ տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ եւ Շահումեանի Շրջան անունով ծանօթ՝ հայոց հինաւուրց Արցախ Աշխարհի ժողովրդական պատգամաւորները, ատենի օրէնըսդիր իշխանութեան Մարզային եւ
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբեր 1ի այս օրը, 48 տարի առաջ, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը պաշտօնական խնդրագրով դիմեց Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ Արցախը մայր հայրենիքին վերամիացնելու պահանջով։
- Details
- Category: Յուշատետր
Օգոստոս 29ի այս օրը, 149 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ Հայ Դպրութեան հաւատաւոր առաքեալներէն Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան։
Օրմանեան Պատրիարք, իր «Ազգապատում»ի երրորդ հատորին մէջ, առանձին գլուխ մը նուիրած է Հայ Եկեղեցւոյ լայնախոհ ու յառաջդիմական այս նուիրեալին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Օգոստոս 28ի այս օրը կը լրանայ մահուան 36րդ տարելիցը հայ գրականագիտութեան արժանաւոր նուիրեալներէն Սողոմոն Սողոմանեանի։
Խորհրդային կարգերու տակ կազմաւորուած հայ գրականագէտներու ամբողջ սերունդի մը երախտաշատ ներկայացուցիչներէն եղաւ Արցախի այս զաւակը, որ իր մտաւորական պաշարն ու գիտական պատրաստութիւնը ի սպաս դրաւ Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն առանձնացուած հայ սերունդներու հոգեմտաւոր կրթութեան ու զարգացման։
- Details
- Category: Յուշատետր
Օգոստոս 27ին, 207 տարի առաջ, Փարիզի մերձակայ Պիէվրի իր տան մէջ, 67 տարեկանին մահացաւ միջազգային համբաւի տիրացած հայազգի գործիչ մը՝ Իգնատիոս Թոսունեան, որ քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհին ծանօթ դարձաւ Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ գրչանունով։